Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ներկայացուցիչին. Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Ցամաքային Զօրքերու Ներուժը Լուրջ Վնասներ Կրած Է

Նոյեմբեր 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 նոյեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ցամաքային զօրքերու ներուժը լուրջ վնասներ կրած է, եւ հիմնական յոյսը մնացած են վարձկանները:

Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ ամբողջ օրուան ընթացքին բոլոր ուղղութիւններով որեւէ նշանակալի դիրքային փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն եւ վճռականօրէն կը դատապարտէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած զինուած յարձակումի ընթացքին միջազգային իրաւունքով արգիլուած` Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի վարման ձեւերու եւ միջոցներու շարունակական կիրարկումը:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը տարանջատուող հրթիռներէ բացի սկսած են նաեւ ֆոսֆոր պարունակող հրկիզող զինամթերք օգտագործել Արցախի Հանրապետութեան բնակավայրերու մերձակայքին մէջ գտնուող անտառապատ տեղանքներու մէջ, ուր յարակից գիւղերու խաղաղ բնակչութեան մէկ մասը ժամանակաւորապէս կը պատսպարուի ազրպէյճանական ներթափանցող խումբերու գործողութիւններէ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ 30 տարի առաջ Արցախի ժողովուրդը ընտրած է անկախութեան ուղին` իբրեւ հայ բնակչութեան բնաջնջման Ազրպէյճանի նպատակաուղղուած քաղաքականութենէն պաշտպանուելու միջոց:

«Համոզուած ենք, որ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ իրենց յանցաւոր ծրագիրը աւարտին հասցնելու շարունակական փորձերու պայմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումը համաշխարհային հանրութեան արդիական եւ հասունացած միջոց է` իրականացնելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կանխելու համընդհանուր ընդունուած պարտաւորութիւնները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երէկ` կիրակի, 1 նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ միացած է օդային տագնապի ազդանշանը: Լսուած են պայթումի քանի մը ձայներ:

Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները ջախջախած են թշնամիի երկու անօդաչու թռչող սարքեր:

Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն նաեւ, թէ Արցախի Մարտունի քաղաքը Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ենթարկուած է ռմբակոծութեան:

Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գերեվարուած քաղաքացիական անձ 84-ամեայ Միշա Մելքումեանի մարմինը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին աջակցութեամբ յանձնուած է հայկական կողմին:  «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին:

Հայաստանի քննչական կոմիտէն հրապարակած է  ազգութեամբ արաբ ձերբակալուած, Սուրիոյ քաղաքացի Մուհհռապ Մոհամետ Շխերու հարցաքննութենէն հատուած մը: Քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքին տրամադրած տեսանիւթին մէջ սուրիացին կը պատմէ, թէ Սուրիոյ մէջ ո՛ւր բնակած է, ինչպէ՛ս այնտեղ սկսած են հաւաքագրումները եւ այլն:

Իսկ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ մարտական գործողութիւններու ընթացքին գերեվարուած սուրիացի վարձկանը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Ճըսր Շուղուր շրջանի Զիատիա գիւղի բնակիչ է: Անունը` Եուսուֆ Ալապըտ Հաճ:  Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան հրապարակած է անոր նախնական հարցաքննութեան տեսանիւթը:

Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ «Կրատ»-ի եւ «Սմերչ»-ի կայանքներու հարուածի հետեւանքով վնասուած է Շուշիի «Կոհար Աղա» իրանական մզկիթի պատը:

Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն նաեւ, որ 1 նոյեմբերին Շուշիի ուղղութեամբ հարուածները շատ եղած են:

«Սփութնիք Ինթըրնեշընըլ»-ին տուած  հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը դիտարկէ իբրեւ մէկ այլ դրացի շրջանի` Հարաւային Կովկասի մէջ իր ազդեցութեան տարածման կարելիութիւն:

Ըստ Զոհրապ Մնացականեանի, բաւական շատ փաստական ապացոյցներ կան Սուրիայէն եւ Լիպիայէն օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու առկայութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ անոնց շարունակական տեղափոխման վերաբերեալ, ինչ որ հաստատուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու  հետախուզութեան կողմէ եւ տագնապի գօտիէն ստացուող տեղեկատուութեամբ:

Նախորդը

Պելճիքացի Երեսփոխանի Եւ Խումբ Մը Լրագրողներու Հայաստան Եւ Արցախ Այցելութիւնը Շարունակուեցաւ

Յաջորդը

Նահատակ Կիմ Խաչատրեանի Վերջին Հրապարակումը. «Բախտը Մէկն Է Զինուորի` Կամ Մահ, Կամ Ազատութիւն»

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?