Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքի խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Փալերմոյի քաղաքային խորհուրդը նաեւ դատապարտած է Ազրպէյճանի յարձակումը Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ, ինչպէս նաեւ հասարակական վայրերը թիրախաւորելու բազմաթիւ դէպքերը:
Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի տեղեկատուական շտապը: