Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ը Կը Շարունակէ Իր Ծառայութիւնները

August 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը անցնող օրերուն շարունակեց իր բժշկական ծառայութիւնները: Այսպէս, «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար ձեռք բերուեցան յատուկ նախազգուշութիւններ, եւ ճշդուեցաւ պարագաները ընդունելու յատուկ ժամանակացոյց մը: Կեդրոնը ընդունեց մեծաթիւ պարագաներ, որոնց մատուցեց բժշկական, տարրալուծարանային եւ այլ սպասարկութիւններ:

Շտապ օգնութեան բաժինին մէջ շարունակուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վիրաւորուած պարագաներուն հետեւողական դարմանումները, հիւանդապահներու կողմէ կարգ մը պարագաներու բնակարաններու այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ կեդրոնի հիւանդատար կառքով անկար պարագաներու դէպի կեդրոն փոխադրութիւնը:

Նախազգուշական բաժանմունքը եւս իր կարգին շարունակեց կապ պահել առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, հետեւեցաւ անոնց տուած ցուցմունքներուն: Օտար կազմակերպութիւններ այցելեցին կեդրոն` վնասները տեսնելու եւ օժանդակութիւններ ապահովելու խոստումներով:

Գործակցաբար «Սի. Ար. Էս.»-ին մշակուեցաւ ժողովուրդին անմիջական կարիքները հոգալու ծրագիր մը եւ ներկայացուեցաւ կազմակերպութեան:

Ինչպէս անցեալ շաբաթ, այս շաբաթ եւս ACTED-ի կողմէ հայուհիներու բաշխուեցան կնոջական առողջապահութեան առնչուուղ պիտոյքներ:

Անհատ բարերարներ ջուր, սննդեղէն, մանուկներու կաթ եւ անկողինի ծառայող հիւանդներու անհրաժեշտ պիտոյքներ նուիրեցին ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պարագաներուն:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ունեցաւ իր այցելուները, որոնց շարքին` Ֆրանսայէն մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւններու համար Լիբանան եկած Էլիզ Պօղոսեան, որ մեծաքանակ վիրաբուժական առարկաներ եւ դեղորայք նուիրեց կեդրոնին: Կեդրոն այցելեցին նաեւ Լիբանանեան Կարմիր խաչէն, Première Urgence- Aide médicale International-էն, «Բժիշկներ առանց սահմանի»-էն պատուիրակութիւններ:

Շաբաթավերջին կեդրոնը ստացաւ յատկանշական նուիրատուութիւն մը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, գործակցութեամբ Code 3 Angels-ի եւ ArmeniaFund-ի լիբանանահայութեան ուղարկեց 2,5 թոն բժշկական պիտոյքներ, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի բաշխուին կարիքաւոր ընտանիքներու:

Կեդրոնի բեղուն գործունէութեան կողքին, Շրջանային վարչութիւնը իր յանձնախումբերը զօրաշարժի ենթարկեց` զանոնք հրաւիրելով խորհրդակցական հանդիպումի մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան նիւթական վնասներ կրած ընտանիքներուն աջակցելու  կարգ մը ծրագիրներու կարելիութիւնները:

«Վարդուհի Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբերը շարունակեցին  760 բաժին տաք ճաշ պատրաստել շաբաթը երկու օր եւ շրջաններու մարմիններու ընկերներուն ձեռամբ բաշխել պարագաներուն: Աւելի՛ն,   յանձնախումբը իր պատրաստած տաք ճաշէն բաժիններ ուղարկեց նաեւ «Թռչնոց բոյն»-ի թռչնիկներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 12,698-ի, Մահուան Պարագաներունը` 123-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 3516-ի

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց Մամուլի Գործիչներուն Համախումբ Աշխատանքը

RelatedPosts

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն
Գաղութային

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն

October 21, 2026
Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.