Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը` Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Աշխատանքներու Վերաբերեալ

August 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 օգոստոսին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումէն ետք, քանատահայ գաղութը միասնականօրէն լծուեցաւ լիբանանահայութեան օժանդակելու անյետաձգելի աշխատանքին:

Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը առաջին իսկ օրէն հետեւողական ձեւով կապի մէջ մտած է Քանատայի պետութեան համապատասխան բաժանմունքներուն հետ եւ ջերմօրէն ողջունած Լիբանանի համար նախատեսուած Քանատայի աւելի քան 30 միլիոն տոլարի օժանդակութեան ծրագիրի յայտարարութիւնը:

Պետութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ պատրաստ է Լիբանանի մէջ գտնուող քանատացի հպատակներուն տունդարձը ապահովել կարելի բոլոր միջոցներով, ինչպէս նաեւ խոստացած է ձրիաբար երկարաձգել լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող անձերու ժամանակաւոր կեցութիւնը Քանատայի մէջ. անոնք այժմ կը գտնուին Քանատա աշխատանքային կամ զբօսաշրջային արտօնագիր-վիզայով:

Պէտք է նշել, որ հակառակ տարածուած որոշ տարաձայնութիւններու, առայժմ չկան յատուկ ծրագիրներ, որոնք կը միտին լիբանանցիներու համար ներգաղթի դռները բանալ դէպի Քանատա:

ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նոյն թափով պիտի շարունակէ իր աշխատանքները Քանատայի կառավարական օղակներուն հետ` ձգտելով ապահովել օժանդակութեան եւ նպաստի ամէն միջոց, որով կարելի պիտի ըլլայ նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան վերականգնման կարեւոր աշխատանքին:

ՀՅԴ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց Մամուլի Գործիչներուն Համախումբ Աշխատանքը

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.