ՀՅԴ-ն երկրին մէջ տիրող վիճակը կը գնահատէ աղէտալի` ընդգծելով, որ քաղաքական ու կառավարման ճգնաժամը կրնայ յաղթահարուիլ միայն արտահերթ ընտրութիւններու միջոցով: Այս մասին 24TV-ի «Հարցազրոյց» հաղորդումի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Սաղաթէլեան կը կարծէ, որ իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ անկարող են եւ միայն անոնք մեղաւոր են ստեղծուած վիճակին համար:
Անդրադառնալով «ՀՅԴ-ԲՀԿ-Հայրենիք» եռեակի ապագայ ծրագիրներուն` ան նշած է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով աշխատանքները դանդաղած են, բայց աշխատանքային խումբը յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին շուտով յայտարարութիւններ պիտի կատարէ: