Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Հայոց Պետականութեան Վերականգնման 102-ամեակի Նշում

Յունիս 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, հայոց պետականութեան վերականգնման տօնին առթիւ Արցախի մէջ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութիւն մը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ տարբեր մարմիններու անդամներ, երիտասարդներ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն երթով ուղղուեցան դէպի Բեկորի յուշակոթող, ուր կայացաւ երդման արարողութիւն, եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի շարքերը համալրուեցան նորագիրներով:

Այնուհետեւ տօնական օրը շարունակուեցաւ խարոյկի շուրջ` նշելով մայիսեան յաղթանակները, հայոց պետականութեան վերականգնումը:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Սերգեյ Շահվերդեան, շնորհաւորելով շարքերը անցած երիտասարդները, նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միատեսակ, միակերպ մտածելակերպով կը համախմբէ աշխարհով մէկ սփռուած հայերը: «Կան բազմաթիւ, բազմանպատակ երիտասարդական միութիւններ, բայց դուք բացառիկ էք, որովհետեւ դուք կը միաւորուիք սրբազան գաղափարի շուրջ եւ կը սկսիք մաս կազմել համահայկական կազմակերպութեան», յայտնեց Ս. Շահվերդեան:

ՀՅԴ շարքերը անցած նորագիրներուն կնքահայրը ազատամարտիկ Հրաչ Թադեւոսեանն էր: Ան, ներկաները շնորհաւորելով Մայիս 28-ի ազգային-պետական կարեւորագոյն տօնին առիթով, վստահութիւն յայտնեց, որ` որպէս նախորդներու շարունակութիւն, նոր սերունդն ալ իր նպաստը պիտի բերէ պետութեան կայացման, ամրացման ու հզօրացման գործին:

Հրաչ Թադեւոսեան խորհրդանշական համարեց երդման արարողութեան վայրը, քանի որ Աշոտ Բեկորի նման հայրենիքի զաւակներ պարգեւած մարդիկ անպարտելի են: «1918-ի պետականակերտման գործի շարունակութիւնը եղաւ Արցախեան շարժումը եւ անկախութեան հռչակումը: Եւ թէպետ շատ թանկ գնով, բայց այդ յաջողութիւնը ամրագրուեցաւ նաեւ Արցախի հինաւուրց եւ սրբազան տարածքին մէջ: Մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչները` երիտասարդները, պէտք է աւելի ուշադիր ըլլան եւ ներկայ լրահոսի, զանազան թիւրիմացութիւններու այս տեղապտոյտի մէջ կարողանան ճշմարիտ արժէքները գնահատել եւ ընթանալ իրենց սրտի թելադրած ուղիով», նշեց Հրաչ Թադեւոսեան:

Ըստ անոր` պետականութեան ակունքներուն մէջ կանգնած քաղաքական կազմակերպութեան անդամակցելով` նորագիրները կարելիութիւն պիտի ունենան ՀՅԴ-ի փորձառութիւնը, կարելիութիւնները ուղղել երկրի շէնացման, զարգացման, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման:

Երդման արարողութենէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, որ նշեց, թէ դաշնակցական ըլլալը բաւական ծանր ու պատասխանատու առաքելութիւն է: Ան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` կարեւոր նկատելով դարաւոր պայքարէ ետք հայոց պետականութեան վերականգնումը:

«Մայիս 28-ին վերականգնեցաւ դարերով կորսուած պետականութիւնը, որ մեր երազներու, նպատակներու մարմնացումն է: Այս օրերուն աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ուր կայ հայութիւն եւ բնականաբար` Դաշնակցութիւն, կը տօնուի Մայիս 28: Բայց ուր ալ տօնուի, բոլորին ուշադրութիւնը անկեղծօրէն կ՛ուղղուի դէպի Արցախ ոչ թէ այն առումով, որ այստեղ կը ձեւաւորուի նոր իշխանութիւն, այլ այն առումով, թէ ինչ ուղղութեամբ կը շարժի Արցախը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գիտակցի իր առաքելութեան, մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի այդ պարտականութիւնը», նշեց Դ. Իշխանեան` վստահութիւն յայտնելով, որ ոչ միայն նորագիրները, այլ նաեւ տասնամեակներ շարունակ ծանր պատասխանատուութիւն կրող դաշնակցական ընկերները, համակիրները, ՀՕՄ-ականները առիթներ ունեցած են եւ դեռ պիտի ունենան պատուով իրականացնելու այդ առաքելութիւնը:

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Արայիկ Յարութիւնեանի Առաջին Պաշտօնական Հանդիպում Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Ճորճ Ֆլոյտի Մահէն Ետք Յառաջացած Ցոյցերը Հակակշռելու Նպատակով Կրակմար` Ամերիկեան Կարգ Մը Քաղաքներու Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?