
28 մայիսին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը այցելեց հանրապետութեան երախտաւոր հայ մեծանուն գործիչներու շիրիմները` յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ծաղիկներ զետեղելու համար: