Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի Միջեւ
Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ին, Արցախի նախագահ տիար Բակօ Սահակեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ մօտէն իմանալու ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Այս առիթով անոնք նաեւ խորհրդակցեցան Արցախի առնչուած հարցերու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Արցախի մեր ժողովուրդը չէ ազդուած «քորոնավիրուս»ի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ ողջունեց Արցախի յառաջիկայ...


















