Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 6
Բառին ամբողջական առումով, բոլորս ալ կ՛ապրինք ճգնաժամային պայմաններու մէջ: Անգործութեան, դրամի արժեզրկումին ու աննախընթաց սղաճին յաջորդեց «Քորոնա» ժահրով սկսած համաշխարհային աննախընթաց տագնապը, որ ոչ միայն անդամալուծեց ու մեզ արգելափակեց մեր բնակարաններուն մէջ, այլեւ, տասնեակ հազարաւոր զոհեր խլելով, խորհրդաւոր պայմաններով շարունակեց տարածուիլ աշխարհի բոլոր անկիւնները: Վստահ էինք, որ տուեալ արտակարգ պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները մեզ պիտի մղէին կազմակերպ աշխատանքի:...



















