Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղեկագիր 4 . Օժանդակութեան Եւ Վերականգնումի Աշխատանքներ` Տարբեր Ուղղութիւններով

August 22, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1.- Անցնող օրերուն Հայկական երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ  երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ հայ թաղապետներու, այցելութիւններ տուաւ Քարանթինայի, Մար Մխայէլի, Էշրեֆիէի շրջանները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ հոն կատարուած քանդումներուն: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բնակիչներուն հետ, որոնց տուները ենթարկուած են քանդումի կամ կրած մեծ վնասներ: Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անմիջական օժանդակութիւններ տրամադրեց նիւթապէս ծանր կացութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն:

2.- Այս ժամանակահատուածին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ սննդամթերքի տուփեր բաժնուեցան Պէյրութի, Արագածի եւ Սիսի շրջանի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Սննդամթերքի բաշխումի աշխատանքները կը շարունակուին: Օժանդակութիւններու բաշխումը կարգ մը շրջաններու մէջ կատարուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեամբ:

3.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով արդէն իսկ նորոգութեան ընթացքի մէջ մտած են այն բնակարանները, որոնց ընտանիքի անդամներէն զոհ գացին աղէտին:  Այս աշխատանքը ամբողջականօրէն ստանձնած է Կեդրոնական կոմիտէն եւ այս ծիրին մէջ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի փաստաբանական գրասենեակը ստանձնած է նաեւ զոհուած հայորդիներու ընտանիքներու պետաիրաւական հարցերու դասաւորումը:

4.- 19 օգոստոսին ԼՕԽ-ը ստանձնեց ՀՕՄ-ի կողմէ տրամադրուած 2,5 թոն առողջապահական անհրաժեշտ դեղորայքի եւ իրերու ծրարները: Այս ծրարներէն բաժին մը պիտի տրամադրուի «Ռաֆիք Հարիրի» հիւանդանոցին:

5.- ԼՕԽ-ի տաք ճաշի բաշխումի աշխատանքը կամաւոր ԼՕԽ-ականներու մասնակցութեամբ կը շարունակուի, եւ 1000 տարեցներ եւ կարիքաւոր ընտանիքներ կ՛օգտուին այս ծրագիրէն:

6.- «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը մօտէն կը հետեւի հայահոծ շրջաններուն մէջ վարակման երեւոյթներուն եւ ի պահանջել հարկին անմիջապէս կը կատարէ հաւաքական «Փի. Սի. Ար.» քննութիւններ եւ հիւանդանոցային դասաւորումներ:

7.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան հայկական եւ ոչ հայկական, տեղական թէ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ` իրազեկ դառնալու համար վերականգնումի աշխատանքներուն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անդրադարձաւ աղէտեալ վայրերուն, յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարածքներուն մէջ գտնուող վնասուած շրջաններուն մէջ աւերներու գնահատման եւ վերականգնումի աշխատանքներուն: Այս հանդիպումը կը միտէր համակարգել շրջանին մէջ տարուող օժանդակութեանց ու վերաշինութեանց ծրագիրներու համադրումը` կրկնութիւններէ խուսափելու համար:

8.- Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը ուրբաթ, 21 օգոստոսին սկսաւ հայ ընտանիքներու բնակարաններու վնասներու ցանկագրումի աշխատանքին: Աւելի քան 90 կամաւորներ` հայկական վարժարաններու ուսուցիչներ եւ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ուսանողական երիտասարդական միաւորներու անդամներ հայկական 15 եկեղեցիներու մէջ սկսան այս աշխատանքին, որ պիտի շարունակուի նաեւ շաբաթ եւ երկուշաբթի:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Նախորդը

Վերջին Զրոյցը (Ընկեր Սամ Խայեաթի Յիշատակին)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.