Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սարգսեան. «Առաջին Հանրապետութեան Փորձը, Ձեռքբերումները Եւ Ձախողութիւնները Մեզի Դասեր Կու Տան»

Նախագահ Սարգսեան. «Այն Երազանքները, Որ Ունէինք Անկախութեան Հռչակման Ժամանակ, Իրականութիւն Են»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստան վերանկախացման 29-ամեակին առիթով:  Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի նախագահին ուղերձը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շնորհաւորում եմ մեր կարեւորագոյն պետական տօնի` Անկախութեան օրուայ առթիւ: 1991 սեպտեմբերի 21-ին, միասնաբար եւ վստահ «այո» ասացինք անկախութեանը: Այն երազանքները, որ ունէինք անկախութեան ձգտելիս եւ անկախութիւն հռչակելիս, իրականութիւն են ի դէմս մեր անկախ պետականութեան: Սակայն այս ճանապարհը շարունակւում է:...

Վարչապետ Փաշինեանի Ուղերձը. «Մենք Ամբողջութեամբ Վճարել Ենք 20-րդ Դարի Բոլոր Պատերազմների Մեր Պարտքը»

Վարչապետ Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 29-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի վերանկախացման 29-ամեակին առիթով:  Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի վարչապետին ուղերձը. «Սիրելի՛ ժողովուրդ` Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, սփիւռքի հպարտ հայութիւն, Շնորհաւորում եմ բոլորիս Հայաստանի Անկախութեան տօնի առիթով: 29 տարի առաջ այս օրը տեղի ունեցած հանրաքուէով մեր ժողովուրդը միահամուռ ամրագրեց Հայաստանի անկախութիւնը: 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէն մեր ժողովրդի...

Երեք Կուսակցութիւններու Հաղորդագրութիւն.   Համապետական Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Երեք Կուսակցութիւններու Հաղորդագրութիւն. Համապետական Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

ՀՅԴ, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները տարածած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ 8 հոկտեմբեր 2020-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպեն համապետական հանրահաւաք: Կուսակցութիւններու տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «2018-ի գարնանը համաժողովրդական շարժումը ստեղծեց երկրի զարգացման որակապէս նոր հնարաւորութիւններ: Հանրութեան մօտ ձեւաւորուեցին արատաւոր բարքերը պատմութեան գիրկն ուղարկելու, երկրում արդարութիւն հաստատելու, երաշխաւորուած եւ առաւել բարեկեցիկ ապագայ ունենալու արդարացի...

Շնորհաւորանքներ` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 29-ամեակին Առիթով

Շնորհաւորանքներ` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 29-ամեակին Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձներ ստացած է շարք մը երկիրներու նախագահներէ: Ռուսիոյ, Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նախագահները եւ Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորած են Հայաստանի վերանկախացման 29-ամեակը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է. «Մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի աւանդութիւններուն վրայ: Դաշնակցային յարաբերութիւններու, բազմակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացումը,...

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

Մեկնելով կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ իր յանձնառութենէն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց առաջարկ մը, որուն հիման վրայ հաստատեց, որ կարելի չէ երեսփոխանական պլոքները հեռու պահել կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններէն, որովհետեւ ի վերջոյ անոնք են, որոնք խորհրդարանին մէջ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկրին սահմանադրութեան մէջ չէ նշուած այս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Վերանկախացման 29-ամեակը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Վերանկախացման 29-ամեակը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ին, իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ մասնակից դառնալ Հայաստանի պետականութիւնը ամրացնող եւ զայն դէպի առաւել բարգաւաճում ու ծաղկում առաջնորդող ծրագիրներու ու աշխատանքներուն: Այսօր, Նորին...

