Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Խախտեց Նաեւ Երրորդ Մարդասիրական Հրադադարը

Հոկտեմբեր 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խախտելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 26 հոկտեմբերին ճշդուած մարդասիրական հրադադարի մասին համաձայնութիւնը` Ազրպէյճան երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակեց մարտերը տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական բնակավայրերը:

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանի, Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը շարունակուած է 25 հոկտեմբերին, երբ Ազրպէյճան փորձած է, սակայն չէ յաջողած ճեղքել ռազմաճակատը:

26 հոկտեմբերի առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերը, որոնց միացած են ահաբեկչական տարբեր կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններու զինուած ուժերու ստորաբաժանումներ, հարաւարեւելեան ուղղութեամբ լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեցին քանի մը ուղղութիւններով` միաժամանակ հրետակոծելով եւ ռմբակոծելով Արցախի քաղաքները:

Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ հայկական ռազմական ղեկավարութիւնը փայլուն կերպով կը տիրապետէ իրավիճակին, նոյնիսկ եթէ երբեմն ստիպուած կ՛ըլլայ նահանջել ու որոշ դիրքեր զիջիլ` շատ յաճախ գերակայող ուժերու ազդեցութեան տակ, բայց մեր հրամանատարական միտքի փայլուն ծրագիրին շնորհիւ կացութիւնը հակակշիռի տակ կ՛առնուի:  Յովհաննիսեան աւելցուց, որ թշնամիին կողմը 8-12 անգամ աւելի ուժեր կանգնած են մեր զօրքերուն դիմաց:

Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուց, որ ազրպէյճանական բանակը 25 հոկտեմբերի երեկոյեան կրցած է գրաւել Կուբաթլուն եւ մօտեցած Սիւնիքի դարպասներուն, բայց իրավիճակը ծայրայեղ չէ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, թէ ինք կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգները կ՛արձագանգեն Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման` մատնանշելով, թէ որո՛ւ գործողութիւններուն հետեւանքն է հրադադարի խախտումը եւ անիկա ի՛նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ հրադադարը խախտողին համար:

Դիմատետրի իր էջէն կատարած յայտարարութեան ընթացքին վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ հարցուցած է Փոմփէոյին, թէ ինչպէ՞ս պիտի յստակացնեն, թէ ո՛վ խախտած է հրադադարը եւ ի՛նչ հետեւանքներ պիտի արձանագրուին զայն խախտողին հաշուոյն:

Վարչապետ Փաշինեան աւելցուց, թէ դեռ յոյս ունի, որ արդիւնք պիտի տան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն ջանքերը` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան ո՛չ միայն չ՛ուզեր հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, այլեւ կ՛ուզէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի անձնատուութեան:

Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ հայ ժողովուրդը պատրաստ է փոխզիջումներու, նոյնիսկ ցաւոտ փոխզիջումներու, սակայն հայ ժողովուրդը ոչ մէկ պարագայի պատրաստ է անձնատուութեան:

Վարչապետը կոչ ուղղեց տղամարդոց` զինուորագրուելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, իսկ կիներէն խնդրեց քաջալերել տղամարդիկը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան արձագանգեց այն իրողութեան, որ, հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն ի գործ դրած ջանքերուն` շրջանին մէջ մարդասիրական հրադադարի հաստատման միտող, Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել եւ խախտել այդ նպատակով ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւնները:

Արցախի մէջ տեղի ունեցած մարտերուն զոհուած է եզիտի հոգեւորական շէյխ Մրազ Քալոյեանը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է «Հայաստանի երիտասարդ եզիտիներու  ընկերակցութեան» նախագահ Սայիտ Աւտալեանը:

Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, թէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախաւորած են Ասկերանի վերին ենթաշրջանը` Աւետարանոց, Մատաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերը, իսկ Ստեփանակերտի մէջ նկատուած է անօդաչու թռչող սարք:

«Հայաստան» համայկական հիմնադրամի «Մենք ենք մեր սահմանները.  բոլորս Արցախի համար» խորագիրով դրամահաւաք-արշաւին հանգանակուած գումարին չափը անցած է 150 միլիոն տոլարի սահմանը:

Նշենք, որ երէկ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն նահատակուած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Բենիամին Նալբանդեան:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեանը` Փաշինեանի Տեսաուղերձին Մասին. «Այս Ամէնը Կը Դառնայ Ե՛ւ Անհասկնալի, Ե՛ւ Անընդունելի»

Յաջորդը

Հիւսիս-Հարաւ Առանցքը Անդամալուծուած

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?