Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Կազմել Փրկութեան Կառավարութիւն Մը, Որ Նկատի Պէտք Է Ունենայ Բոլոր Բարեկարգումներու Իրագործումը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Օգոստոս 24, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 22 օգոստոս 2020-ին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ցաւով յայտնեց, որ թերթերուն մէջ լոյս տեսած այն մեկնաբանութիւնները, թէ անկարելի է մօտիկ ապագային նոր վարչապետի նշանակում կատարել եւ կառավարութիւն կազմել, իրականութեան կը համապատասխանեն:

«Բայց եւ այնպէս տակաւին յոյս կայ նոր վարչապետի նշանակումին առումով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նոր վարչապետի նշանակումին առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանները պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրել:

«Այս առիթով Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով կ՛ըսեմ, որ ներկայիս գովաբանական արտայայտութիւններու, նախապայմաններու եւ առժամեայ շահերու ժամանակը չէ: Լիբանան վտանգի ենթակայ է, քաղաքացիները վտանգի ենթակայ են, երկիրը աղէտի մէջ է, հետեւաբար մենք վաղը չէ, այսօր պէտք է համաձայնինք փրկութեան կառավարութեան մը շուրջ: Կառավարութիւն մը, որ նկատի պիտի ունենայ բոլոր բարեկարգումներու իրագործումը, որպէսզի Լիբանանի մէջ յոյսը վառ պահենք եւ արտաքին աշխարհէն օժանդակութիւն խնդրենք: Եթէ մենք մեզի չօգնենք, ոչ ոք մեզի պիտի օգնէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքին վարչապետի թեկնածուն ո՞վ է եւ արդեօք ան կը զօրակցի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի՞ն, թէ՞ անկախ անձնաւորութեան մը, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Մենք տակաւին այս հարցը կը քննարկենք: Եւ որպէսզի շատ անկեղծ պատասխանեմ այս հարցումին, կը հաստատեմ, որ նախքան վերջին կառավարութեան` ներկայ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կազմութիւնը, մենք մինչեւ վերջին վայրկեանը կառչած մնացինք Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան, հակառակ անոր որ Հարիրիի անձին շուրջ համախոհութիւն չկար: Սակայն ան մետասաներորդ պահուն իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց:

Այսօր վարչապետի անձէն անդին, մենք կը խօսինք ծրագիրին մասին, փրկութեան մասին: Եթէ այսօր նուազագոյն համախոհութիւնը ըլլայ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ փրկութեան ծրագիր մը իրագործելու, ապա մենք հաստատ անոր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրենք: Ցաւ ի սիրտ, այսօր չենք գիտեր, եթէ Սաատ Հարիրի կը փափաքի՞ իր թեկնածութիւնը առաջադրել: 4 օգոստոսին, պայթումի պահուն մենք Սաատ Հարիրիի մօտ կը գտնուէինք, եւ օրին ինք յայտնեց, որ պատրաստ չէ վարչապետի պաշտօնը վերստանձնելու: Այսօր պայմանները տարբեր են, եւ մենք քաջ գիտենք Հարիրիի ազգային կեցուածքներուն մասին, բայց եւ այնպէս ցարդ որոշում չկայ»:

Նախորդը

«Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Վնասուած Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղեմ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին Եւ Քաղաքին, Իսկ Հատուցումը Պիտի Ըլլայ Արագ Եւ Արդար» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Նախարար Տօնոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Սերկէյ Շոյկուի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?