Խմբագրական.  Համաշխարհային Պայմաններ Եւ Հայկական Նախաձեռնութիւններ   (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Համաշխարհային Պայմաններ Եւ Հայկական Նախաձեռնութիւններ (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը կը յառաջացնէ համաշխարհային  ներկայ  պայմաններուն նկատառումով խոհեր, որոնք քաղաքական ընկալումով անպայման պէտք է պայմանաւորուին ժամանակակից գործընթացներով: Աշխարհը, կը թուի, թէ թեւակոխած է համաճարակներու պատճառով ստեղծուող իրավիճակային փուլ: Կենսոլորտային հարցերը, գիւղատնտեսական, արդիւնաբերական, ճարտարարուեստական նորարարութիւնները, ուժանիւթի գործարկման նոր եղանակները եւ կենսա-արհեստագիտութիւնը յայտնաբար տեղի կու տան նոր վարակներու ստեղծման, ծնունդին: Եւ որովհետեւ անվերջ են այս գործընթացները, անվերջ պիտի ըլլայ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Շնորհաւորական Այցը Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանին

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Շնորհաւորական Այցը Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանին

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Երետփոխանական ժողովին կողմէ երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ Վերընտրութեան առթիւ։ Բիւրոյի ներկայացուցչական կազմը կը գլխաւորէր՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր...

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցաւ Կուսակցութեան Մարզային Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցաւ Կուսակցութեան Մարզային Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն

19 սեպտեմբերի 2020-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ կուսակցութեան մարզային կառոյցներու  ներկայացուցիչներու ընդլայնուած խորհրդակցութիւն: Օրակարգի վրայ էին երկրի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, քաղաքական իշխանութեան գործունէութեան գնահատականը եւ Դաշնակցութեան յառաջիկայ ընելիքները: Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կատարուեցան հետեւեալ հաստատումները. - Տարածաշրջանային ահագնացող սպառնալիքներուն զուգընթաց, երկիրը կանգնած է արտաքին քաղաքական մեկուսացման վտանգին  առջեւ: Արցախեան բանակցային գործընթացին մէջ...

Նաղդալեան. «Ազրպէյճան Պէտք Է Պատրաստուի Խաղաղ Միջոցներով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման»

Նաղդալեան. «Ազրպէյճան Պէտք Է Պատրաստուի Խաղաղ Միջոցներով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման»

Ազրպէյճանի նախագահի` «Աբշերոն» հանքավայրին մէջ ծովային գործողութիւններու հիմնարկէքի արարողութեան ժամանակ կատարած յայտարարութիւնները խորապէս հիասթափեցնող են: Անոնք ցոյց կու տան դրացի երկրի ղեկավարի անկարողութիւնը` սթափ եւ առանց ցաւագին յոյզերու ընկալելու ստեղծուած իրականութիւնը եւ իր սեփական դերակատարութիւնը ունենալու այդ իրականութեան ձեւաւորման մէջ: Այս մասին նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան: «Նմանօրինակ հռետորաբանութիւն, ուր առկայ են բացայայտ անհիմն եւ...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 29-ամեակին Նուիրուած Հանրապետական Մաղթանք

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 29-ամեակին Նուիրուած Հանրապետական Մաղթանք

Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթողին առջեւ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին: Ս. պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու...

Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 18 սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը` ընդհանուր  քարտուղար Վահագն Մելիքեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, քննարկուած է արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է գործընկեր կառոյցներու  սերտ եւ փոխհամակարգուած աշխատանքը`...

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

Երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի կայուն բարգաւաճման 8-րդ միջազգային առցանց վեհաժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկիրներու նախագահներ եւ ղեկավարներ: Վեհաժողովին նպատակն էր քննարկել «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքները յաղթահարելու ուղիները եւ իրականացնել յառաջիկայ տասնամեակին համար նախատեսուած կայուն զարգացման համար ճշդուած նպատակները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` աշխատելու...

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն հարց տուաւ, թէ ո՞ւր են այսօր նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ամիս մը ետք եւ ի՞նչ կ՛ընեն այն քաղաքացիներուն համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները, սեփականութիւնները: Թերզեան մեղադրեց, որ անոնք կրկին կը դիմեն եւ կ՛ապաւինին մոռացկոտութեան սկզբունքին` կարծելով, որ ատիկա կը լռեցնէ կորուստի ցաւը: Թերզեան անընդունելի նկատեց, որ աղէտէն աւելի քան...

Ժիպէյլ.  Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդասիրական Գիտութիւններու Միջազգային Կեդրոն

Ժիպէյլ. Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդասիրական Գիտութիւններու Միջազգային Կեդրոն

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը հաղորդէ, թէ 18 սեպտեմբերին դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Ժիպէյլի մէջ տեղակայուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդասիրական գիտութիւններու  Միջազգային կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ վերջինիս տնօրէն Տարինա Սալիպա-Ապի Շըտիտի հետ: Ջերմ եւ բարեկամական զրոյցի մը ընթացքին քննարկուեցան մշակութային, կրթական եւ ֆրանսախօսութեան ոլորտին մէջ հետագայ  համագործակցութեան հեռանկարներ: Զրուցակիցները մանրամասնութիւններ քննարկեցին 21 սեպտեմբերին Խաղաղութեան միջազգային օրուան նուիրուած միացեալ ձեռնարկին վերաբերեալ, որ պիտի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

Այս հաստատումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ` թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ: Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին...

Արցախի Նախագահը Այցելեց Սահմանային Տարբեր Հատուածներ

Արցախի Նախագահը Այցելեց Սահմանային Տարբեր Հատուածներ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ, 16 սեպտեմբերին այցելեց սահմանային տարբեր հատուածներ եւ ծանօթացաւ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին: Լուրը հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Նախագահ Յարութիւնեան նշեց, որ հանրապետութեան արտաքին անվտանգութեան խնդիրները միշտ ալ կը գրաւեն կառավարութեան ուշադրութիւնը, իսկ անոնց լուծման ուղղութեամբ ջանքեր պիտի չխնայուին: Նախագահը նշեց նաեւ, որ հակառակորդի որեւէ արկածախնդրութիւն...

Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Ատիպի Հանդիպումին` Յաւելեալ Ժամանակ Տրամադրել Խորհրդակցութիւններու

Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Ատիպի Հանդիպումին` Յաւելեալ Ժամանակ Տրամադրել Խորհրդակցութիւններու

Ըստ նոր նշանակուած վարչապետ Մուսֆաթա Ատիպի մօտիկ աղբիւրներու, վարչապետը յայտնած է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու մեծ մասին հետ կայացած համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք` իրեն յանձնարարուած է շատ արագ ժամանակամիջոցի մէջ կազմել մասնագէտներէ, ոչ քաղաքական գործիչներէ բաղկացած կառավարութիւն եւ անմիջապէս սկսիլ բարեփոխումներու գործադրութեան: Ըստ վարչապետին, այս հիմամբ գործելու նպատակը ո՛չ մէկ կարծիքի առանձնաշնորհումն է, ոչ ալ լիբանանեան քաղաքական բաղադրիչներէն մէկուն թիրախաւորումը, այլ`...

«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ մարմինի տարած աշխատանքին: Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով ան իր հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք վեհափառ հայրապետին պատգամը: Ես կ՛ուզեմ այս առիթով կարեւորութեամբ հինգ կէտեր շեշտել.- 1) Կ՛ուզեմ իմ բարձր...

Յարձակում Մը Եւս Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնին Վրայ

Յարձակում Մը Եւս Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնին Վրայ

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցած են, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով, կը տեղեկացնէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։ Հայ կեդրոնին մէջ կայ «Վասպուրական» սրահը եւ եկեղեցոյ ու շրջանի կազմակերպութիւններու գրասենեակները։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի հրշէջներուն եւ օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային...

Page 415 of 797 1 … 414 415 416 … 797

Արխիւներ