«Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապը Կ՛օժանդակէ Բոլոր Կարիքաւորներուն» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան
«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատասխանատու, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Էլ.Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ընդհանուր զօրաշարժը 85-90 առ հարիւրով կը յարգուի: «Այս ընթացքին, իբրեւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապ, կը փորձենք մեղմացնել ժողովուրդին բեռը` հասնելով իրենց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ դժբախտաբար ժողովուրդին հսկայական կարիքներուն դիմաց մեր կարողութիւնները սահմանափակ են: Ան հաստատեց,...




















