Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 102-ամեակի Նշում

Մայիս 30, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան  տօնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:

Հինգշաբթի, 28 մայիս 2020-ին, աշխարհի չորս ծագերէն հայորդիներ, կաթողիկոսարանին «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի ճամբով, միացան Անթիլիասի մայրավանք եւ առցանց կերպով մասնակից դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած «Գոհաբանական մաղթանք»-ին, որ տեղի ունեցաւ մայր տաճարին կողքին կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ «Նշանաւ ամենայաղթ» շարականին երգեցողութեամբ: Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան աղօթքներ եւ մաղթանքներ, ընթերցուեցան Աւետարանէն եւ առաքելական թուղթերէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Պատգամին մէջ ան ընդգծեց հաւաքական յիշողութիւններու նշումին եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելուն հրամայականը: Ան ըսաւ, որ հրաշքի համազօր երեւոյթ էր Հայաստանի անկախութեան հռչակումը` թէկուզ պատմական Հայաստանի կտոր մը հողին վրայ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ հալածանքի ու ստրկութեան ճիրաններուն մէջ կը տուայտէր, եւ նշեց, որ հրաշքը կ՛իրականանայ հոն, ուր ամուր հաւատք, կամք, ներքին միասնականութիւն եւ հայրենիքին համար նոյնիսկ արիւն թափելու սրբազան նախանձախնդրութիւն կայ: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ միշտ ալ դառն եղած են աշխարհաքաղաքական պայմանները հայ ժողովուրդին համար, եւ թէեւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կեանքը երկար չտեւեց, սակայն անկախութեան ոգին ու տեսլականը տակաւին անմեռ են` մարմնաւորուած եռագոյն դրօշով: «Սիմոն Վրացեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, հերոսներ, բարձրագոյն աստիճանի հայրենասէրներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ Անթիլիասի մայրավանքի սրբազան հողին վրայ մեզի հետ աղօթեցին, տագնապեցան, երազեցին ու պայքարեցան` ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման, ամբողջական Հայաստանին ու ամբողջական հայութեան»:

Վեհափառ հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Մայիս 28-ի պատգամը: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայու համար առաջնահերթութիւն է ներկայ ազատ եւ անկախ Հայաստանի հզօրացումը, անկախութեան ամրացումը, տնտեսութեան ծաղկումը եւ միջազգային յարաբերութիւններուն ծաւալումը: Անդրադառնալով Արցախին`

վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Արցախի անկախութեան ամուր պահպանումը, հերոս բանակին առաւել կազմակերպումը, Արցախի հայութեան իր սրբազան հողին ամուր կապուածութիւնը, իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան համար պէտք է դառնայ ամէնօրեայ տագնապ: «Չմոռնանք, որ Արցախի հզօրացումն ու անվտանգութեան ամրացումը Հայաստանի՛ հզօրացումն է: Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը մեր ազգային պահանջատիրութեան ամուր հիմքն է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Երրորդ եւ վերջին կէտին մէջ վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ 1918-ի Հայաստանի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն մասին` տնտեսական տագնապ, համաճարակ, արտաքին ճնշում եւ թշնամիներով շրջապատում, եւ յայտնեց, որ ներկայ փուլին եւս Հայաստան նոյնանման վիճակի մէջ կը գտնուի. «Զգո՜ւշ, Հայաստանի պահպանումը մեր ժողովուրդին համար գերագոյն սրբութիւն պէտք է դառնայ: Այսօր եւս, մեր պայմանները դառն են` ներքին թէ արտաքին. հետեւաբար, հայրենի մեր ժողովուրդը պէտք է հեռու մնայ բեւեռացումներ յառաջացնող, ներքին լարուածութիւն սրող, մեր ժողովուրդի ներքին ուժը ջլատող ամէն տեսակ մօտեցումներէ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով համախմբել հայութեան  ներուժը եւ յարգել Մայիս 28-ի կտակը:

 

Նախորդը

Անուանակոչութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

«Մեծ Պատերազմի Սանձազերծուելուն Պարագային Իսրայէլ Պիտի Վերանայ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?