Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց տօնակատարութիւն, որուն հետեւեցան Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն բազմահազար հայորդիներ: Սփռումը կատարուեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն` ՀՅԴ Լիբանան, ARF Lebanon, Tashnag – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն/Armenian Revolutionary Federation եւ Yerkir Media TV ֆէյսպուքեան էջերէն` առանձնաբար:
Պատգամներով, ողջոյնի խօսքերով եւ վկայութիւններով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Երուանդ Փամպուքեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան: Գեղարուեստական բաժինին մասնակից դարձան Հայաստանէն, արտասահմանէն եւ Լիբանանէն արուեստագէտներ: Այս առիթով ելոյթ ունեցան նաեւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ «Քնար» պարախումբը: Յայտագիրին մասնակից դարձան նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտները:
Ձեռնարկի կազմակերպչական, նկարահանումի եւ սփռումի աշխատանքներու իրականացման համար յառաջացած էր յատուկ յանձնախումբ մը: