Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահները Կը Յայտարարեն.  «Տագնապի Համապարփակ Լուծումը  Զիջումներ Կը Պահանջէ Բոլոր Կողմերէն»

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Առցանց Հանդիպում

30 յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց  նախարարներ Զոհրաբ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առցանց հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ: Առցանց հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ  համավարակային պայմաններու մէջ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կողմերուն  Կոչ Կ՛ուղղեն` Մարդասիրական Լրացուցիչ  Շօշափելի Ջանքեր Գործադրելու

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Ռազմական Լուծում Չունի»

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին ըսուած է ԵԱՀԿ կայքով  տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին: «Համանախագահները ընդգծած են խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններու համար բարենպաստ մթնոլորտի խթանման ու պահպանման կարեւորութիւնը: Անոնք դրական գնահատած են յարաբերական կայունութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնած, որ կողմերը կը շարունակեն օգտագործել...

Երեք Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Երեք Կուսակցութիւններու Ստեղծած Աշխատանքային Խումբի Հաղորդագրութիւնը

30 յունիսին Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուեցաւ 9 էջերէ բաղկացած` Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 3 յօդուածներով սահմանուած յանցագործութիւններու մասին հաղորդում: Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Ըստ էութեան, ներկայացուած հաղորդումը միտուած է օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնների, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատար անձանց յանցակցութեամբ իրականացուած իշխանութեան իւրացմանը իրաւական գնահատական տալուն: «Սահմանադրական դատարանի եւ...

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Եւ Կրթական Հարցերը Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Կրթական Մարզին Տրամադրել 500 Միլիառ Լ. Ոսկի

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Եւ Կրթական Հարցերը Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Կրթական Մարզին Տրամադրել 500 Միլիառ Լ. Ոսկի

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ երեք ամիս առաջ տրուած այն որոշումը, որ պէտք է Կեդրոնական դրամատան հաշիւները քննութեան ենթարկուին, տակաւին չէ գործադրուած: Ան հարց տուաւ` հաշուեքննիչ ընկերութիւններուն հետ պայմանագիրները ստորագրելու ուշացումին մասին: Նախագահ Աուն...

Ակնարկ.  Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի  Միջամուխ  Ըլլալը

Ակնարկ. Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի Միջամուխ Ըլլալը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ներլիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն գնահատական տալը նախադէպեր ունէր: Հիմա իրաւական դաշտ բերելու փորձ կը կատարուի միջազգային համաձայնագիրներով եւ Վիեննայի պայմանագրութեամբ ամրապնդուած դիւանագիտական ընդունուած կարգերու խախտումի հերթական երեւոյթ մը: Զգացական հակազդեցութիւն կամ պատահականութիւն չէ լիբանանցի քաղաքացիին կողմէ դատ յարուցելը եւ դատաւորին կողմէ այդ բողոքին ընթացակարգ որոշելը: Իրաւաչափ է նման բողոքի դատական իրաւակարգի որոշում կայացնելը:...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ելքը Կը Նկատենք Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ելքը Կը Նկատենք Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները»

«Ստեղծուած իրավիճակէն ելքը կը նկատենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ւր պիտի տանի ընդդիմադիրներու  ճամբու քարտէսը: Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ինչո՞ւ հիմա կը պահանջեն արտահերթ ընտրութիւններ, եթէ 2018-ին անհրաժեշտ սահմանը չանցան, Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց. «Այստեղ յաջողիլ-չյաջողելու հարցը չէ, մարդիկ կ՛ուզէին ապրիլ արժանապատիւ, անցած է...

Երեք Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ Եւ Հայրենիք Կուսակցութիւններուն Ստեղծած Աշխատանքային Խումբին Յայտարարութիւնը

Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները 30 յունիսին յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան` պահանջելով քրէական գործ յարուցել օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար այլ անձերու յանցակցութեամբ առանձնապէս ծանր յանցանքներ կատարելու փաստերուն առիթով: Լիազօր ներկայացուցիչները 30 յունիսին, ժամը 10:00-ին Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան առձեռն պիտի յանձնեն երեք կուսակցութիւններու միացեալ հաղորդումը` յանցագործութեան մասին:  

Արցախի Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Լիբանանահայութեան. Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը

Արցախի Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Լիբանանահայութեան. Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 յունիսին ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը: Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակին առնչուած զարգացումներուն եւ մտահոգ են լիբանանահայութեան կացութեամբ: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն,  հակառակ անոր որ տնտեսական խնդիրները չէ շրջանցած նաեւ Արցախը, սակայն Արցախի կառավարութիւնը իր համազգային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կը քննարկէ...

