Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միացեալ յայտարարութիւն մը` նշելով, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 24 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆըն Ի. Պայկընի հետ եւ վերահաստատած երկիրներուն յանձնառութիւնը` «գործադրելու եւ յարգելու 10 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ գոյացած եւ 17 հոկտեմբերին Փարիզէն վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարի համաձայնութիւնը` համաձայն 1 հոկտեմբեր 2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միացեալ յայտարարութեան:
«Մարդասիրական հրադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէ 26 հոկտեմբեր 2020-ին, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Միացեալ Նահանգներ դիւրացուցին արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջեւ աշխուժ բանակցութիւնները` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը մօտեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման»:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթինի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 29 հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ: Այս մասին նշուած է համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան մէջ:
«24 հոկտեմբերին համանախագահները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցած են արտաքին գործոց նախարարներու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Սթեֆըն Պայկընի հետ միացեալ հանդիպումին: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու 10 հոկտեմբերի Մոսկուայի միացեալ յայտարարութեան բոլոր կէտերու իրականացման ուղղութեամբ` իրենց պարտաւորութիւններուն համապատասխան, որոնք վերահաստատած են 18 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ: Համանախագահները նաեւ կողմերուն յիշեցուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` 1 հոկտեմբեր 2020-ի միացեալ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի միացեալ յայտարարութեան մասին: Նախարարները կողմերուն կոչ ուղղած էին անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ առարկայական բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ համանախագահներու հովանիին ներքեւ:
Աշխուժ քննարկումներու ընթացքին համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են անյապաղ մարդասիրական հրադադարի իրականացումը, հրադադարի դիտարկման հաւանական չափորոշիչները եւ 10 հոկտեմբերի միացեալ յայտարարութեան համաձայն համապարփակ լուծման հիմնական էական տարրերու քննարկման նախաձեռնումը: Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած են կրկին հանդիպիլ Ժընեւի մէջ 29 հոկտեմբերին` քննարկելու, ձեռք բերելու պայմանաւորուածութիւն եւ սկսելու համաձայնեցուած ժամկէտներու մէջ իրականացնել բոլոր այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ ընդունուած հիմնական սկզբունքներուն համապատասխան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանը այցելած են Արցախի հարաւարեւելեան հատուած: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեանը գրած է Դիմատետրի իր էջին մէջ:
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, այսօր պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի եւ մեր երկրի անվտանգութեան համակարգի միւս պատասխանատուներուն հետ այցելած էինք հանրապետութեան հարաւարեւելեան հատուած: Այդտեղ քննարկած ենք այն հիմնական ընելիքները, որոնք պէտք է զսպեն թշնամիի լկտի եւ յարձակողապաշտ գործողութիւնները եւ անոր հասցնեն անդառնալի կորուստներ», գրած է նախագահ Յարութիւնեան:
Նախագահը աւելցուցած է, որ թէ՛ բանակը, թէ՛ աշխարհազօրը ամուր կանգնած են իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսական ջանքեր կը գործադրեն:
«Փա՛ռք մեր ժողովուրդի քաջազուն զաւակներուն, որոնց սխրանքներուն շնորհիւ ամուր կանգնած ենք մեր հողին», եզրափակած է Արցախի նախագահը:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երկրի անվտանգութեան համակարգի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ հանդիպում ունեցած է աշխարհազօրի մարտիկներու հետ: Այս մասին Արցախի նախագահը գրած է Դիմատետրի իր էջին մէջ:
«Հայրենիքի պաշտպաններու հետ զրոյցը ծաւալած է ստեղծուած իրավիճակի զարգացումներուն եւ անոնց հակազդելու մեր ընելիքներուն շուրջ:
Անցած մօտ մէկ ամսուան ընթացքին թշնամիի մարտավարութիւնը գերազանց սերտած մեր տղոց արհեստավարժութիւնն ու գիտելիքները միայն ոգեւորութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչեն: Անոնք քաջ կը գիտակցին ե՛ւ հայրենիքի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, ե՛ւ անոր զոհողութեան գինը», գրած է նախագահ Յարութիւնեան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Լենա Նազարեան, Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեան եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները 25 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ: Շուրջ 20 հոգինոց պատուիրակութիւնը 25-էն 27 հոկտեմբերին կը գտնուի Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ, ունեցած է եւ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Լենա Նազարեան, ողջունելով Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխանները Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց այս դժուար պահուն հայերուն կողքին ըլլալու, իրերը իրենց անունով կոչելու համարձակութեան ու համամարդկային արժէքները պաշտպանելու համար:
