Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքացի Երեսփոխանի Եւ Խումբ Մը Լրագրողներու Հայաստան Եւ Արցախ Այցելութիւնը Շարունակուեցաւ

Նոյեմբեր 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթ օր ընդունած է Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ժորժ Տալեմանը:

Պելճիքացի խորհրդարանականը Հայաստանի նախագահին տեղեկացուցած է, որ վերջին օրերուն գտնուած է Արցախի մէջ, եղած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, ականատես եղած է Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող հրետակոծութիւններուն, ներառեալ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն եւ խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորումը:

Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնած են Արցախի հանդէպ սանձազերծուած ազրպէյճանաթրքական նախայարձակումի եւ ատոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարը չպահպանելու, շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն եւ ազրպէյճանական բանակին կողմէ վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեան առնչութեամբ: Նշուած է, որ իրավիճակի հետագայ սրումը կրնայ յանգեցնել ո՛չ միայն մարդասիրական աղէտի, այլեւ ապակայունացնել ամբողջ շրջանը:

Յայտնենք, որ 28-30 հոկտեմբեր, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխան Ժորժ Տալեման եւ խումբ մը պելճիքացի լրագրողներ այցելեցին Արցախ: Պատուիրակութեան ուղեկցեցան Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Պետրոս Պետրոսեան: Ժորժ Տալեմանը առաջին եւրոպացի երեսփոխաններէն է, որ այցելեց Արցախ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմէն ետք:

Այցելութեան ընթացքին պելճիքացի երեսփոխանը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի հետ:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումին ընթացքին Ժորժ Տալեման նշեց. «Ես ինծի հետ Արցախ բերած եմ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ պելճիքացի բազմաթիւ գործընկերներու աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: Արցախը հերոսաբար կը պաշտպանուի ազրպէյճանական բանակէն, որուն կ՛աջակցին վարձկաններ, ժիհատականներ եւ Թուրքիոյ Էրտողանի վարչակարգը: Վերջինները մեր երկու ժողովրդավար երկիրներուն համար ընդհանուր թշնամիներ են: Եւրոպան պէտք է ամէն ինչ ընէ հայերուն դէմ ջարդերն ու զինուորական յանցագործութիւնները դադրեցնելու համար»:

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ ազրպէյճանական յարձակումները եւ ռմբակոծութիւնները յատկապէս բուռն էին պատուիրակութեան` այնտեղ գտնուելու ընթացքին: Մասնակիցները ականատես եղան ազրպէյճանական բանակին կողմէ գործուած ռազմական յանցագործութիւններու պատճառով մարդկային եւ նիւթական վնասին, յատկապէս Ստեփանակերտի ծննդատան վրայ անմարդկային հրետակոծութենէն ետք:

Մեկնաբանելով այցելութիւնը` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յարութ Շիրինեան նշեց. «Մենք շնորհակալ ենք այս պատուիրակութեան մասնակիցներուն, որոնք վճռականօրէն որոշեցին պատերազմի ժամանակ Արցախ գալ, որպէսզի բարձրաձայնեն Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան սպառնացող օրհասական վտանգին մասին: Այսօր Արցախի հերոսական ժողովուրդը հակահարուած կու տայ թուրք սուլթան Էրտողանի համաթրքական յաւակնութիւններուն եւ Ազրպէյճանի բռնապետ Ալիեւին: Այս պայմաններուն մէջ Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը պաշտպանելու միակ ընդունելի լուծումը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումն է, որ այլընտրանք չունի»:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Գուժէ Կամաւորականներ Կիմ Խաչատրեանի Ու Մայիս Նազարեանի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ներկայացուցիչին. Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Ցամաքային Զօրքերու Ներուժը Լուրջ Վնասներ Կրած Է

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?