Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պիտի Պայքարինք Թէ՛ Քաղաքական, Թէ՛ Իրական «Քորոնա» Ժահրը Տարածողներուն Դէմ»

June 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Դաշնակցութեան հասցէին եղած արտայայտութիւններուն, ըսաւ.

«Ցաւօք, ստիպուած ենք արձանագրելու, որ քանի՛ երորդ անգամն ըլլալով, ի պատասխան քաղաքական խօսքի եւ հարցադրումներու, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կը հնչեն փողոցային բառապաշարով գնահատականներ եւ արտայայտութիւններ:

«Այո՛, Դաշնակցութեան մօտեցումներուն եւ սկզբունքներուն մէջ բան չէ փոխուած:

«Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրական «Քորոնա» ժահրը տարածողներուն դէմ:

«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական աղբանոցին մէջ յայտնուելուն, ապա ակնյայտ է, որ այս հարցին մէջ խորապէս մտահոգուելու պատճառ ունի  օրուան իշխանութիւնը»:

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր դաշտին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ ընդդիմութեան հաւանական համախմբման մասին «Երկիր»-ին հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ երկրին մէջ կացութիւնը իսկապէս տագնապալի է: «Իշխանութիւնը ձախողած է բոլոր ուղղութիւններով: Անիկա կը շարունակէ չընկալել ստեղծուած ճգնաժամը` իր ամբողջ խորութեամբ եւ սրութեամբ: Անընդունելի եւ դատապարտելի է նաեւ հնչող քաղաքական հարցադրումներուն վերաբերեալ իշխանութեան ցուցաբերած վարքագիծը: Քաղաքական հակադարձութիւնները կ՛արժանանան հիւանդագին արձագանգի, որոնք կ՛արտայայտուին քրէական գործեր յարուցելու սպառնալիքով եւ հետապնդման ձեւերով քաղաքական ընդդիմութիւնը լռեցնելու փորձերով», ըսաւ ան:

Ըստ անոր` այս իրավիճակին մէջ համախմբումը այլընտրանք չունի: «Սակայն իրական համախմբումը կրնայ տեղի ունենալ միայն յստակ օրակարգի շուրջ: Մեր համոզումով, այդպիսի օրակարգ պէտք է միտուած ըլլայ ճգնաժամը յաղթահարելուն եւ երկիրը զարգացման ազգային- պետական ուղեգիծ տեղափոխելուն: Այսպիսի օրակարգի առջեւ մղումը կը պահանջէ ձեւաւորել լայն համախոհութեամբ նախաձեռնող խումբի, որուն հիմնական ընելիքը պէտք է ըլլայ օրակարգի շուրջ ժողովրդական լայն աջակցութիւն ապահովելը: Վերջապէս` իշխանութեան ձեւաւորման եւ զայն փոխելու միակ իրաւատէրը ժողովուրդն է», շեշտեց Սաղաթէլեան:

 

Նախորդը

Անգարայի Վարչական Դատարանը Որոշում Տուած Է Յօգուտ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան

Յաջորդը

Սլաք. Իսկ Մտայնութի՞ւնը…

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.