Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Հսկէ Երթեւեկին Վերաբերող Նոր Օրէնքին Գործադրութեան, Իսկ Այսօր 4 Այլ Օդանաւեր Լիբանան Կը Բերեն Քանի Մը Հարիւր Արտերկրի Լիբանանցիներ

Կառավարութիւնը Կը Հսկէ Երթեւեկին Վերաբերող Նոր Օրէնքին Գործադրութեան, Իսկ Այսօր 4 Այլ Օդանաւեր Լիբանան Կը Բերեն Քանի Մը Հարիւր Արտերկրի Լիբանանցիներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 541-ի, Մահուան Պարագաները` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը իր որդեգրած միջոցառումները շարունակեց գործադրել նաեւ երէկ, յատկապէս հսկելով ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պարտադրուած երթեւեկի նոր օրէնքներուն գործադրութեան: Այս շրջագիծին մէջ երէկ արտօնութիւն ունէին երթեւեկելու միայն այն ինքնաշարժները, մոթորսիքլեթները կամ փոխադրակառքերը, որոնց թիւերուն վերջինը անզոյգ է, հետեւաբար ապահովութեան...

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աշխարհն ամբողջ տագնապի մէջ է: Տագնապի մէջ էինք արդէն Լիբանանի մէջ, իսկ այսօր «Քորոնա»-ի աղէտը գլեց անցաւ ամէն նախատեսութիւն: Անկախ պետական մակարդակի նախաձեռնութիւններէն, փաստօրէն իւրաքանչիւր համայնք կամ կազմակերպութիւն ինք եւս շնորհակալ գործ կը կատարէ` հասնելու ժողովուրդին եւ թեթեւցնելու անոր  պարտադրուած բեռը: Հայ համայնքը եւս իր կազմակերպուածութեամբ, սահմանափակ կարելիութիւններով առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ հասնելու իր զաւակներուն: Համայնքային...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 12 , 13 Եւ 14

Հաղորդագրութիւն Թիւ 12 Շտապի Ծառայողական Գործին Ցարդ Նուիրուած Է 127.750.000 Լ.Ո. Եւ 51.140 Ամերիկեան Տոլար Որքան Տանք, Աւելիով Օգնելու Կարող Կը Դառնանք Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ, գիտակցելով երկրին մէջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին, ազնուասիրտ հայրենակիցներ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կը կատարեն «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` մասնակցելով «Քորոնա»-ին դէմ պայքարելու ընդհանուր արշաւին: Միայն հպարտութեամբ կրնանք դիմաւորել նման ազգանպաստ վերաբերում: Վարձքը կատա՛ր բոլորին: Որքան տանք,...

Ակնարկ.   Դէպի Բնականոն  Կեանքի Հուն

Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն

Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային  պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին: Հոն, ուր ուշացած են ինքնամեկուսացման կամ մեկուսացման գործընթացները, միտումներու կշռոյթը արագ է, եւ վարակումի տարողութիւնները` բարձր: Կը տարբերին բնականաբար մահացութեան դէպքերու թիւերը: Հետեւաբար նաեւ` բուժուածներու պարագաները: Այս բոլոր վիճակագրութիւնները անընդհատ կը թարմացուին եւ կը հրապարակայնացուին: Ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմին Չինաստանը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը: Կը թուի, որ վիճակագրական սուր եւ...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Փոմփէոյին Կոչ Ուղղած Է Հայաստանի Օգնութեան Թղթածրարէն 25 Միլիոն Տոլարը Վերաբաշխելու «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարին Համար

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Փոմփէոյին Կոչ Ուղղած Է Հայաստանի Օգնութեան Թղթածրարէն 25 Միլիոն Տոլարը Վերաբաշխելու «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարին Համար

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին կոչ ուղղած է Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած Հայաստանի օգնութեան թղթածրարէն 25 միլիոնը իբրեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութեան ընդլայնուած ծրագիրի մէկ մաս վերաբաշխելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին համար: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան արտաքին գործոց նախարարին ուղարկած իր նամակին մէջ...

Լիբանան Կատարեալ Կազմակերպուածութեամբ Եւ Օրինակելի Կերպով Սկսաւ Ընդունիլ Արտերկրի Իր Քաղաքացիները

Լիբանան Կատարեալ Կազմակերպուածութեամբ Եւ Օրինակելի Կերպով Սկսաւ Ընդունիլ Արտերկրի Իր Քաղաքացիները

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 527-ի, Մահացածներունը` 18-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 55-ի «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանը, երկրին մէջ իր քաղաքացիներուն առողջական անվտանգութիւնը ապահովելու զուգահեռ, երէկ գործնական քայլերու անցաւ` ապահովելու նաեւ արտերկրի իր քաղաքացիներուն առողջական կայունութիւնը: Առաւօտեան վարչապետ Հասսան Տիապ, ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի, զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու...

