Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Ժխտողական Քաղաքականութենէն Տասնամեակներ Ետք Թէեւ Ոչ Կանխամտածուած, Սակայն Արտաբերեց Ցեղասպանութիւն Եզրը» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Յուլիս 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը անդրադարձած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քէյլի Մքենընիի` 6 յուլիսին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը եզրը հրապարակաւ օգտագործելուն: Մքենընի յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վանտալիզմի զոհ դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:

Օրաթերթը կը նկատէ, որ մամլոյ քարտուղարի շուրթերէն հնչած եզրը կարեւոր է այն առումով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տասնամեակներ շարունակ կը մերժէր ճանչնալ 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած դէպքերը:

«Թրամփի սերտ դաշնակից Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ըստ երեւոյթին, ուրախ պիտի չըլլայ այդ առնչութեամբ», կը գրէ յօդուածագիր Աարոն Պլէյք` ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ տասնամեակներ շարունակ վարուող ժխտողական քաղաքականութեան լոյսին տակ Սպիտակ տունը, թէեւ ոչ կանխամտածուած, սակայն արտաբերեց ցեղասպանութիւն եզրը:

Հեղինակը կը նկատէ, որ ամբողջ երկրի տարածքին յուշարձանները պղծող ցուցարարներու գործողութիւնները դատապարտելու ընթացքին Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարը Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը կոչած է իր «ճշգրիտ անունով»:

«Կը թուի, թէ ըմբռնման եւ պատմական գիտելիքներու պակաս կայ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ վառ կը պահէ մարդկութեան դէմ բոլոր յանցագործութիւններու, ներառեալ` ստրկութեան զոհերու յիշատակը, վանտալիզմի կ՛ենթարկուի», կ՛ըսէ Մքենընի` անդրադառնալով Քափիթոլի մօտ գտնուող եւ շաբաթներ առաջ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ճորճ Ֆլոյտի աղմկայարոյց սպանութենէն ետք ցեղային խտրականութեան դէմ սկսած զանգուածային ցոյցերու ընթացքին վանտալիզմի ենթարկուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին:

Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի խօսքերը «անախորժ իրավիճակ ստեղծեցին ներկայ վարչակազմին համար, որ, ինչպէս իր նախորդները, ակնյայտօրէն կը խուսափի ցեղասպանութիւն եզրի կիրարկումէն»:

Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներ երկար տարիներէ ի վեր կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ հետ իրենց ռազմավարական դաշինքին պատճառով:

Մէջբերելով հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմի խօսքերը, թէ «Ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական առումով իսկապէս վտանգաւոր է»` յօդուածագիրը կը նշէ. «Սպիտակ տունը, վստահաբար, պիտի պնդէ, որ Մքենընի պարզապէս յուշարձանը կոչած է իր անունով», սակայն այս դէպքը, միեւնոյնն է, իրադարձային էր, որովհետեւ երկար տարիներ Սպիտակ տան պաշտօնական շուրթերէն այդ եզրի կիրարկումը արգիլուած եղած է:

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան` անդրադառնալով Մքենընիի` Հայոց ցեղասպանութեան կատարած ակնարկութեան, ըսաւ. «Հաւանական է, որ այս իւրայատուկ հաստատումին ընդմէջէն ականատես կ՛ըլլանք Ամերիկայի ամբողջ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին քայլերուն: Ասիկա յստակօրէն հետեւանքն է անցեալ տարի Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 եւ Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւերուն գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրման»:

Համբարեան նաեւ աւելցուց, որ անցեալ տարուան պատմական զոյգ բանաձեւերուն որդեգրումով կարելի եղաւ առաւել եւս ամրապնդել Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններուն համախոհական գետինը Քոնկրեսին եւ Ծերակոյտին մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49-ին մէջ:

«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան արժանի չէ եւ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ չի կրնար ունենալ վեթոյի որեւէ իրաւունք», եզրափակեց Համբարեան:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Աշխարհին Մէջ Մէկ Միլիոն Բնակչութեան Համեմատութեամբ Հայաստան 9-րդ Դիրքին Վրայ Է

Յաջորդը

Նախարար Տօնոյեան Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?