ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի պատուիրակութիւնը 7 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի իշխող ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Խարիս Եորղիաթիսի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են կիպրահայ գաղութը յուզող Հայ դատի, Կիպրոսի, Արցախ-Կիպրոս բարեկամական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններու հետ կապուած հարցեր:
ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Սիմոն Այնեճեան, Րաֆֆի Մահտեսեան եւ Նարեկ Դաւիթեան:
Կիպրոսի կոմիտէի ձեռնարկած յատուկ օրակարգով քաղաքական հանդիպումները պիտի շարունակուին Կիպրոսի քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն հետ: