Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Անոր Ընտանիքի Անդամները Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով

Յունիս 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր ընտանիքի անդամները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով. անոնց քննութեան արդիւնքը դրական եղած է:  Այս մասին վարչապետը յայտնեց դիմատետրի իր էջի ուղիղ սփռումով:

«Երէկ պարզուած է, որ «Քորոնա» ժահրի քննութիւնը դրական է, կ’ուզեմ ըսել, որ որեւէ ախտանշան չեմ ունեցած: Առաջնագիծ մեկնելու ծրագիր կար, որոշեցի քննութեան ենթարկուիլ, եւ անիկա դրական էր, որմէ ետք քննուեցաւ նաեւ ամբողջ ընտանիքս` բոլորս վարակուած ենք «Քորոնա» ժահրով: Մենք չունինք որեւէ ախտանշան, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ամէն օր աշխատանքի ներկայանալու ժամանակ, ինչպէս կարգն է, ջերմաչափուած եմ եւ չեմ ունեցած ջերմութիւն», կը նշէ վարչապետ Փաշինեան:

Խօսելով վարակուելու մասին` Հայաստանի վարչապետը կը նշէ, թէ ակնյայտ է, որ ընտանիքի անդամները վարակուած են իրմէ: Ան կը նշէ, որ կը կռահէ, թէ ինչպէ՛ս վարակուած է:

«Վարակուած եմ աշխատանքային խորհրդակցութիւններէն մէկուն ընթացքին: Դէպք մը արձանագրած են, որ մէջս տպաւորուած է: Խորհրդակցութիւններու ժամանակ կը դրուին ջուրի բաժակներ, եւ ես օր մը արձանագրեցի, որ այդ բաժակները կը դրուին առանց ձեռնոցի: Տեղւոյն վրայ նկատողութիւն ըրի եւ առաջարկեցի փոխել, բայց կ’ենթադրեմ, որ ատկէ առաջ ալ նոյնը եղած է, եւ այդ մատուցողին մօտ նոյնպէս հաստատուած է «Քորոնա» ժահրը», կը նշէ վարչապետը:

Հակահամաճարակային կանոններու պահպանումը փաստօրէն չէ օգնած իրենց, բայց վարչապետը համոզուած է, որ առնուազն կառավարութեան մէջ իրմէ մարդ չէ վարակուած կամ քիչ մարդ վարակուած է:

«Պիտի շարունակեմ աշխատիլ` վարչապետի կեցավայրէն: Ունիմ բոլոր կապի միջոցները, մնացեալ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, աշխատասենեակ: Որքան պէտք ըլլայ պիտի աշխատիմ այստեղէն, վստահաբար, մեկուսացած պայմաններու մէջ: Մեր ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը կը մնայ նոյնը, մենք պէտք է սորվինք ապրիլ «Քորոնա» ժահրին հետ: Բոլորիս համար նոյն վիճակն է` չունինք ջերմութիւն եւ ախտանշաններ, բայց պէտք է հետեւինք, որովհետեւ կրնան այդ ախտանշանները որեւէ պահու ի յայտ գալ: Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ վարակած չըլլանք մեր մեծ մայր-մեծ հայրերը, միջնորդաւորուած վարակի աղբիւր հանդիսացած չըլլանք», կը նշէ վարչապետ Փաշինեան` յորդորելով քաղաքացիները միշտ դիմակ կրել, ինչպէս նաեւ պարբերաբար ախտահանել ձեռքերը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան

Յաջորդը

Ակնարկ. «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարուան Պայմանաժամի  Առաջարկ Ընողները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարուան Պայմանաժամի Առաջարկ Ընողները

Դեկտեմբեր 9, 2025
Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման  Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Ալիեւին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեմ Ձեզի  Փաշինեանի Հետ Միացեալ Նամակին Համար,  Որով Թեկնածութիւնս Կ՛առաջադրէք Նոպելեան  Խաղաղութեան Մրցանակին»
Հայկական

Ալիեւին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեմ Ձեզի Փաշինեանի Հետ Միացեալ Նամակին Համար, Որով Թեկնածութիւնս Կ՛առաջադրէք Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?