Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Պատասխանած Է Նիկոլ Փաշինեանի  Պրիւքսելեան Յայտարարութեան

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Չեխիոյ Ծերակոյտի Բանաձեւը Աւանդ Է Պատմական Արդարութեան Վերականգնման Գործին Մէջ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած բանաձեւով Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը` դիտել տալով, որ այդ որոշումը ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգելման առումով: Հայաստանի Ազգային ժողովը եւս յայտարարութեամբ մը իր երախտագիտութեան խօսքը յղեց Չեխիոյ խորհրդարանին` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ. «Բանաձեւի հեղինակ, Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլան Շտյեխը...

Ազրպէյճանական Փորձերը Կրկին Ձախողեցան  Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ազգային եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին նացիներու կողմէ մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած յանցագործութիւններու դատապարտման բանաձեւին միաձայնութեամբ ընդունումը: Յիշենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Չեխիոյ Օրէնսդիր տունը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասիկա քայլ մը եւս յառաջ կը մղէ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) լիբանանահայութեան հրատապ կարիքներուն նպաստելու նպատակով յատկացուցած է սկզբնական յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը` ի լրումն տարեկան իր շօշափելի օժանդակութիւններուն: Այս յաւելեալ օժանդակութեամբ, ԱՀԱԸ-ը կու գայ անգամ մը եւս հաւաստելու իր յանձնառու աշխատանքը եւ լիբանանահայութեան նկատմամբ իր յատուկ  հոգածութիւնը`  ընկերակցութեան առաքելութեան 102-ամեայ ուղիին...

Արցախի Նախագահի Պաշտօնը Ստանձնելու Արարողութեան Ընթացքին.  Արայիկ Յարութիւնեան Հաստատեց` «Արցախը Հայաստան Է Եւ Վե՛րջ»

Արցախի Նախագահի Պաշտօնը Ստանձնելու Արարողութեան Ընթացքին. Արայիկ Յարութիւնեան Հաստատեց` «Արցախը Հայաստան Է Եւ Վե՛րջ»

Երէկ` հինգշաբթի, 21 մայիս 2020-ին, երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ Արայիկ Յարութիւնեան ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` Շուշիի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ գումարուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին` Սահմանադրութեամբ ճշդուած կարգով: Նախագահի պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Արցախի երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեան, երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Արցախի թեմի առաջնորդ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արցախի Նախկին Եւ Նորընտիր Նախագահներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արցախի Նախկին Եւ Նորընտիր Նախագահներուն Հետ

Հինգշաբթի, 21 մայիս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ: Անոնք անդրադարձ կատարեցին անցնող տարիներուն իրենց ունեցած սերտ գործակցութեան` ի խնդիր Արցախի առաւել հզօրացման: Ապա, նորընտիր նախագահին` Արայիկ Յարութիւնեանին հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ: Նորընտիր նախագահը, իր...

Կառավարութեան Որոշումով Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 7 Յունիս

Կառավարութեան Որոշումով Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 7 Յունիս

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 1024-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 663-ի Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ կը հսկեն ինքնաշարժի թիւերուն պարագային` ճշդուած օրերուն ընթացքին շրջագայութեան, ծովափը քալելու ժամերը յարգելու, համախմբումները ցրուելու, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան...

«Ազդակ»-ի 2017-ի Բացառիկին Աշխատանքները Գրեթէ Աւարտած Են

Ազգային Առաջնորդարան Հաղորդագրութիւն Թիւ 7. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքը 100.000.000 Լիբանանեան Ոսկիով Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Լիբանանահայութեան

Կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն նպաստելով` Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը 100.000.000 լիբանանեան ոսկիով կը մասնակցի Ազգային վարչութեան նախաձեռնած մայիս ամսուան ընթացքին 2000 սնտուկ սննթամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ «Քորոնա» ժահրին յառաջացուցած տագնապները յաղթահարելու ճիգերուն մէջ միշտ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերած է` զօրակցելով կարիքաւոր ընտանիքներուն:...

Նախագահ Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցաւ  Իշխան Սաղաթէլեանի Եւ Արսէն Համբարձումեանի Հետ

Նախագահ Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցաւ Իշխան Սաղաթէլեանի Եւ Արսէն Համբարձումեանի Հետ

«Քորոնա» ժահրի համավարակին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակին, անոր տնտեսական հետեւանքներուն, նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներու քննարկման նպատակով Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախաձեռնած է հանդիպումներու շարքի մը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական կազմակերպութիւններու, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ: Այս ծիրին մէջ 20 մայիսին կայացաւ հանդիպում  նախագահ Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի հետ: Հանդիպումի...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Մնացականեանը Միջնորդներուն Հետ Քննարկած Է Նախարարական Մակարդակով Հանդիպումի Հեռանկարները

19 մայիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի առցանց հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Այս առիթով հրապարակուած արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները մտքեր փոխանակեցին առցանց վերջին...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ծանուցագիրները` ՄԱԿ-ին Եւ Եւրոպական Խորհուրդին

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ծանուցագիրները` ՄԱԿ-ին Եւ Եւրոպական Խորհուրդին

Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրով եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծանուցագիրներ ուղարկեց համապատասխանաբար Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէսին եւ Եւրոպական խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչին Արցախի կողմէ տուեալ միջազգային դաշնագիրներով նախատեսուած ժամանակաւոր իրաւական միջոցներու ձեռնարկելու մասին` «Քորոնա» ժահրի տարածման սպառնալիքին պատճառով երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակի ստեղծման լոյսին...

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Լիբանանահայութեան Անմիջական Օժանդակութեան Համար Կը Նուիրէ 20 Հազար Տոլար

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Լիբանանահայութեան Անմիջական Օժանդակութեան Համար Կը Նուիրէ 20 Հազար Տոլար

«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապալի պայմաններուն եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով եւ անոր գոյերթին համար Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը նուիրէ 20.000 տոլար: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը տարուան սկիզբը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական անկայուն իրավիճակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական տագնապին մէջ սատարելու լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան 3 ծրագիրներուն` «Յոյսի արկղ»-ին, «Գոյատեւման պիտոյքներ»-ուն եւ «Պնակ մը կերակուր»-ին, որոնք...

«ԱԶԴԱԿ»-ի 42 Լսարանականներ Մասնակցեցան  «Նոր Աշխարհակարգի Ձեւաւորման Միտումներ»  Թեմայով Առցանց Զեկուցում-Քննարկումին

«ԱԶԴԱԿ»-ի 42 Լսարանականներ Մասնակցեցան «Նոր Աշխարհակարգի Ձեւաւորման Միտումներ» Թեմայով Առցանց Զեկուցում-Քննարկումին

«Ազդակ»-ի առցանց չորրորդ լսարանը ունէր տարբեր ձեւաչափ: Արդարեւ, երեք դասախօսներ ենթանիւթերով զեկուցեցին «Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման միտումներ» ընդհանուր թեմայի ներքեւ ներկայացուած բաժիններուն մասին: Պէյրութէն դոկտ. Ժան Կէօքճեան զեկուցեց Միջին Արեւելքն ու ռուսական գործօնը, Երեւանէն դոկտ. Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան` Հայաստանը եւ կովկասեան տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական խաչմերուկներու եւ շահերու վրայ, իսկ Պուէնոս Այրէսէն դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան` Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ Չինաստանը բազմաբեւեռ...

«Մեր Կոչն Ու Արդար Սպասումն Է, Որ Մեր Բոլոր Ազնիւ Հայորդիները Այս Փուլին Չզլանան Իրենց Օժանդակութիւնը. Այսօր Մենք Ձեզի Պէ՛տք Ունինք». Յակոբ Բագրատունի

«Մեր Կոչն Ու Արդար Սպասումն Է, Որ Մեր Բոլոր Ազնիւ Հայորդիները Այս Փուլին Չզլանան Իրենց Օժանդակութիւնը. Այսօր Մենք Ձեզի Պէ՛տք Ունինք». Յակոբ Բագրատունի

Լիբանանահայութիւնը այսօր կ՛ապրի ծանր պայմաններու մէջ եւ նախորդ տարուընէ ի վեր գաղութը կանգնած է դէմ յանդիման զանազան մարտահրաւէրներու, որոնց հետեւանքները ճակատագրական են նիւթական, տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային մակարդակներու վրայ։ «Ասպարէզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին գաղութին ներկայ կացութեան, անոր կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի՝ հաստատելով, որ Լիբանանի հայութեան ապրած այս դժնդակ վիճակէն դուրս գալու...

