Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ուժային Կառոյցներուն Մէջ Փաշինեան Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարէ Այնքան Ատեն, Որ Անոնք Տակաւին Չեն Ծառայեր Ներքին Ճնշումներուն»

June 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ուժային կառոյցներուն մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան փոփոխութիւններ պիտի կատարէ այնքան ատեն որ այդ համակարգերը տակաւին ամբողջութեամբ չեն ծառայեր երկրին մէջ ներքին ճնշումներուն:

«Կը կարծեմ, թէ երբ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը աշխատանքէ զերծ կը կացուցեն, պէտք է գոյութիւն ունենայ պատճառաբանուած պարզաբանում, ասիկա շատ կարեւոր է երկրի թափանցիկ կառավարման տեսանկիւնէն: Այս ալ արդէն քանի՛երորդ դէպքն է, երբ աշխատանքէ զերծ կը կացուցեն բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, եւ մենք պաշտօնական բացատրութիւն չենք ստանար: Երկրորդը` ակնյայտ է, որ յատկապէս ուժային կառոյցներու մէջ Նիկոլ Փաշինեանը փոփոխութիւններ պիտի կատարէ այնքան ատեն որ, այդ համակարգերը դեռ ամբողջութեամբ չեն ծառայեր երկրին մէջ ներքին ճնշումներու: Այս բոլորը ես կը դիտարկեմ այս տեսանկիւնէն, եւ այս է եղածին տրամաբանութիւնը», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական խորհուրդի հրատապ նիստի յայտարարութեան` ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն այս առումով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին գծով բազմիցս տուած է իր գնահատականներն ու արժեւորումները, ներկայացուցած է պահանջ, օրակարգ:

«Մենք 7 օր առաջ ալ հանդէս եկանք յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսուէր, որ Ազգային ժողովը պէտք է հրատապ յատուկ նիստ գումարէ, ստեղծուած իրավիճակին ամբողջական գնահատական տայ, պատասխանատուութեան կանչէ ձախողած պաշտօնեաները, եւ միասին  գտնեն ելքեր այս իրավիճակին համար:  Իսկ ինչ կը վերաբերի  համախմբումին, անիկա պէտք է ըլլայ օրակարգի շուրջ, եւ պէտք է բխի ժողովուրդի շահերէն: Ընդհանուր մթնոլորտը հասցուցած է այն իրավիճակին, որ անյապաղ պէտք է քայլերու ձեռնարկել ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար: Շատ բնական է, որ ընդդիմադիր դաշտի շարք մը կուսակցութիւններ տարբեր դիրքորոշումներ յայտնեն եւ առաջարկներ ներկայացնեն ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով: Այս իրավիճակին մէջ ատիկա շատ բնական է, չխօսիլ իրավիճակի մասին եւ նայիլ, թէ երկիրը ինչպէս կը գլորի անդունդը, ա՛յդ  յանցագործութիւն է», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը, անդրադառնալով համագործակցութեան կարելիութիւններուն, ըսաւ, որ իրենց համար կարեւոր է` ի՛նչ հարցերու շուրջ եւ ի՛նչ օրակարգով պիտի ըլլայ համագործակցութիւնը:

Իշխան Սաղաթէլեան կարելի կը նկատէ արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները պէտք է կազմուին ընտրութիւններու միջոցով:

«Կայ երկրին մէջ կառավարման ճգնաժամ, իշխանութիւնը ընդունակ չէ լուծելու երկրին դիմաց ծառացած խնդիրները: Մենք այս մասին խօսած ենք տակաւին մէկ տարի առաջ, իշխանութիւններուն դեղին քարտ ցոյց տուած ու ըսած ենք` լրջացէ՛ք, կեդրոնացէ՛ք մեր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման վրայ», յայտնեց ան:

Նախորդը

Նշանակուած Է ԱԱԾ-ի Տնօրէն, Բանակի Ընդհանուր Հրամանատար Եւ Ոստիկանապետ

Յաջորդը

Գերմանիան «Բարդ» Կ՛որակէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.