ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը, Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան 100-ամեակին առիթով` նախաձեռնեց դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու ընկերվար երիտասարդական միութիւններու հետ միացեալ յայտարարութեան հրապարակման, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Միացեալ յայտարարութիւն նուիրուած
Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին
Սեւրի դաշնագիրը կը հանդիսանայ միակ իրաւական միջազգային փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէ Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցումը, անիկա ստորագրուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք 1920-ին Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին Դաշնակից ուժերու եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Հիմք ընդունելով այն բանաձեւը, որ միաձայնութեամբ ընդունուած է Երեւանի մէջ Ընկերվարական երիտասարդական միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ/IUSY) համաշխարհային խորհուրդի ժողովին (2015), որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած Հայոց ցեղասպանութիւնը.
Մենք` Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու կամ անոնց իրաւայաջորդ պետութիւններու ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական կազմակերպութիւններս, կը վերահաստատենք Սեւրի պայմանագիրի կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ ձեռնարկելու Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման քայլերու եւ սկսելու հայ ազգի իրաւունքներու վերականգնման գործընթացը:
Մենք համոզուած ենք, որ ասիկա երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութիւն եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միակ միջոցն է:
Յայտարարութիւնը ստորագրուած է հետեւեալ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն կողմէ.
Պելճիքա – Երիտասարդ ընկերվարներ
Պելճիքա – Ընկերվարական երիտասարդների շարժում
Թուրքիա – Ժողովուրդների ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական
Իտալիա – Երիտասարդ դեմոկրատներ
Լեհաստան – Երիտասարդ ընկերվար-ժողովրդավարներու միութիւն
Խրուաթիա – Խրուաթական ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդներ
Քանատա – Քանատայի նոր դեմոկրատական երիտասարդներ
Հայաստան – ՀՅԴ երիտասարդական – ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւն
Յունաստան – Համայունական ընկերվարական շարժում – ՓԱՍՈՔ երիտասարդական
Հնդկաստան – Երիտասարդ քուէարկողներու կուսակցութիւն
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն – Մակեդոնիոյ ընկերվար-ժողովրդավար երիտասարդներ
Նոր Զելանտա – Նոր Զելանտայի երիտասարդ աշխատաւորականներ
Չեխիա – Երիտասարդ ընկերվար-ժողովրդավարներ
Փորթուգալ – Երիտասարդ ընկերվարականներ
Սերպիա – Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան երիտասարդներ
Սլովենիա – Ընկերվար-ժողովրդավարներու երիտասարդական ֆորում
Ֆրանսա – Ընկերվարական երիտասարդներու շարժում
-Declaración conjunta en el Centenario del Tratado de Sevres
المنظمات السياسية الشبابية للدول الموقعة على معاهدة سيفر تطالب تركيا بتعويض الشعب الأرمني-–
سازمان های جوانان سوسیالیست وسوسیال دمکرات کشورهای امضا کننده ی پیمان ســِور از دولت-