Ալեն Պիֆանի Հրաժարեցաւ Իր Պաշտօնէն

Ալեն Պիֆանի Հրաժարեցաւ Իր Պաշտօնէն

Ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: 2000-էն ի վեր ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը վարող Ալեն Պիֆանի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան որդեգրած մօտեցումը ճիշդ արժեւորում է եւ անիկա համախոհութեամբ վաւերացուած է ու արժանացած ելեւմտական հաստատութիւններու ողջոյնին, «որովհետեւ կը դրսեւորէ հարցերուն մօտենալու Լիբանանի լրջութիւնը», ըսաւ ան: Պիֆանի աւելցուց նաեւ, որ...

Մուրատ Փափազեան. «Հայաստանի  Եւ Սփիւռքի Միասնականութիւնը  Մեր Գլխաւոր Պաշարն Է

Մուրատ Փափազեան. «Խախտելով Սահմանադրութիւնը` Վարչապետը Չի Կրնար Երկիրը Տանիլ Ժողովրդավարութեան»

Բոլորս ալ պէտք է գիտնանք, որ ժողովրդավարութեան այբուբենը յարգանքն է Սահմանադրութեան նկատմամբ, պէտք է յարգել Սահմանադրութիւնը, եթէ կ՛ուզենք երկիրը առաջնորդել դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին (լրագրող Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան) ըսաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով վերջին շրջանին Սահմանադրական դատարանին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: «Կարելի է հասկնալ, որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն փոփոխութիւններ...

Ֆրանսահայ Ժանն Բարսեղեան Ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի Քաղաքապետ

Ֆրանսահայ Ժանն Բարսեղեան Ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի Քաղաքապետ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ ֆրանսահայ Ժանն Բարսեղեան ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ: Ձայներու 42,5 առ հարիւրով, Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածուն յառաջատարն է: Ժաննա Բարսեղեան 40 տարեկան է: Ան ընտրութիւններուն կը գլխաւորէ Ֆրանսայի «Եւրոպա, կենսոլորտ, կանաչներ» կուսակցութեան ցուցակը: Իբրեւ Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածու` Բարսեղեան իր առաջնային խնդիրը կը նկատէ կլիման, անհաւասարութեան դէմ պայքարը: Ժաննա Բարսեղեան 1918-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան...

Վահրամ Բալայեան. «Ալիեւը Կը Փորձէ Նսեմացնել Մեր 30 Տարիներու Ճամբան»

Վահրամ Բալայեան. «Ալիեւը Կը Փորձէ Նսեմացնել Մեր 30 Տարիներու Ճամբան»

Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի խօսքով` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կը շարունակէ պահպանել իր հակահայկական գիծը: Բալայեան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նման դիտարկում կատարեց` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններուն, ուր ան քննադատած էր անկախ Հայաստանի բոլոր ժամանակներու իշխանութիւնները: «Ան կը փորձէ նսեմացնել մեր անցած այս 30 տարիներու ճամբան, սեւ բիծեր յայտնաբերել մեր անցած ուղիին...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Շիայի Հետ Հարցազրոյց Ընելը Արգիլող Դատական Վճիռը  Անդրադարձներ Ունեցաւ Լիբանանեան Եւ Ամերիկեան Մակարդակներու Վրայ

Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Շիայի Հետ Հարցազրոյց Ընելը Արգիլող Դատական Վճիռը Անդրադարձներ Ունեցաւ Լիբանանեան Եւ Ամերիկեան Մակարդակներու Վրայ

Դատաւոր  Մոհամետ Մազեհի կողմէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ հարցազրոյց կատարելն ու անոր յայտարարութիւնները սփռելը արգիլող դատական վճիռին լոյսին տակ շաբաթ եւ կիրակի օրերը լիբանանեան եւ ամերիկեան մակարդակներու վրայ արձանագրուեցան զանազան իրադարձութիւններ, արտայայտուեցան տարբեր կարծիքներ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն գծով եղան կանխատեսումներ: Արդարեւ, Սուրի մէջ հրատապ հարցերու դատաւոր  Մոհամետ Մազեհ 27 յունիսին հրապարակեց դատական վճիռ  մը, որով արգիլեց...

Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ.  Հայրապետական Մաղթանք

Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք

28 յունիսին 25-ամեակն է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` նշելու ու արժեւորելու վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով` հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Հայաստանին: Նոյնպէս հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենային թեմերուն մէջ: Սակայն, նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած կացութիւնը, բոլոր ձեռնարկները յետաձգուեցան: Հայրապետական Մաղթանք Մայր Տաճարին...