Ծաղկազարդը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Ո՜վ Քրիստոս, Փրկիչ Աշխարհի, Եկո՛ւր Եւ Մո՛ւտք Գործէ Հայ Կեանքի Երուսաղէմը»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ծաղկազարդը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ո՜վ Քրիստոս, Փրկիչ Աշխարհի, Եկո՛ւր Եւ Մո՛ւտք Գործէ Հայ Կեանքի Երուսաղէմը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն հաւատացեալները կրցան հետեւիլ կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով: Պատարագը մատուցեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը` ձիթենիի ճիւղը ձեռքին, հայրապետական թափօրով ուղղուեցաւ շրջափակ, որ այս տարի բացառապէս զուրկ  էր մանուկներու քաղցր ներկայութենէն, ու...

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ինքնաշարժի Թափօրով Շրջեցաւ Հայահոծ Շրջաններու Մէջ

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ինքնաշարժի Թափօրով Շրջեցաւ Հայահոծ Շրջաններու Մէջ

Երէկ` կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագին հանդիսապետեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, իսկ պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Օշին ա. քհնյ. Գէորգեան: Սրբազան հայրը կատարեց նաեւ Անդաստան: Առցանց հետեւող հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը նախ եւ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Արցախի Ընտրութիւնները Չճանչցող Երկիրները Կը Դաւաճանեն Ժողովրդավարական Արժէքներուն Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը 3 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 31 մարտ 2020ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ կայացած նախագահական (վեցերորդ) եւ խորհրդարանական (եօթներորդ) ընտրութիւններուն, որոնց, ըստ  Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին, մասնակցեցաւ Արցախի 105.540 իրաւասու ընտրողներուն 72,7 տոկոսը (76.728 ընտրող): Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ դժբախտաբար, շարք մը պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, միանալով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մենատիրական վարչակարգերուն, արձագանգեցին` հրաժարելով տեղի...

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը Կ՛օժանդակէ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը Կ՛օժանդակէ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը 2 Ապրիլին 24 ընտանիքներու սննդամթերք բաժնած է: Ծրագիրը իրականացած է շնորհիւ երկու նուիրատուներու, որոնք ստանձնած են անհրաժեշտ սննդամթերքի փաթեթները պատրաստելու ծախսերը: Մարդկային խճողումէ խուսափելու համար Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը ինք կազմակերպեց սննդամթերքը կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները հասցնելու գործընթացը: «Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձ ընտանիքներէ ստացանք հեռաձայններ, որոնց ընդմէջէն գիտցանք, թէ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ստեղծուած պայմաններուն...

Արտերկրի Լիբանանցիները Վաղուընէ Սկսեալ Կը Վերադառնան Լիբանան

Արտերկրի Լիբանանցիները Վաղուընէ Սկսեալ Կը Վերադառնան Լիբանան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 508-ի, Մահուան Պարագաները` 17-ի, Իսկ Բուժուածները` 50-ի Ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ, Լիբանանի մէջ եւս «Քորոնա»-ի համաճարակը կը շարունակէ տառապեցնել մարդկութիւնը: Ընդառաջելով արտերկրի իր զաւակներուն Լիբանան տունդարձի փափաքին` լիբանանեան պետութիւնը վաղուընէ սկսեալ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան միջոցով պիտի սկսի արտերկրի լիբանանցիները փոխադրել Պէյրութ: Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տեղեկագիրներուն համաձայն,...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Անգամ Մը Եւս Կոչ Ուղղեց` Մնալու Տուները Եւ Պաշտպանելու Մեր Սիրելիները

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Անգամ Մը Եւս Կոչ Ուղղեց` Մնալու Տուները Եւ Պաշտպանելու Մեր Սիրելիները

Երէկ` ուրբաթ, 3 ապրիլ 2020-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի «Ահլա սապահ» յայտագիրէն: Զրոյց-յայտագիրի ընթացքին պատասխանելով հիւրընկալ լրագրողին` նախարար Օհանեան անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան` տնտեսական տագնապի եւ «Քորոնա» ժահրի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ աշխատանքին, շեշտը դնելով երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութիւններուն եւ գործելաոճին վրայ: Նախ եւ առաջ նախարարը, բնութագրելով կառավարութեան աշխատանքները, ըսաւ. «Այս...

Թէ Ինչպէս Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կը Պայքարի «Քորոնա»-ի Համաճարակին Եւ Անոր Հետեւանքներուն Դէմ («Ժումհուրիա»-ի Հարցազրոյցը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հետ)

Թէ Ինչպէս Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կը Պայքարի «Քորոնա»-ի Համաճարակին Եւ Անոր Հետեւանքներուն Դէմ («Ժումհուրիա»-ի Հարցազրոյցը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հետ)

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այն միջոցներուն եւ գործադրուած քայլերուն, որոնք կ՛որդեգրուին Պուրճ Համուտի մէջ «Քորոնա» ժահրին եւ անոր հետեւանքներուն դէմ պայքարելու: Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին շրջագիծին մէջ, կարելի է ըսել, որ քաղաքապետութեան աշխատանքը կեդրոնացաւ «Քորոնա» ժահրի մասին նախազգուշական արշաւներ կազմակերպելու, շրջանը հականեխելու եւ ընկերային հեռացումը գործադրելու: Ան...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 1 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուած «Արտակարգ դրութեան իրաւական դրութեան մասին» եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մասին» օրէնքներուն մէջ լրացումներ կատարելու նախագիծերուն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր. «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի պատճառով ստեղծուած պայմանները  պատճառաբանելով` Հայաստանի կառավարութիւնը հրատապ դրութեամբ Ազգային ժողով էր ներկայացրել «Արտակարգ դրութեան իրաւական դրութեան մասին» եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան...

Թուրքիոյ Մէջ Քանատայի Դեսպանատունը Դատապարտած Է Արցախի Ընտրութիւնները. Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատասխանած Է

Թուրքիոյ Մէջ Քանատայի Դեսպանատունը Դատապարտած Է Արցախի Ընտրութիւնները. Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պատասխանած Է

Թուրքիոյ մէջ Քանատայի դեսպանատունը 1 ապրիլին հրապարակած է յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով 31 մարտին Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման: Դեսպանատան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Քանատան կ’աջակցի ազրպէյճանական տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար այսպէս կոչուած «ընտրութիւնները», որոնք կատարուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 31 մարտին: Այդպիսի «ընտրութիւնները» կը խարխլեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ գործադրուող ջանքերը`...

Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ  Յարգանքի Տուրք` Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Յարգանքի Տուրք` Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին

Երէկ` հինգշաբթի, 2 ապրիլին, Հայաստանի եւ Արցախի պետական անձնաւորութիւններ յարգեցին 2016-ի ապրիլեան զինուորական  գործողութիւններուն ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն յիշատակը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` ընկերակցութեամբ հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինուորական ծառայողներուն` հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեանի եւ Լիպարիտ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկադի Անդրէասեանի: Բանակին մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ուշադրութիւն...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 494-ի, Մահուան Պարագաները` 16-ի, Իսկ Բուժուածները` 46-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 494-ի, Մահուան Պարագաները` 16-ի, Իսկ Բուժուածները` 46-ի

Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Պիտի Սկսի Կիրակի Օր, Իսկ Ելեւմտական Մարզի Նշանակումներն Ու Պետական Քննութիւնները Յետաձգուած Են Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին առընթեր ելեւմտական մարզին մէջ պետական նշանակումներու թղթածրարը նաեւ դարձած է փշոտ հարց: Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն բացակայեցան Մարատա հոսանքի նախարարներ Միշել...

«Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացաւ Շահէ Մակար Թասլաքճեան

«Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացաւ Շահէ Մակար Թասլաքճեան

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը հաղորդէ, որ սրտի դառն կսկիծով տեղեկացած է Շահէ Մակար Թասլաքճեանի մահուան մասին, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով պատահեցաւ 1 ապրիլ 2020-ին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ: Շտապը այս տխուր առիթով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Թասլաքճեան եւ Օհանեան ընտանիքներուն:  

Արցախի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուին 5 Քաղաքական Ուժեր, Որոնց Կարգին` ՀՅԴ-ն

Արցախի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուին 5 Քաղաքական Ուժեր, Որոնց Կարգին` ՀՅԴ-ն

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլ Պիտի Կատարուի 1 ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան հրապարակեց 31 մարտին Արցախի մէջ կայացած համապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ան նշեց, որ Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 5 քաղաքական ուժեր` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինքը, Միասնական հայրենիք կուսակցութիւնը, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւնը եւ Արցախի...

Դաւիթ Իշխանեան. «Արցախի Ժողովուրդը Խորապէս Կը Գիտակցի Իր Պատասխանատուութեան Երկրի Ապագային Նկատմամբ»

Դաւիթ Իշխանեան. «Արցախի Ժողովուրդը Խորապէս Կը Գիտակցի Իր Պատասխանատուութեան Երկրի Ապագային Նկատմամբ»

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը «Ապառաժ»-ին խնդրանքով մեկնաբանած է 31 մարտին տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները. «Մենք գիտենք, թէ ինչպիսի բարդ ժամանակաշրջանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւնները: Ոչ միայն «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած առողջապահական հարցերը, այլ նաեւ ներքին լարուած նախընտրական մթնոլորտը դժուարութիւններ յառաջացուցած էին բնականոն կարգով ընտրութիւնները կազմակերպելու համար: «Սակայն ընտրողներու աննախադէպ մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, որ...

Page 446 of 797 1 … 445 446 447 … 797

Արխիւներ