Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Թովմասեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Մայիս 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 մայիսին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ` Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերուն եւ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած թեկնածուներուն հետ կայացած հանդիպումներու ծիրին մէջ: Անոնց նպատակը հանրապետութեան նախագահի` համերաշխութեան ու հանդուրժողականութեան ուղերձի ծիրին մէջ, քաղաքական ուժերուն եւ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած թեկնածուներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն մշակումն է:

Շնորհաւորելով Ազգային ժողովի նախագահ ընտրութիւնը` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ողջունեց նոր կարգավիճակով Արթուր Թովմասեանի այցելութիւնը ՀՅԴ գրասենեակ եւ յոյս յայտնեց, որ բարձր մակարդակի համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: Դաւիթ Իշխանեան կարեւոր նկատեց հանդիպումներու նախաձեռնութիւնը եւ համոզում յայտնեց, որ անոնք կարելիութիւն կու տան անդրադառնալու առկայ հիմնախնդիրներուն:

Արթուր Թովմասեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի դատը Հայ դատի բաղկացուցիչ մաս է, եւ այդ առումով ՀՅԴ-ին հետ որեւէ տարակարծութիւն չի կրնար ըլլալ: Ան տեղեկացուց, որ մինչեւ Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան հիմնադրութիւնը ինք եղած է ՀՅԴ-ի համակիր եւ բոլոր համապետական ընտրութիւններուն քուէարկած է ՀՅԴ-ի օգտին:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի տագնապի լուծման օգտին ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն ծաւալած աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ Արցախի ճանաչման ու զարգացման վերաբերող իր ծրագիրները: Արթուր Թովմասեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն հսկայական փորձառութիւն ունի այդ առումով: Անոր կարծիքով, իբրեւ կայացած կուսակցութիւն, ՀՅԴ-ի փորձառութիւնը կրնայ օրինակելի ըլլալ Արցախի մէջ գործող միւս կուսակցութիւններուն համար:

Դաւիթ Իշխանեան պատահական չնկատեց այն հանգամանքը, որ նորընտիր Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը կը գլխաւորէ ՀՅԴ-ի անդամ Վահրամ Բալայեանը: Ան համոզմունք յայտնեց, որ անկէ պիտի շահի երկիրը, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը: Դաւիթ Իշխանեան շեշտեց, որ Արցախը եւ ՀՅԴ-ն բնական դաշնակիցներ են, եւ բոլոր յաջողութիւններն ու անյաջողութիւնները նաեւ ՀՅԴ-ինն են:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց սահմանադրական բարեփոխումներու եւ կառավարման համակարգին մէջ խորհրդարանի դերի բարձրացման հարցը:

Արթուր Թովմասեան հաստատեց այդ միտքը եւ աւելցուց, որ ինք միշտ ալ կողմ եղած է երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգին: Ան հաստատեց, որ իբրեւ Ազգային ժողովի նախագահ, յառաջիկային ամէն ինչ պիտի ընէ պետական համակարգին մէջ իբրեւ անկախ մարմին Ազգային ժողովի դերի բարձրացման համար:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Հետախուզական-Ներթափանցման Փորձ` Բանակի Զօրամասերէն Մէկուն Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?