Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 463-ի

Ապրիլ 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութիւնը Որոշեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Ապահովել Եւ Համեստ Դասակարգին Պատկանող Ընտանիքներուն 400 Հազար Լ. Ոսկիի Գումար Մը Տրամադրել

 Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրին վերաբերող վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի թղթածրարը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ անդրադարձած է նախորդ երկու օրերուն ընթացքին ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող տեղեկագիրներուն եւ կարգ մը շրջաններու պարագային այդ տեղեկագիրներուն մանրամասնութիւնները մտահոգիչ նկատած: «Տիապ ընդգծեց ընդհանուր զօրաշարժը յաւելեալ խստութեամբ պարտադրելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Ան նշեց, որ վարչապետ Տիապ վերահաստատած է, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ լիբանանցիներուն առողջական ապահովութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ շեշտած, որ արտերկրի լիբանանցիները պիտի վերադառնան`  Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի ճշդած պայմաններուն համաձայն:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնած է 400 հազար լ. ոսկիի գումար մը յատկացնել համեստ դասակարգին պատկանող ընտանիքներուն` ընդգծելով, որ այդ օժանդակութիւնները պիտի բաժնուին լիբանանեան բանակին կողմէ:

«Կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովելու իմաստով նախարարական յանձնախումբին ներկայացուցած առաջարկին, պայմանով որ անոր վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններ որդեգրուին եւ բարեփոխումներ կատարուին: Արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի ծրագիրը գործադրութեան պիտի սկսի կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմինի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան լիբանանեան հաստատութիւններէն եւ ընկերութիւններէն խնդրեց նկատի ունենալ տիրող տնտեսական տագնապն ու «Քորոնա»-ի վարակին պարտադրած պայմանները, եւ կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին պատճառով իրենց աշխատանքները չկատարած պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները չզրկել անոնց ամսական աշխատավարձէն:

Եամմին կոչ ուղղեց հաստատութիւններուն եւ ընկերութիւններուն օգտուելու Կեդրոնական դրամատան շրջաբերականին համաձայն դրամատուներուն տրամադրելիք վարկերէն եւ կատարելու աշխատաւորներուն նկատմամբ իրենց նիւթական պարտաւորութիւնը:

Նշենք, որ լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ամսական աշխատավարձ ստանալու նպատակով ելեկտրոնային դրամարկղերուն մօտ նշմարուած քաղաքացիներու եռուզեռի երեւոյթը շարունակուեցաւ:

Այս երեւոյթը հակակշիռի տակ առնելու համար, Ներքին ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի մէջ նախաձեռնեցին արշաւի մը, որուն շրջագիծին մէջ անոնք դրամարկղերուն մօտ եւ անոնց շրջակայքը հսկողութիւն կատարեցին, որպէսզի քաղաքացիները այդ մեքենաներուն շուրջ չհամախմբուին եւ յարգեն իրարու միջեւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահելու սկզբունքն ու ելեկտրոնային դրամարկղը օգտագործելու համար ձեռնոցներ եւ դիմակներ օգտագործելու ցուցմունքը:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան երէկուան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն թիւը հասած է 463-ի` նշելով, որ երէկ 17 նոր պարագաներ արձանագրուած են:

Նախարարութիւնը բոլոր քաղաքացիներէն խնդրեց յանձնառու մնալ իր ճշդած ցուցմունքներուն, ինչպէս նաեւ հետեւիլ ընդհանուր զօրաշարժի եւ կրակմարի դրութեան որոշումներուն` մնալով իրենց բնակարաններուն մէջ:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ հիւանդանոցին մէջ կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 64 պարագաներ, որոնք առողջական մեկուսարաններու մէջ կը գտնուին: Անոնցմէ 4-ին առողջական վիճակը անկայուն է:

Հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրէն բժշկուողներուն թիւը կը հասնի 37-ի, իսկ մահացողներունը` 12-ի, նկատի ունենալով, որ Ժիպէյլի «Սայիտաթ Մաունաթ» հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած տարեց պարագայ մը, որ նաեւ անբուժելի այլ հիւանդութիւններէ կը տառապէր, մահացած է:

«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ, Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի յայտնեց, որ Սայտայի մէջ տակաւին ոչ ոք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` կոչ ուղղելով բոլորին յանձնառու մնալու տնային մեկուսացման:

Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին երէկ այցելեց Սուր, ուր ստուգեց առողջական մեկուսարանները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն աշխատանքները եւ պատրաստուածութիւնը` արտակարգ որեւէ կարիքի ընդառաջելու:

Իզզէտտին գնահատեց բոլորին աշխատանքը` հաստատելով, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` դիմադրելու համար այս ժահրին եւ անոր սպառնացած վտանգներուն:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար իրենք կ’ուզեն լիբանանցի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ սուրիացի եւ օտար հպատակութիւն կրող քաղաքայինները տեղեակ պահել, թէ երկրին տարածքին բոլոր գրասենեակներուն իրենց աշխատանքները ցնոր տնօրինութիւն պիտի կասեցնեն`  բաւարարուելով միայն յարաբերական գրասենեակին եւ «Լիպանփոսթ»-ի ընդմէջէն կատարուող գործառնութիւններով:

Արտերկրի Լիբանանցիներու Թղթածրար

Արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի շրջագիծին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ առաւօտեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շուրջ քսան հազար լիբանանցիներ կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան:

Ան կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց անունները արձանագրելու իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն մօտ` կազմակերպելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն ապահով տունդարձը:

Ան ըսաւ, որ մինչեւ օրս իրենց անունները արձանագրած լիբանանցիներուն տունդարձը պիտի ապահովուի` աւելցնելով, որ Լիբանան վերադարձող բոլոր քաղաքացիները պիտի ենթարկուին բժշկական քննութեան, եւ վարակուածներն ու չվարակուածները պիտի անջատուին իրարմէ` բժշկական հսկողութեամբ:

Հըթթի ընդգծեց, որ այս իմաստով բժշկական յանձնախումբեր կը գործակցին Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ:

Այս շրջագիծին մէջ, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան ողջունեց բժշկական անձնակազմը` Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանցի այն քաղաքացիները, որոնք կը փափաքին Լիբանան վերադառնալ, կ’ենթարկուին «Քորոնա»-ի ախտորոշման յատուկ բժշկական քննութեան` Լիբանան վերադարձի իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք: Ան հաստատեց, որ Ֆրանսայի մէջ կազմուած շտապը մօտէն կը հետեւի այն լիբանանցիներուն` յատկապէս ուսանողներուն, որոնք նիւթական տագնապէ կը տառապին եւ կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան:

Ատուան ընդգծեց, որ շտապը պէտք եղած հոգատարութիւնը կը տրամադրէ բոլորին, որպէսզի կարենան բնակարանային մեկուսացման փուլին մէջ մնալ:

Միւս կողմէ, նախկին փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարելու համար կառավարութեան յառաջացուցած շտապին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները օրական դրութեամբ հազար քննութեան հասցնելու` ընդգծելով, որ օրական դրութեամբ 200 քննութիւնը անբաւարար է` վարակուածները առողջական մեկուսարաններու մէջ զետեղելու:

Նախորդը

Բանակ. «Պըրժ Պարաժնէի Մէջ Անձնական Հարցի Մը Պատճառով Քաղաքացի Մը Սպաննուած Է»

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Երրորդ Արտահերթ Նիստին «Արտակարգ Դրութեան Իրաւական Դրութեան Մասին» Օրինագիծը Ընդունեց Երկրորդ Ընթերցումով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?