Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մնացականեան-Պայրամով Հանդիպումը

October 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

30 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է նաեւ Մնացականեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ:

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն
Յայտարարութիւնը

Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումին հիմամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է խաղաղ բնակչութեան եւ ոչ ռազմական կառոյցները չթիրախաւորելու վերաբերեալ: Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Համանախագահները կրկին կոչ ուղղած են կողմերուն` ամբողջութեամբ կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները, ներառեալ մարդասիրական հրադադարի անյապաղ հաստատումը, Մոսկուայի 10 հոկտեմբերի  միացեալ յայտարարութեան համաձայն, որ կողմերը հաստատած են 17 հոկտեմբերին Փարիզի եւ 25 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ», ընդգուած է յայտարարութեան մէջ:

Ինչպէս կը նշուի համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան մէջ` առանց կրակի դադրեցման կամ այլ պարտաւորութիւններու կատարման վնասելու, կողմերը պայմանաւորուած են շտապ կարգով շարք մը քայլերու ձեռնարկել.

1.- Կողմերը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան, դիտաւորեալ յարձակում չեն գործեր  քաղաքացիական բնակչութեան կամ ոչ ռազմական կառոյցներու վրայ.

2.- Կողմերը աշխուժօրէն պիտի մասնակցին ռազմի դաշտին մէջ զոհուածներու աճիւններու փոխանակման իրականացման` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան (ԿԽՄԿ) եւ PRCiO-ին տրամադրելով անվտանգութեան անհրաժեշտ երաշխիքներ.

3.- Կողմերը ԿԽՄԿ-ին եւ PRCiO-ին մէկ շաբթուան ընթացքին  պիտի փոխանցեն ներկայիս պահպանութեան տակ գտնուող ռազմագերիներու ցուցակը` հետագայ փոխանակումը ապահովելու նպատակով.

4.- Կողմերը գրաւոր պիտի ներկայացնեն 10 հոկտեմբերի միացեալ  յայտարարութեան 2-րդ կէտին համապատասխան հրադադարի ստուգման հնարաւոր մեքանիզմներու հետ կապուած մեկնաբանութիւնները եւ հարցերը.

«Կողմերը միտքերու բաց եւ առարկայական փոխանակում ունեցեր են` ուղղուած համապարփակ կարգաւորման առանցքային տարրերու շուրջ իրենց բանակցային դիրքորոշումներու յստակացման` 10 հոկտեմբերի միացեալ յայտարարութեան 3-րդ կէտին համապատասխան: Համանախագահները պիտի շարունակեն աշխուժ աշխատանքը կողմերուն հետ` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ»,  նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Նախկին Նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Ռոպերթ Քոչարեան Կը Փափաքին Մոսկուա Այցելել

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Լուրջ Վնասներ Կը Պատճառէ Ազրպէյճանական Հետախուզական – Ներթափանցող Խումբերուն

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.