Նուպար Աֆէեան Նախագահ Սարգսեանին Տեղեկացուց, Որ Պատուաստի Փորձարկումներու Առաջին Փուլը Յաջողութեամբ Անցած Է

Նուպար Աֆէեան Նախագահ Սարգսեանին Տեղեկացուց, Որ Պատուաստի Փորձարկումներու Առաջին Փուլը Յաջողութեամբ Անցած Է

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հեռակայ զրոյցներ ունենալ հայ նշանաւոր գործիչներու ու գործարարներու, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ, որոնք տարբեր երկիրներու եւ ընկերութիւններու մէջ ընդգրկուած են «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին, նաեւ` պատուաստանիւթի մշակման աշխատանքներուն մէջ: Այդ ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը հեռավար զրոյց ունեցաւ ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանին հետ: Ամերիկեան «Մոտերնա» ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրն ու գլխաւոր տնօրէնը Նուպար Աֆէեանն է,...

Հայաստանի Վարչապետը Ներկայ Պիտի Ըլլայ Արցախի Նորընտիր Նախագահին Երդմնակալութեան

Հայաստանի Վարչապետը Ներկայ Պիտի Ըլլայ Արցախի Նորընտիր Նախագահին Երդմնակալութեան

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 մայիսին, ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ: Արարողութիւնը պիտի սփռուի ուղիղ հեռարձակումով, լրագրողներուն դահլիճ...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նոր Հանդիպում` «Քորոնա»-ի Համաճարակին Մեղմացումէն Ետք

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նոր Հանդիպում` «Քորոնա»-ի Համաճարակին Մեղմացումէն Ետք

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով տեսակապով զրոյց ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնց հետ քննարկած է ղարաբաղեան հարցի լուծման ներկայի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնց պիտի ձեռնարկուի յառաջիկայ ամիսներուն` «Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը պայմանաւորուած են յստակացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպման տեղն ու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 20-Ամեակին Առիթով Հաղորդագրութիւն Մը Յղեց Լիբանանեան Մամուլին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 20-ամեակին առիթով լիբանանեան մամուլին յղեց հաղորդագրութիւն մը` իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնելով 2000 թուականին Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումին համար, որ կու գար ամբողջացնելու խորհրդարանին կողմէ 2 ապրիլ 1997-ին որդեգրուած բանաձեւը, որ լիբանանցի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէր` իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին: Մարմինը...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Տուած Է Իր Գնահատականը` Համավարակին Հակազդելու Գործողութիւններուն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, վերլուծելով «Քորոնա» ժահրին դէմ Հայաստանի կառավարութեան գործողութիւնները, հրապարակած է վերլուծական-ուսումնասիրական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛արձանագրէ, թէ, հակառակ  դեկտեմբեր 2019-ին «Քորոնա» ժահրին մասին Չինաստանի պաշտօնական յայտարարութեան, իսկ այնուհետեւ բազմաթիւ պետութիւններու եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ վարակի վտանգաւորութեան մասին ահազանգերուն` Հայաստանի  կառավարութիւնը անլուրջ մօտեցում ցուցաբերած է վարակին նկատմամբ: ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հաստատած է նաեւ,...

Նախիջեւանի Մէջ  Զօրավարժութիւններ Սկսած Են

Նախիջեւանի Մէջ Զօրավարժութիւններ Սկսած Են

«Նախիջեւանի մէջ այսօր (երէկ` 18 մայիսին «Ա.») սկսած են հրամանատարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին ինքնավար հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած համազօրային բանակի շարք մը ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր», կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: «Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումները բերուած են մարտական պատրաստութեան տարբեր աստիճաններու, յառաջիկայ օրերուն անոնք զբաղած պիտի ըլլան հետախուզական գործողութիւններու հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ օդային, հրթիռային եւ հրետանային հարուածներու կանխման վերաբերող...

Page 438 of 797 1 … 437 438 439 … 797

Արխիւներ