Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Շուտով Սկսիլ Ժողովուրդի Վնասուած Տուներուն Վերանորոգման Աշխատանքին»

Օգոստոս 22, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ նիստ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ երկու ժողովներու Լիբանանի ներկայ անդամները:

Վեհափառ հայրապետին հրաւէրով ու նախագահութեամբ գումարուած ժողովին սկիզբը, վեհափառը ամփոփ գիծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները. այցելութիւններ հայկական թաղեր ու եկեղեցիներ, հանգանակութեան կոչ, գնահատանքի ու շնորհակալութեան նամակներ` իր կոչին ընդառաջած ազգայիններուն ու ազգային մարմիններուն, եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային իշխանութեան կողմէ կատարուելիք աշխատանքներու հետապնդում: Ապա, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան մանրամասն զեկուցում մը տուաւ` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կազմութեան, ենթայանձնախումբերու գործունէութեան, կատարուած վնասներու արժեւորման եւ այլ յարակից հարցերու շուրջ: Սրբազանին զեկուցումէն ետք կատարուեցաւ ընդհանուր քննարկում:

Ամփոփելով կատարուած քննարկումները` վեհափառ հայրապետը հետեւեալ կէտերը ընդգծեց.

1) Գնահատելի աշխատանք կատարուած է առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային իշխանութեան կողմէ եւ վստահաբար նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակուի այս յոյժ կենսական աշխատանքը:

2) Ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի կոչին` լիբանանահայութեան օժանդակութեան գծով պատրաստակամութիւն կայ Հայաստանի, Արցախի, թեմերուն եւ գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ու անհատներու մօտ: Ողջունելի այս երեւոյթը պէտք է իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնէ:

3) Առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ լիբանանահայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացնող յանձնախումբ մը արդէն լծուած է աշխատանքի: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն երեք համայնքներ, երեք կուսակցութիւններ եւ երեք բարեսիրական միութիւններ: Հետեւաբար, լիբանանահայութեան վերականգնումին առնչուած բոլոր աշխատանքները պէտք է կատարուին յիշեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կամ անոր կողմէ հովանաւորուած կամ ներդաշնակուած: Այլ խօսքով` կազմակերպութիւններու կամ անհատներու կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները, որոնք գնահատելի են, պէտք է ներդաշնակուին յանձնախումբին հետ, որպէսզի համայնքին վերականգնումի գործընթացը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու հեզասահ:

4) Կաթողիկոսարանը լիբանանահայութեան վերականգնումի օժանդակութեան յատուկ հաշուեգլուխ մը բացած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ եւ զանազան առիթներով յիշեալ հաշուեգլուխը յայտարարուած է: Այս հաշուեգլխուն եկող գումարները ուղղակիօրէն եւ անմիջականօրէն պիտի փոխանցուին Ազգային առաջնորդարանին կողմէ Լիբանանի մէջ չորս դրամատուներու մէջ բացուած յատուկ հաշուեգլուխներուն, որպէսզի փոխանցումը ըլլայ կազմակերպ ու արագ: Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ յիշեցնել, որ լիբանանահայութեան վերականգնումին համար հաւաքուած բոլոր գումարները, բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն կամ անհատներուն կողմէ պէտք է փոխանցուին կա՛մ կաթողիկոսարանին կողմէ բացուած Ժընեւի հաշուեգլխուն եւ կա՛մ նոյն նպատակին համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ բացուած յատուկ հաշուեգլխուն: Լիբանանահայութեան վերականգնումին ի նպաստ կատարուող հանգանակութիւնները պէտք է ուղղուած ըլլան լիբանանահայութիւնը ներկայացնող վերոյիշեալ յանձնախումբին:

5) Ցարդ շուրջ 600.000 ամերիկեան տոլարի եկամուտ եղած է լիբանանահայութեան վերականգնումին համար: Յիշեալ գումարները արդէն իսկ Ժընեւէն փոխանցուած են Ազգային առաջնորդարանին կողմէ բացուած հաշուեգլուխներուն: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է շուտով սկսիլ վերաշինութեան աշխատանքներուն եւ այս ծիրին մէջ պէտք է յստակ առաջնահերթութիւն տալ մեր ընտանիքներուն վնասուած տուներուն, ապա միայն եկեղեցիներուն, կրթական օճախներուն եւ համայնքային կեդրոններուն:

6) Լիբանանահայութեան վերականգնումին առնչուած է նաեւ ժողովուրդին կենցաղային կարիքներուն օգտակար ըլլալու մեր ճիգը: Երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական պայմաններուն պատճառով անցնող շաբաթներուն թէ՛ կաթողիկոսարանը, թէ՛ Ազգային առաջնորդարանը եւ թէ՛ կազմակերպութիւնները գնահատելի աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ: Պէտք է շարունակուին այս աշխատանքները: Այս ուղղութեամբ հարկ է յատուկ գնահատանքով անդրադառնալ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կողմէ մէկ միլիոն տոլարի համարժէք կատարուած օժանդակութեան` 3000 ընտանիքներու: Օժանդակութեան այս ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է` իրենց անմիջական հսկողութեամբ եւ յատուկ մարմինի ճամբով:

Ամփոփելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ «ըսած ենք ու կը կրկնենք, լիբանանահայութեան վերականգնումը համահայկական առաջնահերթ յանձնառութիւն է ու պէտք է զայն իրագործել միասնաբար: Իւրաքանչիւր հայ, գաղութ, թեմ ու կազմակերպութիւն այս գծով ընելիք ունի` մասնակից դառնալով այս անյետաձգելի աշխատանքին»:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Մէջ Հարցերը Կարգախօսներով Կարելի Չէ Լուծել, Այլ` Պատմութենէն Դասեր Քաղելով» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

«Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք, Որ «Քորոնա» Ժահրին Պատուաստը Լիբանան Հասնի» Շեշտեց Զասիփքին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?