Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Պելճիքացի Երեսփոխաններու Պատուիրակութիւն Մը

October 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 30 հոկտեմբերին ընդունած է Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տան երեսփոխան Ժորժ Տալմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է պելճիքացի երեսփոխանին` արցախահայութեան համար պատերազմական ծանր ժամանակահատուածին Արցախ այցելելու եւ տեղւոյն վրայ անձամբ իրավիճակին ծանօթանալու համար: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, շատ կարեւոր է, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը ոչ միայն տեղեակ ըլլայ առարկայական իրականութենէն, այլեւ յստակ միջոցներու ձեռնարկէ շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւնները կանխելու եւ նախայարձակ կողմի նկատմամբ համապատասխան պատժամիջոցներ կիրարկելու ուղղութեամբ:

«Դժբախտաբար, մենք կը տեսնենք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ նախաձեռնուած այս պատերազմը, որուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներ, կը ծաւալի արդէն դէպի Եւրոպա, եւ ֆրանսական քաղաքներուն մէջ օրերս տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ատոր վառ վկայութիւնն են», ըսած է նախագահ Յարութիւնեան եւ աւելցուցած, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը որեւէ ձեւով արդարացուած չէ:

Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տան երեսփոխան Ժորժ Տալման շնորհակալութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ ցնցուած է իր տեսածով, թէ ի՛նչ վայրագութիւններ կ՛իրականացուին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ:

Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի Միջին Արեւելքի հետ կապերու պատասխանատու Պետրոս Պետրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր, քննարկուած են նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շիայի Եւ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Սահմանագծումին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ Եւ Ցաւակցագիր Մը Յղեց Մաքրոնին

Յաջորդը

Նախկին Նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Ռոպերթ Քոչարեան Կը Փափաքին Մոսկուա Այցելել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ  Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով
Հայկական

Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.