«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ բանակցելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ` առանց որեւէ նախապայմանի:
Ազրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ կայացնելու հրաւէր չէ ստացած, սակայն ստանալու պարագային դրական պիտի արձագանգէ:
Երէկ` չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց, որ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին Բերձորի ուղղութեամբ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները յաջողած են որոշ դիրքային բարելաւումներ իրականացնել:
Ըստ անոր, 28 հոկտեմբերի ամբողջ օրը Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, ինչպէս նաեւ անոնց աջակցող ահաբեկչական խմբաւորումները, յատուկ նշանակութեան տարբեր ջոկատները շարունակած են իրենց յարձակողական տարաբնոյթ գործողութիւնները Հայաստանի սահմանի երկայնքին տեղակայուած ստորաբաժանումներուն ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Արցախի հիւսիսէն մինչեւ հարաւային ուղղութիւն: Բերձորի ուղղութեամբ եւ հարաւային հատուածին մէջ որոշակի ոչ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններ կատարուած են: Թշնամին չէ յաջողած յառաջանալ դէպի Բերձորի ուղղութիւն, հակառակ անոր ի գործ դրած ջանքերուն: Այս ուղղութեամբ հայկական բանակի ստորաբաժանումները կրցած են դիրքային որոշ բարելաւումներ իրականացնել:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ հիւսիսային ուղղութեամբ թշնամիին կողմէ հիմնականին մէջ արձակուած է հրետանային կրակ, մասնաւորապէս Մարտակերտի մէջ եւ աւելի հիւսիս գտնուող ստորաբաժանումներուն ուղղութեամբ:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, սահմանագիծի որոշ ուղղութիւններու վերահսկողութիւնը Ազրպէյճան, կարծես թէ, յանձնած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Ան այս երեւոյթը յանձնեց ո՛չ միայն Ազրպէյճանի ուշադրութեան, որ այս արարքը համապատասխան կորուստներ եւ հետեւանքներ պիտի ունենայ, այլ նաեւ շրջանի պետութիւններուն:
Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բացայայտ եւ դիտաւորեալ կերպով պատերազմական յանցագործութիւններ իրականացնել` տարբեր զինատեսակներէ թիրախաւորելով Արցախի հիւանդանոցներն ու դպրոցները, բնակելի տուներն ու հանրային նշանակութեան այլ կառոյցներ` սպաննելով կամ մարմնական վնասուածքներ պատճառելով խաղաղ բնակչութեան:
Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրեց Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան` դիտել տալով, որ աշխարհի հանրայայտ լրատուամիջոցներու ներկայութեամբ կը շարունակուի այս ամէնը, իսկ աշխարհը լուռ կը մնայ, լաւագոյն պարագային ափսոսանք յայտնելով մարդկային կորուստներուն համար:
«Կրկին կը նախազգուշացնենք ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը` մեր խաղաղ բնակավայրերուն հասցուած ոչ մէկ հարուած անպատասխան չի մնար եւ պիտի չմնայ. ուշքի եկէ՛ք…
«Իսկ ազրպէյճանական բնակավայրերու այն բնակչութեանը, որոնց տուներուն մօտ տեղակայուած են ռազմական կառոյցները, անգամ մը եւս կը յորդորենք հեռանալ, որպէսզի ազրպէյճանական իշխանութիւններու պատերազմական յանցագործութիւններու պատճառով եւ մեր պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով չդառնան կենդանի վահան», նշեց Պօղոսեան:
Ազրպէյճանական զինուած ուժերը 28 հոկտեմբերին աւելի քան 15 անգամ հարուածած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի տարբեր հատուածներ` դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորելով «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը եւ բնակելի ու հանրային նշանակութեան որոշ կառոյցներ:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին համաձայն, Շուշիի մէջ արձանագրուած է մէկ զոհ եւ երկու վիրաւորներ, քանդուած են տուներ եւ դպրոց, տուժածներ կան նաեւ Ստեփանակերտի մէջ, ուր առկայ է նաեւ մեծածաւալ աւերածութիւն, ներառեալ` «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոն»-ին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ` արդէն թիրախաւորելով ընդհուպ «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը»:
«Այս նոր յանցագործութիւնները հետեւանքն են նախորդ յանցագործութիւններուն հանդէպ միջազգային հանրութեան թոյլտուութեան, որուն առիթը կ՛օգտագործէ ազրպէյճանական կողմը: Հետեւաբար, այս յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութիւն կը կրէ ինչպէս Ազրպէյճանը, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը», շեշտեց ան:
