Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ալիեւը Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արդիւնքներու Բացակայութեան Իր Մեղքը Կը Փորձէ Բարդել Համանախագահներուն Վրայ»

Յուլիս 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կը փորձէ բանակցային գործընթացին մէջ արդիւնքներու բացակայութեան համար իր մեղքը բարդել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վրայ` անգործութեան կտրուկ մեղադրանքներ հնչեցնելով անոնց հասցէին: Այս հաստատումը կատարուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արտակ Ներսիսեանի մեկնաբանութեան մէջ:

Արձագանգելով Ալիեւի հարցազրոյցին` ան նշած է, թէ, խոչընդոտելով բանակցային լիարժէք եռակողմանի ձեւաչափի վերականգնման, անընդհատ կասկածի տակ դնելով վէճերու խաղաղ լուծման սկզբունքը եւ սպառնալով ուժ կիրարկել, փորձելով խեղաթիւրել տագնապի էութիւնը, «սեփական երկրին մէջ խրախուսելով ցեղապաշտական եւ հակամարդկային հայեացքներն ու վարքագիծի բնորդը, ազրպէյճանական իշխանութիւնները կանխամտածուած ձեւով յաւելեալ խոչընդոտներ կը ստեղծեն Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ազրպէյճանական կողմին, որ միջազգային վէճերու բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծումը միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն  մէկն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնագրութեամբ:

«Պաքուի բոլոր շահարկումներ, այն առնչութեամբ, որ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 51-րդ յօդուածը իրեն իրաւունք կու տայ ուժ կիրարկել Ղարաբաղեան տագնապի ծիրին մէջ, մերժուած են միջազգային հանրութեան կողմէ ապրիլ 2016-ին, երբ Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակումի սկսած էր Արցախի դէմ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղարը, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը եւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը միակարծիք էին, որ պէտք է խստօրէն պահպանուին 1994-ի զինադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին 1995-ի համաձայնագիրները: Ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան շուրջ միջազգային հանրութեան միասնական դիրքորոշման խորապատկերին Ազրպէյճանի` նոր պատերազմ սանձազերծելու սպառնալիքները չեն կրնար այլ ձեւով գնահատուիլ, եթէ ոչ ինքզինք միջազգային հանրութեան եւ միջազգային իրաւունքի սահմաններէն դուրս հռչակելու փորձ», ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Յաջորդը

«Էֆ-35»-ներու Հարուածներէն Ետք Իրան «Ս-75» Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգեր Տեղակայած Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?