Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Ֆալքոն Շարժում – Միջազգային Ընկերվարական Կրթութիւն» Կազմակերպութեան Յայտարարութիւնը

November 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով «Միջազգային Ֆալքոն շարժում – Միջազգային ընկերվարական կրթութիւն» կազմակերպութիւնը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«Միջազգային Ֆալքոն շարժում – Միջազգային Ընկերվարական կրթութիւն» կազմակերպութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակումները Արցախի վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութիւնը այս գործողութիւններուն: Արդէն աւելի քան մէկ ամիս է Ազրպէյճանը սկսած է լայնածաւալ, սադրիչ յարձակում Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) եւ Հայաստանի դէմ: Ազրպէյճանը կը պատերազմի համաշխարհային համաճարակի ժամանակ, երբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը համընդհանուր զինադադարի կոչ յղած է ամբողջ աշխարհին: Զինադադարի այս խախտումը կոպտագոյնն է 1994-էն այս կողմ, երբ եռակողմանի պայմանագիր կնքուեցաւ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ:

Իսկ այս պատերազմի ժամանակ, երկու շաբաթուան ընթացքին, արդէն երրորդ անգամ Ազրպէյճանը կոպտօրէն կը խախտէ հրադադարի իւրաքանչիւր պայմանաւորուածութիւն: Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ պատերազմը թափ կը հաւաքէ շարունակելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերու հրթիռակոծումները` խոցելով դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ եկեղեցիներ: Թուրքիան հրապարակայնօրէն կը յայտարարէ իր անվերապահ աջակցութեան մասին Ազրպէյճանին եւ կը շարունակէ ռազմական բազմապիսի օգնութիւնները: Այսպիսով, Թուրքիան կը դառնայ շրջանի կայունութիւնը խաթարող երկիր եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ պատերազմ կը մղէ հազարաւոր վարձկաններ ու իր զինուորական յատուկ ջոկատայինները այնտեղ ուղարկելով:

Հայ ժողովուրդի զոհերուն թիւը արդէն կը գերազանցէ հազարը, որոնց մէջ կան նաեւ մեծ թիւով քաղաքային անձեր: Ամէնէն մտահոգիչ յարձակումները եղած են բնակավայրերու եւ քաղաքներու ենթակառուցուածքներու վրայ:

Արցախի բնակչութեան գրեթէ կէսը` 70.000 մարդ տեղահանուած է դէպի Հայաստան: Ցաւօք, այս պատերազմի զոհ են նաեւ երեխաները: Ազրպէյճանի բռնարարքները ուղղուած են յատկապէս դպրոցներու, մանկապարտէզներու, մանկամսուրներու եւ կրթական այլ հաստատութիւններու դէմ, որոնք անխնայ կ՛ոչնչացուին: Արցախցի 24.000 երեխայ զրկուած է իր տարրական իրաւունքէն, այն է` կրթութեան իրաւունքը, որ կ՛ապահովէ ՄԱԿ-ի երեխաներու մասին հռչակագիրներու միջոցով աշխարհի բոլոր երեխաներուն համար:

28 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի հրթիռակոծութեան հերթական նշանակէտն էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ծննդատունը:

Այս պահուն արդէն մեծ թիւով երեխաներ պատերազմի հետեւանքներու  զոհ դարձած են: Անոնց մէկ մասը տեղահանուած է, իսկ միւս մասը` տակաւին կը թաքնուի հրթիռներէ եւ հրետանիի արկերէ:

Միջազգային Ֆալքոն շարժում կազմակերպութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները եւ յարձակումները Արցախի վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութիւնը այս գործողութիւններուն եւ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս եւ ամբողջութեամբ դադրեցնելու թշնամական բռնարարքները Արցախի երեխաներուն հանդէպ:

Միջազգային Ֆալքոն շարժում կազմակերպութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը ծննդատուներու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու եւ այլ կրթօճախներու դէմ:

Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամին` ստիպելու Ազրպէյճանին ձեռնպահ մնալ մանկական կրթական-ստեղծագործական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելէ:

Կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ` համապատասխան գործողութիւններ իրականացնելու Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը կանխելու համար` երեխաներու  իրաւունքները հետագայ ոտնձգութիւններէ պաշտպանելու ուղղութեամբ:

Միջազգային Ֆալքոն շարժում կազմակերպութիւնը կը յարգէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Այս պատերազմը կը վնասէ Արցախի ժողովուրդին, բայց նախ եւ առաջ եւ ամէնէն շատը Արցախի երեխաներուն, որոնք ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքը  ունին իրենց պապենական հողերուն վրայ:

Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան` ներդնելու բոլոր ջանքերը իրավիճակի լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ կողմերուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ գործող բանակցութիւններու  սեղան վերադարձնելու համար:

Վերջապէս, Միջազգային Ֆալքոն շարժում կազմակերպութեան անդամ` ՀՅԴ Երիտասարդական կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ անդամ բոլոր կազմակերպութիւններուն` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը, քանի որ ատիկա միակ ճամբան է հայերը  ազգային զտումներէ փրկելու համար:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 87.097-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1888 Պարագաներ

Յաջորդը

Հայկական Զինեալ Ուժերը Կը Նախաձեռնեն Դէպի Շուշի Յառաջացող Թշնամական Ներթափանցման Խումբերու Ոչնչացման Գործողութեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.