Ծննդատան ռմբակոծման արձագանգեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի ծննդատան եւ բնակելի թաղամասերուն ուղղութեամբ եղած հրթիռային հարուածները մարտահրաւէր են ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն` հաւատարիմ մնալու մարդասիրական հրադադարին վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, հակառակ պարագային խոստանալով համարժէք պատասխանին երկար սպասել չտալ:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի ծննդատան թիրախաւորումը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ կը խախտէ մարդու` բժշկական օգնութիւն ստանալու իրաւունքը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ ազրպէյճանական կողմի գործողութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի թիրախը ժողովուրդն է: «Այս պատերազմական յանցագործութիւնը, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ սովորութային իրաւունքի կոպիտ խախտում է, յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի թիրախը ժողովուրդն է` նորածիններ, մայրեր, տարեցներ: Արցախի մէջ կեանքը սպաննելու Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան փորձերը պիտի ձախողին, իսկ անոնց կազմակերպիչները պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան», նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իրանի բանակի ցամաքային ուժերու հիւսիսարեւմտեան շրջանի ընդհանուր հրամանատար Ալի Հաճիլու յայտնած է, որ Իրանի բանակի 321-րդ յարձակողական շարժական ջոկատի որոշ ստորաբաժանումներ պիտի տեղակայուին երկրի հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն վրայ:
Ալի Հաճիլու ընդգծած է, որ բանակը խստօրէն պիտի պայքարի Իրանի անվտանգութեան ուղղուած որեւէ սպառնալիքի դէմ: «Մեր թշնամիները թող գիտնան, որ եթէ Իրանի անվտանգութեան դէմ որեւէ գործողութիւն իրականացնեն, անոնց ձեռքերը կը կտրենք», ըսած է Հաճիլու:
«Արմէնփրէս» կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան «Արցախի հերոս»-ի բարձրագոյն կոչում շնորհեց բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ջալալ Յարութիւնեանին` հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար:
«Ասիկա նախ եւ առաջ մեր բանակի հերոսական պայքարի գնահատականն է. այն պայքարին, որ, պատերազմի առաջին իսկ օրէն սկսած, կը մղեն թէ՛ հրամանատարական կազմը, թէ՛ բոլոր ստորաբաժանումները` ցուցաբերելով աշխարհի ամէնէն բարձր մասնագիտականութիւն եւ նուիրուածութիւնը: Ջալալ Յարութիւնեանը մեր հերոսն է, եւ անոր օրինակով մենք պէտք է սերունդներ դաստիարակենք: Շնորհակալութի՛ւն, պարոն զօրավար: Պատի՛ւ ունիմ», յայտարարեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Ան տեղեկացուց, որ Ջալալ Յարութիւնեանի առողջութիւնը, բժիշկներուն հաստատումով, շուտով պիտի վերականգնուի: Ան ապաքինման փուլի մէջ է եւ շուտով պիտի միանայ ծառայակից ընկերներուն: «Համոզուած եմ` հրամանատարի հարուստ փորձն ու գիտելիքները դեռ երկար պիտի ծառայեն մեր հայրենիքին», ընդգծեց նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 28 հոկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոտը:
Ան դեսպանի ուշադրութեան յանձնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու հետեւողական ջանքերուն գործադրութեամբ ձեռքբերուած երեք մարդասիրական հրադադարի` Ազրպէյճանի կողմէ կոպտօրէն խախտման հանգամանքը: Գրիգորեան ընդգծեց շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վրայ Թուրքիոյ բացասաբար աճող ներգրաւուածութիւնը, ինչ որ կը դրսեւորուի Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական սպառազինութեան աջակցութեամբ, տագնապի գօտի օտար զինեալ-ահաբեկիչներ հաւաքագրումով ու տեղափոխումով, ինչպէս նաեւ տագնապը ռազմական ուղիով լուծելու կոչերով:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան բարձր գնահատեց հայ-ֆրանսական խոր արմատներ ունեցող բարեկամութիւնը, տագնապի խաղաղ լուծման մէջ Ֆրանսայի եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնի ներդրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխաններու գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ:
Դեսպան Լաքոթ վերահաստատեց տագնապը միմիայն խաղաղ եւ դիւանագիտական ուղիով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Armenia fighting against substantial Conquest of Pan Turk Empire,Alone, only few appreciations and receiving OPEN INSULTS for NOW ,without Reply; others for APPROVING, THINKING, that “Storm” Passing, with ARMENIA FALL, THEY WILL BE “SAFE” again doing
“Business” as usual, selling arms to other defendant countries “KEEPING BALANCE SALES OF ARMS” for BIG PROFITS;; Forgetting , inside, HUGE ACCUMULATION of HOSTILE POPULATION, ACCUMULATED since WW2, READY TO REVOLT if “EMPIRE” SUCCEEDS ITS START WITH ARMENIA FALLS!!! Help Armenia Defeat POLITICAL CORONA VIRUS NOW, HELPING YOURSELF for WORST CONSEQUENCES as “MIXTURE” and VULNERABLE. HELP NOW TO BE SAFER LATER : AN URGENT VERY URGENT WARNING TO ALL HESITANT COUNTRIES!!!