Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ – Կիպրոս Բարեկամութեան Շրջանակի Կազմութիւն

June 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 10 յունիսին Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը` «Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակ ձեւաւորելու նպատակով: Ան հրաւիրուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան:

Խորհրդակցութեան բացումը կատարելով` Թովմասեան նշեց, որ 6 մարտին Կիպրոսի մէջ յայտարարուած է Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ ստեղծելու մասին: Շրջանակին կ՛անդամակցին Կիպրոսի խորհրդարանի, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ:

«Շրջանակի հետ համագործակցութիւնը գործնական դաշտ տեղափոխելու նպատակով` անհրաժեշտ կը նկատեմ Արցախի խորհրդարանի հովանիին տակ կազմել Արցախի մէջ Կիպրոսի հետ բարեկամութեան շրջանակ», ընդգծեց Արթուր Թովմասեան:

Հրապարակելով Արցախ-Կիպրոս բարեկամութեան շրջանակի կազմը` խորհրդարանի ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ անիկա կ՛ընդլայնուի եւ իր գործունէութեամբ կը նպաստէ թէ՛ Արցախի միջազգային ճանաչման, եւ թէ Արցախի եւ Կիպրոսի միջեւ գործնական յարաբերութիւններու սերտացման:

«Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակի անդամներն են Արթուր Թովմասեան (շրջանակի նախագահ-Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ), Արմինէ Ալեքսանեան (ընդհանուր քարտուղար), Աշոտ Ղուլեան (6-րդ գումարման ԱԺ նախագահ), Գեղամ Ստեփանեան («Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն), Արթուր Մոսիյեան  եւ Վահրամ Բալայեան («Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն), Դաւիթ Գալստեան (Արցախի «Արդարութիւն» խմբակցութիւն), Սէյրան Հայրապետեան եւ Գոհար Սարգսեան («Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւն), Արթուր Յարութիւնեան, Արամ Գրիգորեան եւ Արմէն Յակոբեան («Ազատ հայրենիք» խմբակցութիւն), Լեռնիկ Յովհաննիսեան (Արցախի պետական համալսարանի դասախօս), Ռոբերտ Ղահրամանեան (ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար), Սիրանուշ Սարգսեան (ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողով), Սոֆի Իւանիտիս (Արցախի յունական համայնքի ներկայացուցիչ), Բարեկամութեան շրջանակի քարտուղար` Լիլիթ Ասրեան (ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինի վարիչ):

Ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները` Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերուն` Կիպրոսի մէջ շրջանակի ստեղծման առումով ցուցաբերած անգնահատելի աջակցութեան համար:

Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան նշեց, որ ՀՅԴ կառոյցները հետեւողական աշխատանք կը տանին, որպէսզի Արցախի բարեկամներու շրջանակը օրէ օր ընդարձակուի: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերու ջանքերուն շնորհիւ 6 մարտին Կիպրոսի մէջ ձեւաւորուած է Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ, որուն մաս կը կազմեն պատգամաւորներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ: Յանձնախումբի ձեւաւորման առումով Վահրամ Բալայեան կարեւոր նկատեց երկկողմանի այցելութիւնները, միացեալ աշխատանքը:

«Բարեկամութեան շրջանակներու ընդլայնումը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Արցախի միջազգային ճանաչման համար, լոպիական աշխատանք կը կատարուի` այդպիսով իսկ թոյլ չտալով, որ իրականութեան դառնան Ազրպէյճանի հակահայ ծրագիրները», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դիմած Է Երկրի Կառավարութեան` Շարունակելու Օգնութիւնը Արցախին Եւ Հայաստանին

Յաջորդը

Անգարայի Վարչական Դատարանը Որոշում Տուած Է Յօգուտ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.