Ակնարկ. Հրապարակե՛լ Պետական Ծրագիրը` Մայիս 28-ի Համահայկական Տօնակատարութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսութեան ընթացքին մեր երկրի վարչապետը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը բնութագրեց իբրեւ մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալը: Առաքելատիպ կենսագործունէութիւն ամրագրած ըլլալու փաստերու ընդգծումով նման բարձր գնահատականներ հնչեցին նաեւ Սարդարապատի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին պաշտօնական ուղերձներուն ընդմէջէն: Կը գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին: Ներկայ պայմանները կը յուշեն, որ տօնակատարութիւնները արտակարգ դրութեան...



