Խորհրդարանի փոխնախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական նախայարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակի մասին` նշելով, որ հայ բնակչութեան նկատմամբ տեղի ունեցող գործընթացները պայմանաւորուած են անոնց ինքնութեամբ:
Լենա Նազարեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանը թիրախաւորած է նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը` կիրարկելով արգիլուած զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ դրսեւորած է վայրագութիւններ ու անմարդկային վերաբերմունք:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստան հասած Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի համար այս դժուար պահուն մեր երկիրը այցելելու եւ հայ ժողովուրդին կողքին ըլլալու համար:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին` վարչապետը նշած է, որ առաջնագիծին մէջ վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած:
Վարչապետը աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման վերաբերեալ Հայաստանի պատկերացումները կը շարունակեն մնալ նոյնը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերու հրամանատարներ, գնդապետ-զօրավար Կարէն Շաքարեանին եւ փոխգնդապետ Յունան Հայրումեանին շնորհուած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն պատկանող հերթական խոցուած անօդաչու սարքի լուսանկարները: Լուսանկարները Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Նշենք, որ 27 սեպտեմբերէն մինչեւ այսօր հայկական կողմը խոցած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն պատկանող առնուազն 218 անօդաչու թռչող սարք, որոնք հիմնականին մէջ իսրայէլեան եւ թրքական արտադրութիւն են:
Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով 1915-ի զոհերու յիշատակին:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հայկական արտադրութեան կառավարուող հարուածային անօդաչու թռչող սարքի կիրարկութեան տեսանիւթ մը հրապարակած է: Տեսանիւթը Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ թշնամին հրետակոծած է Ասկերանի շրջանի Մադաթաշէն համայնքը:
Աւելի ուշ, նոյն պետական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ օրուան ընթացքին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ հրետակոծութեան ենթարկուած են Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Մոշխմհատ գիւղերը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց տուած է հնդկական «Տապլիու.Այ.Օ.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին:
Հարցազրոյցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան, պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ Հայաստան կ՛ակնկալէ՞ արդեօք Հնդկաստանի աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, եւ ինչպիսի՞ աջակցութիւն պիտի ըլլայ ատիկա, ըսած է, որ Հայաստանը ինչ որ կ՛ակնկալէ միջազգային հանրութեան միւս ներկայացուցիչներէն, կ՛ակնկալէ նաեւ Նիւ Տելհիէն. արձանագրել, որ Թուրքիան կազմակերպած է ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու տեղափոխումը Ազրպէյճան, եւ առանց Թուրքիոյ այդ պատերազմը պիտի չսկսէր: Արձանագրել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ահաբեկչական խմբաւորումներու նախայարձակ գործողութիւնները, արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը կը գտնուի գոյութենական վտանգի առջեւ, ցեղասպանութեան վտանգի դիմաց եւ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Քանատական Bombardier Recreational Products ընկերութիւնը դադրեցուցած է օդանաւերու շարժիչներու մատակարարումը Թուրքիոյ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը տեղեկացնէ «Սի.Պի.Սի.»-ն:
Քանատական ընկերութիւնը նշած է, որ միայն վերջերս տեղեկացած է, որ շարժիչները կ՛օգտագործուին ռազմական անօդաչու թռչող սարքերու համար:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն, որպէսզի վերջիններս կանգնեցնեն Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ընթացող պատերազմը:
«Արդէն գրեթէ մէկ ամիս է, որ դաժան պատերազմ է Արցախի մէջ, եւ Թուրքիան իր ամբողջական ուժով ուղղակի ներգրաւուած է պատերազմին մէջ եւ կը սատարէ Ազրպէյճանին: Մօտ 4000 միջազգային ահաբեկիչներ ուղարկած է այստեղ եւ հիմա ալ 1200 յատուկ ջոկատայիններ ուղարկած է, որոնք Լեռնային, անտառային մասնագէտներ են: Ես կը դիմեմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն` պարոն Մաքրոնին, պարոն Թրամփին եւ պարոն Փութինին, որ իրենց վճռական ձայնը բարձրացնեն եւ կանգնեցնեն այս նոր ցեղասպանութիւնը: Հարիւր տարի անց Թուրքիան կը փորձէ երկրորդ ցեղասպանութիւնը կատարել այստեղ, ինչպէս 1989-1990-ին Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանը փորձեց ցեղասպանութիւն կատարել հայութեան նկատմամբ: Պարոն Էրտողանը ունի մեծ երազանք` նոր-օսմանական կայսրութիւն ստեղծել, այդ խաչմերուկին վրայ Հայաստանն ու Արցախն են», ըսած է Պարգեւ սրբազանը:
Անոր համաձայն, Թուրքիան կ՛ուզէ մաքրել հայութիւնը իր տարածքէն: