Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դիմած Է Երկրի Կառավարութեան` Շարունակելու Օգնութիւնը Արցախին Եւ Հայաստանին

June 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դիմած է Ծերակոյտին` Օտարերկրեայ գործողութիւններու հարցերու յանձնախումբի Յատկացումներու ենթայանձնախումբին` կոչ ուղղելով ընդլայնելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող օգնութեան չափը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»¬ը` մանրամասնելով, թէ տուեալ ազդեցիկ ենթայանձնախումբը կը կազմէ 2021 թուականի ելեւմտական տարուան օտարերկրեայ օժանդակութեան վերաբերեալ օրինագիծի իր տարբերակը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու տնօրէն Թերեզա Երիմեան, դիմելով ենթայանձնախումբին, ընդգծած է այն կարեւոր դերակատարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները կրնան ունենալ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքներու վերացման հարցին մէջ:

«Մենք ենթայանձնախումբի անդամներէն կը խնդրենք վարչակազմը խրախուսել Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան թղթածրարին մէջ առնուազն քսանհինգ միլիոն տոլար ներառել եւ այդպիսով օգնել կառավարութեան` յաղթահարելու «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամի յառաջացուցած երկարաժամկէտ տնտեսական հետեւանքները», նշած է Երիմեան` յիշեցնելով Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման ահագնացող կշռոյթին մասին:

Երիմեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի մէջ «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան ականազերծման աշխատանքներու ֆինանսաւորման կարեւորութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներու` Արցախին օգնութեան ծրագիրը շատ փոքր ծախս է, սակայն ատիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ հսկայական ներդրում է խաղաղութեան հարցին մէջ», ընդգծած է Երիմեան:

Բացի ատկէ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներէն Հայաստանի համար 90 միլիոն տոլար օգնութիւն խնդրեց` զուգահեռաբար մտահոգութիւն յայտնելով Ազրպէյճանին զինուորական օգնութիւն յատկացնելու առնչութեամբ: Խօսքը` Պաքուին հարիւր միլիոն տոլարնոց օգնութեան թղթածրարի մասին է:

Ըստ Երիմեանի, Ուաշինկթըն կա՛մ պէտք է դադրեցնէ Պաքուին զինուորական օգնութեան տրամադրումը, կամ ալ պէտք է հաւասարեցնէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ուղարկուող իւրաքանչիւր տոլար:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Արցախ – Կիպրոս Բարեկամութեան Շրջանակի Կազմութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.