Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Տօնոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Սերկէյ Շոյկուի Հետ

August 24, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Այս մասին «Երկիր»-ին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային անվտանգութեան իրավիճակին եւ երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է յուլիսեան մարտական գործողութիւններէն ետք  շրջանին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծած է, որ որոշ պետութիւններու յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնը եւ իրականացուող ռազմական բնոյթի քայլերը միտուած են շրջանային իրավիճակի ապակայունացման ու ռազմականացման:

Իր կարգին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է կայունութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու իրականացումը բոլոր պետութիւններուն կողմէ:

Ընդգծելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական դաշնակցային բնոյթը` նախարարները քննարկած եւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են ռազմական համագործակցութեան ուղղութեամբ յառաջիկայ ընելիքներուն շուրջ:

Միւս կողմէ, 23 օգոստոսին Ռուսիոյ մերձմոսկովեան «Փաթրիոթ» աւանին մէջ տեղի ունեցած է միջազգային բանակային 6-րդ խաղերու եւ «Բանակ-2020» ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Ստեփան Գալստեանը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:

Նախարար Տօնոյեան բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք զրուցած է բանակային խաղերու հայ մասնակիցներուն եւ հրամանատարներուն հետ ու մաղթած յաջողութիւն մրցումներուն:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Կազմել Փրկութեան Կառավարութիւն Մը, Որ Նկատի Պէտք Է Ունենայ Բոլոր Բարեկարգումներու Իրագործումը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հոգածութեան Առանցքը Կը Կազմեն Առաւելաբար Մանուկներն Ու Պատանիները

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է  Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ  Շրջանակային Փաստաթուղթը
Հայկական

Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ Շրջանակային Փաստաթուղթը

January 16, 2026
Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած  Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.