Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 466.200.000 Լիբ. Ոսկիով Կը Մասնակցի Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Վնասներու Դարմանումի Աշխատանքին

October 29, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, 4 օգոստոս 2020-ին, ծանր վնասներ պատճառեց Լիբանանի մայրաքաղաքին եւ շրջակայ արուարձաններուն, ուր կը գտնուին ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ ակումբներ եւ կը բնակին մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ:

Պայթումին առաջին օրէն ՀՄԸՄ-ական անհատ նուիրատուներ եւ շրջաններ փութացին օգնութեան, որուն համար ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ստեղծեց յատուկ հիմնադրամ մը` նպատակ ունենալով մասնակցութիւն բերել պայթումի վնասներու դարմանումի անյետաձգելի գործին` օժանդակելով պայթումէն վնասուած ակումբներու, ՀՄԸՄ-ականներու բնակարաններու եւ ՀՄԸՄ-ական վիրաւորներու: Այս ուղղութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պատրաստեց անհրաժեշտ ցանկեր, որոնք քանի մը անգամ վերատեսութեան եւ լրացումի ենթարկուեցան` աշխատանքը ամբողջական եւ ճշգրիտ ձեւով կատարելու համար: Ընթացքին, Կեդրոնական վարչութիւնը յարմար գտաւ նաեւ որոշ գումար մը տրամադրել Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն` երկրին տագնապալի պայմաններուն մէջ իրենց աշխատանքները շարունակել կարենալու համար:

Օգնութեան աշխատանքին արդար ձեւով կազմակերպման համար, Կեդրոնական վարչութիւնը երկու մասի բաժնեց վնասուած բնակարաններու շրջանները, Ա. մասին մէջ նկատի ունենալով պայթումին անմիջական շրջակայքին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ականներու բնակարանները, իսկ Բ. մասին մէջ` անմիջական շրջակայքէն անդին գտնուող ՀՄԸՄ-ականներու բնակարանները:

Այս աշխատանքին ծրագրումը, կազմակերպումը եւ դրամատնային ձեւակերպութիւններու ամբողջացումը խլեց շուրջ երկու ամսուան ժամանակ, որուն աւարտին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, իբրեւ առաջին փուլի օժանդակութիւն, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան փոխանցեց 466.200.000 լիբ. ոսկի (55 հազար ամ. տոլար) եւ անոր հետ միասին Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ստորագրութիւնը կրող «Աջակցութեան գիր» մը` օժանդակութենէ օգտուող իւրաքանչիւր պարագայի համար:

Օժանդակութիւնները փոխանցուեցան հետեւեալ ձեւով.

Ա) 147.000.000 լիբ. ոսկի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի ակումբներու վերանորոգութեան իբրեւ մասնակցութիւն:

Բ) 84.000.000 լիբ. ոսկի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերու ընթացիկ աշխատանքներուն շարունակականութիւնը ապահովելու համար:

Գ) 10.000.000 լիբ. ոսկի ՀՄԸՄ-ական 9 վիրաւորներու համար:

Դ) 64.400.000 լիբ. ոսկի 23 ՀՄԸՄ-ականներու բնակարաններու համար, որոնք կը գտնուին պայթումին անմիջական շրջակայքին մէջ:

Ե) 148.750.000 լիբ. ոսկի 85 ՀՄԸՄ-ականներու բնակարաններու համար, որոնք կը գտնուին պայթումին անմիջական շրջակայքէն անդին գտնուող շրջաններու մէջ:

Զ) Կեդրոնական վարչութեան հիմնադրամին ճամբով կատարուած օժանդակութիւններէն անկախ, գտնուեցան նաեւ շրջաններ, որոնք փափաքեցան Լիբանանի շրջանին օժանդակել հիմնադրամէն անկախ: Կեդրոնական վարչութիւնը ողջունելով գաղափարը` դիւրացուց օժանդակութեան փոխանցման աշխատանքը:

Յիշեալ օժանդակութիւններու փոխանցումէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հանգրուանային կերպով կատարեց նիւթական գումարներու բաշխումը` ներկայութեամբ իր կազմէն եւ վնասուած շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութենէն ներկայացուցիչներու:

Աշխատանքի բարեյաջող աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ միութեան այն բոլոր շրջաններուն եւ անհատ ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք Լիբանանի տագնապալի օրերուն նիւթաբարոյական իրենց աջակցութիւնը չզլացան Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի շրջանին, հաւատարիմ միութեան անզուգական նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ին:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

«Կան Հարցեր, Որոնք Հանրային Քննարկման Առարկայ Դարձնել Նպատակայարմար Չէ»

Յաջորդը

Ֆրանսահայերու Խաղաղ Ցոյցի Ընթացքին Թուրքերը Մուրճերով Եւ Դանակներով Յարձակած Են Ցուցարարներուն Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.