Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ հոգեւոր դասը 28 մայիսին Սարդարապատի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներու յիշատակին:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնին եւ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:
Պետական այրերը նախ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ, ապա յարգանքի տուրք մատուցեցին` Տէրունական աղօթքով:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, այս տարի մայիս 28-ին արգիլուած էր քաղաքացիներուն մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր:



