«Ազդակ»-ի 15-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցաբերն էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի արտաքին հարցերու խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան: Նիւթ` «Արցախեան պատերազմ. շարժառիթներ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Բաբայեան նախ յայտնեց, որ Ազրպէյճան երրորդ անգամ ըլլալով հետեւողականօրէն խախտեց ամերիկեան միջնորդութեամբ կայացած հրադադարի համաձայնութիւնը, հարցումի ձեւով արծարծելով այն միտքը, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ինչո՛ւ կ՛ուղարկեն արտաքին գործոց նախարարները հրադադարի բանակցութիւններուն, եթէ որոշած են ի սկզբանէ չյարգել համաձայնութիւնները:
Նախագահի խորհրդականը հաստատեց, որ Թուրքիան կ՛առաջադրէ երկարատեւ կեցութիւն Հարաւային Կովկաս, ինչ որ նաեւ հարցադրումներ կը յառաջացնէ: Պատերազմ հրահրողն ու սանձազերծողը ՕԹԱՆ-ի անդամ է: Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը համարժէք արձագանգ չեն ունենար Թուրքիոյ յարձակողապաշտութեան:
Դաւիթ Բաբայեան այս պայմաններուն մէջ առաջարկեց վերատեսութեան ենթապկել մեր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ խմբաւորել հայկական կողմին ամէնէն շատ աջակցելու կարողութիւն ունեցող երկիրները: Իսկ այս առումով ան միանշանակ նկատեց Ռուսիոյ եզակի դերակատարութիւնը:
Հաստատելէ ետք ահաբեկչական տարրերու ներգրաւումը այս պատերազմին` Բաբայեան նկատեց, որ ռուսական ուժերը հարուածած են են եւ կը հարուածեն Չեչենիոյ, Ստալինկրատի եւ Սուրիոյ ահաբեկչական կեդրոնները: Բնականաբար նաեւ Անդրկովկասի ճամբով դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Ծայրագոյն Արեւելք հասնիլ ուզող համաթրքական ծրագիրը չի բխիր նաեւ ռուսական շահերէն: Իսկ այսօր այդ ծրագիրը 100 տարի ետք, Թուրքիան կրկին կը փորձէ գործադրութեան դնել:
«Անհրաժեշտ է գործընկերութեան նոր որակ հաղորդել մեր ռազմավարական դաշնակիցին հետ», եզրափակեց Դաւիթ Բաբայեան: