Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը, ԱԱԾ-ի Տնօրէնն Ու Ոստիկանապետը

June 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 յունիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  համապատասխան կառոյցներու աշխատակազմերուն ներկայացուց բանակի նոր ընդհանուր հրամանատարը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նոր տնօրէնն ու նոր ոստիկանապետը:

Ան բարձրագոյն սպայակազմին ներկայացուց բանակի նոր ընդհանուր հրամանատարը` Օննիկ Գասպարեանը` դիտել տալով, որ ան նոր մարդ չէ զինուած ուժերուն մէջ, այլ երկար ատենէ արդէն փոխհրամանատարի պաշտօն վարած է:

Վարչապետը հաստատեց, որ զինուորականութիւնը կայացած կառոյց է Հայաստանի մէջ` աւելցնելով, որ Հայաստանի հիմնական ուժն ու երաշխիքը զինուորականութիւնն է:

Նոյն օրը վարչապետ Փաշինեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար կազմին ներկայացուց ԱԱԾ նոր նշանակուած  տնօրէն Արգիշտի Քեարամեանը, իսկ ոստիկանութեան ղեկավար կազմին` նոր նշանակուած ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեանը:

Խօսելով ոստիկանութեան աշխատանքին մասին` վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ վերջին 3 ամիսներուն ոստիկանութիւնը շատ ծանր, անդադար աշխատանք կատարած է, որուն արդիւնքով շատ մեծ ներուժ սպառուած է:

Ներկայացնելով ԱԱԾ նոր նշանակուած տնօրէնը` վարչապետը նշեց, որ ԱԱԾ-ն ուժեղ եւ կայացած կառոյց է, բայց պէտք է արձանագրենք նաեւ, որ մարտահրաւէրները եւ անոնց արձագանգելու թափը, արագութիւնն ու  որակը անընդհատ բարելաւուելու եւ բարեփոխուելու կարիք ունին:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Նախագահը Աշխատանքային Քննարկում Կատարեց Առողջապահութեան Մարզի Մասնագէտներուն Հետ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.