Սահմանադրական Դատարանի Նախագահին  Եւ 3 Այլ Անդամներու  Պաշտօնավարութիւնը Դադրեցաւ

Սահմանադրական Դատարանի Նախագահին Եւ 3 Այլ Անդամներու Պաշտօնավարութիւնը Դադրեցաւ

26 յունիսին ուժի մէջ մտան 22 յունիսին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնները: Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէջին մէջ նշուած է. «Մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխին ուժի մէջ մտնելը նշանակուած եւ Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնին վրայ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը կը նկատուի աւարտած, ուստի կը դադրի անոր պաշտօնավարութիւնը»: Հաղորդագրութեան...

Պուքիքիօ. «Սահմանադրութեան Նկատմամբ  Յարգանքը Իրաւունքի Գերակայութեան  Սկզբունքի Հիմնական Պահանջ Է»

Պուքիքիօ. «Սահմանադրութեան Նկատմամբ Յարգանքը Իրաւունքի Գերակայութեան Սկզբունքի Հիմնական Պահանջ Է»

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանին յղուած պատասխան նամակին մէջ նշած է, որ սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքը իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի հիմնական պահանջ է. «Ես կրնամ միայն կոչ ուղղել` յարգելու Սահմանադրութիւնը: Անիկա կը հանդիսանայ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի հիմնարար պահանջ», շեշտեց Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը իր նամակին մէջ: Ճիանի Պուքիքիոն  դիտել տուաւ, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ...

Դաշնակցական Երիտասարդներու Ցոյց`  Սահմանադրական Դատարանին Առջեւ

Դաշնակցական Երիտասարդներու Ցոյց` Սահմանադրական Դատարանին Առջեւ

26 յունիսին դաշնակցական երիտասարդներ բողոքի ցոյց կատարեցին Սահմանադրական դատարանին դիմաց` հոն տեղադրելով շղթայուած պաստառ, որուն վրայ գրուած է սահմանադրութիւն, պատկերուած` Հայաստանի զինանշանն ու դրօշը: «Ժողովուրդին անունով կը խօսին բոլորը, մենք, ի հարկէ, իրաւասու չենք խօսիր ամբողջ ժողովուրդին անունով, բայց վստահ ենք, որ ժողովուրդին մէջ կայ հատուած մը, որ կրնայ այս ամբողջ անօրինութիւններուն արժանի պատասխան տալ», ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան:...

Նորա Արիսեան Երեսփոխանական  Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ`  Նոր Ընտրութիւններուն Համար

Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Նոր Ընտրութիւններուն Համար

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Դիմատետրի իր էջով հաղորդեց, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին 13 ապրիլ 2020-ին, սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով յետաձգուեցան ու պիտի կատարուին 19 յուլիս 2020-ին:  

Նոր Դրոշմաթուղթ` Նուիրուած  Հռոմի Պապին Հայաստան Այցելութեան

Նոր Դրոշմաթուղթ` Նուիրուած Հռոմի Պապին Հայաստան Այցելութեան

24 յունիսին ամբողջացաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան կատարած հովուապետական այցելութեան չորրորդ ամեակը: Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրի էջէն կը տեղեկանանք, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուին միջազգային ընդգրկում ունեցող այդ անմոռանալի իրադարձութեան արձագանգները: Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը 2020-ը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի»,  այդ նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Վատիկանը` հրապարակելով դրոշմաթուղթ, որուն վրայ պատկերուած է, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան այցելութեան ընթացքին...

Ազգային Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կասեցնելու Լիբանանի Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակի Սադրանք` Ընդգծելով, Որ Այդ Սադրանքներուն Դէմ Դնելը Լիբանանեան Հաւաքական Պատասխանատուութիւն Է

Խմբագրական. Բացառե՛լ Առաջին Ընտրանքը

Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը համալիբանանեան խորհրդակցութիւն կազմակերպելու առումով բախեցաւ որոշ դժուարութիւններու: Ներլիբանանեան հեռակայ բանավէճերը, փոխադարձ մեղադրանքները, հեռակառավարելիութեան իրողութիւնը եւ միջհամայնքային լարուածութեամբ յառաջացած գրեթէ նախաբախումնային կացութիւնը խոչընդոտներ էին, որ թէ՛ ձեւաչափով եւ թէ՛ բովանդակութեամբ արագօրէն կայանար համալիբանանեան խորհրդակցութիւնը: Ասով հանդերձ առնուած քայլը օրինաչափ էր եւ ակնկալելի` հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Քաղաքացիական անհնազանդութեան բողոքի դրսեւորումներէն մինչեւ համակարգային փոփոխութեան պահանջ, լիբանանեան դրամանիշի գահավիժումէն մինչեւ զանգուածային...

Page 431 of 797 1 … 430 431 432 … 797

Արխիւներ