Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենադարձ Ընտանիքներու Ամէնէն Մեծ Խնդիրը Աշխատանք Գտնելն Է

Յուլիս 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 8 յուլիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսը:

Յանձնախումբի համակարգողներ Սիմոն Գաֆալեանը եւ Ժիրայր Պէօճէքեանը ներկայացուցին ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ Հայաստանի մէջ ապրող հայրենադարձներու խնդիրները, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Անոնք անդրադարձան նաեւ Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ արձանագրուած բացթողումներուն:

«Կազմակերպած ենք հայրենադարձ ընտանիքներու հետ հինգ հանդիպում, կեդրոնացած ենք առողջապահական, կրթական, դրամատնային խնդիրներու վրայ», լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի հայրենադարձներու յանձնախումբի համակարգող Ժիրայր Պէօճէքեանը` աւելցնելով, որ իրենք առաւելապէս խորհրդատուական, ոչ թէ հայրենադարձութիւն կազմակերպող մարմին են:

«Հանդիպում կազմակերպած ենք IT ոլորտի մեր հայրենակիցներուն հետ, փորձած ենք հայրենադարձ այդ մասնագէտները մասնակից դարձնել մեր աշխատանքներուն: Ամէնէն աւելի այդ ոլորտի աշխատանքներու յայտարարութիւններն են, որ կը տեղադրենք մեր Դիմատետրի էջին վրայ», ըսաւ Ժիրայր Պէօճէքեան:

«Մեր ստացած բոլոր նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ փոխանցած ենք զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին», աւելցուց ան:

Ժ. Պէօճէքեան տեղեկացուց, որ պատրաստակամ են իրաւաբանական անվճար խորհրդատուութիւն տրամադրել հայրենադարձ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք, Հայաստան վերադառնալով, զանազան խնդիրներու կը հանդիպին:

Ըստ անոր` ամէնէն մեծ խնդիրը, որուն յաճախ կը հանդիպին հայրենադարձ ընտանիքները, աշխատանքի հարցն է:

«Բոլորս գիտենք, որ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացին աշխատանքի խնդիր ունի: Նոյն իրականութեան մէջ կը փորձենք անոնց համար ամէն ինչ ընել», նշեց ան:

Անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ստեղծուած խնդիրներուն` Ժիրայր Պէօճէքեան նշեց, որ այս ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբը սննդամթերք տրամադրած է 220 ընտանիքի, որոնց կարգին` ոչ միայն հայրենադարձներու, այլ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ Հայաստան գտնուող օտարազգի ուսանողներու:

Ան նաեւ տեղեկացուց` եղած է բարերար մը, որ պատրաստակամութիւն  յայտնած է վճարել Շուշիի մէջ բնակութիւն հաստատող 5 հայրենադարձ ընտանիքի 5 տարուան բնակարանային վարձքը: Առայժմ ընտանիք մը ցանկութիւն յայտնած է բնակիլ Արցախի մէջ:

«Հայրենադարձ ընտանիքները մեզի բազմաթիւ շնորհակալական խօսքեր կ՛ըսեն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հարազատ չունենալով` անոնք միշտ մեզի կը դիմեն», ըսաւ Սիմոն Գաֆալեան:

Ան յայտնեց, որ այդ մարդոցմէ շատեր յաճախ հազիւ ի վիճակի կ՛ըլլան հանապազօրեայ հաց վաստակելու եւ փոքրիկ գործարարութիւն մը հիմնելու, բայց այդ ճամբուն վրայ բազմաթիւ դիւանակալական դժուարութիւններու կը հանդիպին:

«Պէտք է պայմաններ ստեղծուին, որ իւրաքանչիւր անձ ցանկայ գալ Հայաստան, իսկ եկողն ալ` չերթայ», ըսաւ Սիմոն Գաֆալեանն ու շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ հայրենադարձութեան օրէնքը յստակ չէ. «Ինծի կը  հարցնեն` հարենիքի մէջ սեւ ու սպիտակ հայը ո՞րն է, դուրսի ու ներսի հայը ո՞րն է: Ասֆալտին փռելով` երկիր չի շտկուիր, մենք ունեցանք վարչապետ, որ դարձաւ բոլորիս ընտանիքին հայրը, ուրեմն` լաւ, թէ` վատ միաւորէ՛ զաւակներդ, որ ուզեն գալ Հայաստան», Հայաստանի վարչապետին կոչով դիմեց Գաֆալեան ու աւելցուց, որ այս ընթացքին  յաճախ սփիւռքէն մտահոգուած հայրենակիցները իրեն կը հարցնեն, ի վերջոյ այս բոլորին վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ. «Ինծի կը հարցնեն, այս ի՞նչ կը կատարուի հայրենիքի մէջ, միւս կողմէ ալ այս «Քորոնա» ժահրը մարդոց մէջ յուսահատութիւն կը յառաջացնէ: Մենք յաճախ կ՛ըսենք հրամմեցէ՛ք Հայաստան, ասիկա մեր երկիրն է, ու մենք պէտք է տէր կանգնինք անոր, մեր հողին, բայց մարդիկ կը մտահոգուին, կ՛ըսեն, եթէ առեւտրական գործի ձեռնարկեմ ապահովագրուա՞ծ եմ», ըսաւ Ս. Գաֆալեանն ու յստակացուց. «Անվստահութեան հարց կայ»:

Նախորդը

Մեծ Եղեռնի Հարցին Մէջ «Միացեալ Նահանգներու Վարչակազմի» Քաղաքականութիւնը Փոփոխութեան Չէ Ենթարկուած», Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?