Անվճար Ուսման Կարելիութիւն Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններէ Ներս
Այս տարի, իւրայատուկ պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք կրթական տարեմուտը եւ հետեւաբար, քաջածանօթ ըլլալով մեր ծնողներուն դիմագրաւած տեսակաւոր հարցե-րուն ու դժուարութիւններուն, Ազգ. Վարչութիւնը վճռեց 2020-2021 կրթական տարեշրջանին, Լիբանանահայ ազգային վարժարաններէն ներս անվճար ուսման կարելիութիւն ստեղծել բոլոր աշակերտներուն համար: Ուստի, այս առթիւ նախ կոչ կ՛ուղղենք հայ ծնողքին, թելադրելով, որ անպայմանօրէն իրենց զաւակներուն քայլերը ուղղեն դէպի Ազգային Վարժարան, որպէսզի Հայ դպրոցի հարազատ միջավայրին...




















