Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին, երէկ, կիրակի, 31 մայիս 2020-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մըզհերի «Մայիս 28» պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման առցանց ձեռնարկ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հուրի-Փափազեան-Էմմիեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները բեմ հրաւիրեց Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որուն կատարած տէրունական աղօթքէն եւ օրհնութեան խօսքէն ետք ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, իսկ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա, յանուն ՀՅԴ «Ն.Աղբալեան» կոմիտէութեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղին, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ ԼԵՄ-ի Հայաստան մասնաճիւղին «Մայիս 28» յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան:
Օրուան բանախօսն էր Վաչէ Ծատուրեան, որ խօսքը սկսաւ մէջբերելով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներէն` Արամ Մանուկեանի «Երեւանը չենք դատարկի» վճռակամ կեցուածքը` թրքական գրոհին դէմ: Ապա պատմական յետադարձ ակնարկով Ծատուրեան հանգամանօրէն ներկայացուց այն դառն պայմաններն ու մարտահրաւէրները, որոնց դիմակալումով հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք յաջողեցաւ կերտել Հայաստանի անկախութիւնը: Բանախօսը հրաշքի համազօր նկատեց ոչինչէն կերտուած նորանկախ հայրենիքը: Ծատուրեան նաեւ թուեց Հայաստանի կառավարութեան իրագործումները` կրթական, դիւանագիտական, ընկերային թէ այլ ոլորտներու մէջ եւ դրուատեց Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ անոնց նմաններուն նուաճումները:
Ան մէջբերեց Աղբալեանի հետեւեալ խօսքը. «Երգը չթողեց, որ մարտիկ դառնամ, սուրը չթողեց, որ երգիչ դառնամ» ու լուսարձակի տակ առաւ Աղբալեանի կրթական իրագործումները:
«Դժբախտաբար, Հայաստանի անկախութեան կեանքը երկար չեղաւ, ուրիշներու նման, Աղբալեան եւս բանտ նետուեցաւ, բայց բարեբախտաբար, փետրուարեան ապստամբութիւնը զինք ու ընկերները ազատեց բանտէն», ըսաւ ան` շարունակելով. «Սեւրի դաշնագիրը, որ կ՛ամրագրէր Հայաստանի սահմանները, շուտով պիտի մոռցուէր տխրահռչակ Լոզանի դաշնագիրով»: «Այսուամենայնիւ, Հայաստանի հանրապետութիւնը կերտող հիմնադիրներ հասան Սփիւռք ու իրենց հետ բերին ոգեկան Հայաստանը, ոգեղէ՛ն էութեամբ` Շանթ, Աղբալեան, Նժդեհ, Օհանջանեան, Վրացեան ու շատ-շատ ուրիշներ»: Բանախօսը նաեւ բարձր գնահատեց անկախութեան կերտիչներու ուշագրաւ մօտեցումը հայ իգական սեռին նկատմամբ, երբ խորհրդարանական առաջին ընտրութեան իսկ երեք հայուհիներ ընտրուեցան պատգամաւոր եւ հեռաւոր Ճափոնի մէջ Տիանա Աբգար նշանակուեցաւ դեսպան:
Ապա Վաչէ Ծատուրեան զուգահեռ մը գծեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ներկայիս հոն տիրող իրավիճակին միջեւ` հաստատելով, որ տարբերութիւնները խիստ հակասական եւ ուշագրաւ են:
Ապա կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը իր բազուկին ուժով պարտադրեց իր գոյատեւման կամքը:
«Հաւաքուած ենք այստեղ նշելու մեր ժողովուրդին անկախութեան տարեդարձը, դարերու ստրկութենէ ետք հայ ժողովուրդը իր բազուկի ուժով իր ապրելու կամքը պարտադրեց իր շրջապատին եւ ամբողջ աշխարհին: Ահեղ մարտերով իր կամքը պարտադրող նահատակ մեր ժողովուրդի սերունդը այսօր տակաւին արեան ճամբով կ՛ապրի ամբողջ հայաշխարհի տարածքին», ընդգծեց ան: «Պատի՛ւ անոնց, պատիւ անոնց զոհաբերութիւններուն: Յարգանքով կը խոնարհինք նուիրեալներու յիշատակին առջեւ, որովհետեւ անոնք մեր ժողովուրդի ճակտէն սրբեցին ստրկութեան դրոշմը եւ մեր ազգութեան վերադարձուցին մեծերու կարգին ոտքի կանգնելու իրաւունքը», ընդգծեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Այս առթիւ սրբազան հայրը շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը` շեշտելով, որ հայ ազգի անկախութեան համար պարտաւոր ենք զոհաբերելու ամէն ինչ, որպէսզի յաւերժ ապրին Հայաստանն ու հայութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին «Գինի լից» երգով հանդէս եկաւ լիբանանահայ երգիչ Հրաչ Կայծակեան:
Նշենք, որ ձեռնարկը միաժամանակ սփռուեցաւ առցանց «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Դիմատետրի էջերէն: