Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Ձախողեցնէ Թշնամիին Բոլոր Յարձակողական Գործողութիւնները

Նոյեմբեր 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ կայուն ծանր:

Պաշտպանութեան բանակը 2 նոյեմբերին հրապարակեց զոհուած զինուորներու անուններ: Մարտերուն ընթացքին զոհուած են պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար, գնդապետ Արթուր Սարգսեան եւ Արցախի հերոս, գնդապետ Սերկէյ Շաքարեան: Լուրը հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը: 4 հոկտեմբերին գնդապետ Շաքարեան արժանացած էր Արցախի հերոսի կոչման:

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հայկական կողմը տապալած է օրուան ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն բոլոր յարձակողական գործողութիւնները: 2 նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ երեկոյեան եւս մարտերը կը շարունակուին: Ընդհանուր առմամբ 2 նոյեմբերի յարձակողական գործողութիւնները, որոնք երեք-չորս ուղղութեամբ եղած են, տապալած են: Մարտունիի ուղղութեամբ թշնամին կրցած է վերցնել մէկ-երկու դիրք` Մարտունիէն հարաւ` Ճարտարի ուղղութեամբ: Կիրարկուած են վաշտ, գումարտակ չափի ստորաբաժանումներ: Աշխուժ կերպով կը գործածուի օդուժ, քանի մը բնակավայրեր ռմբակոծուած են:

Յովհաննիսեան նշեց, որ իրավիճակը վերահսկելի է, հակառակորդին շարժումները, վերախմբաւորումները կը նկատուին եւ հիմնականին մէջ հրետանիի կրակով կը խոցուին:

Պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ 1-2 նոյեմբեր լուսցող գիշերը թէժ մարտեր ընթացած են ազրպէյճանական-արցախեան ճակատային գիծի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ: Երկու հանգուցային դիրքերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը վաշտի կազմով ձեռնարկած է յարձակման, որ միջդիրքային յամառ մարտերու իբրեւ արդիւնք բանակային ստորաբաժանումներուն կողմէ կասեցուած է: Թշնամին մեծ կորուստներով դիմած է փախուստի: Փախչող թշնամին արգելափակուած է ձորերէն մէկուն մէջ, եւ հայկական ուժերը ականանետային դիպուկ կրակով շարունակած են վերջինիս լիակատար ոչնչացման գործողութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի պատասխանատու Սուրէն Սարումեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի նկատմամբ կրկին կիրարկած են իրենց տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ ամբողջ զինանոցը:

«Անոնք հիմնականին մէջ Շուշիի ուղղութեամբ եղած են, սակայն, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը լարուած եղած է ամբողջ ռազմաճակատին վրայ: Բացի ատկէ, թշնամին կրկին անօդաչու թռչող սարքեր փորձած է կիրարկել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մերձակայքը, բայց այդ սարքերը հակաօդային պաշտպանութեան  ստորաբաժանումներու կողմէ խոցուած են», յայտնեց Սուրէն Սարումեան:

Ըստ անոր, հակառակորդը օրուան ընթացքին շարունակած է հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերուն: Հարաւարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է սահմանագիծին մօտեցնել զրահամեքենան: Բանակի ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած գործողութիւններուն շնորհիւ խոցուած է թշնամական 1 հրասայլ, իսկ մնացածները քաշուած են:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի հերոսներ Վլատիմիր Բալայեանի եւ Շահէն Մեղրեանի անուան կամաւորական ջոկատներու ազատամարտիկներու հետ:

«Հայոց պատմութեան այս կարեւորագոյն շրջափուլին մէջ, երբ վտանգուած են մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու մեր ազգային շահերը, անոնց դերակատարութիւնը անգնահատելի է, ինչպէս եղած է Վլատիմիր Բալայեանի ու Շահէն Մեղրեանի պարագային: Հայրենի հողի փրկութեան համար անոնց գործած սխրանքներուն մասին խօսելու դեռ շատ առիթներ պիտի ունենանք, բայց յընթացս պարտաւոր ենք հանդիպիլ, քննարկել իրավիճակը եւ պարգեւատրել», նշեց Արցախի նախագահը:

Նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ Շահէն Մեղրեանի անուան` շահումեանցիներէ կազմուած կամաւորական ջոկատի տղաները` հրամանատար Ռոլանտ Այտինեանի գլխաւորութեամբ, Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղի շրջակայքը նախորդող օրերուն մերձամարտ վարած են 22 հոգիէ կազմուած թրքական յատուկ նշանակութեան ջոկատի մը հետ` վերացնելով անոնցմէ 20-ը: Միայն երկուքը կրցած են փախուստ տալ: «Հրամանատարը կ՛ըսէ, որ, մեծ ցանկութեան պարագային, կրնային նաեւ այդ երկուքն ալ վերացնել, բայց աչքերով տեսածի մասին իրենց շրջապատին պատմելու կարելիութիւն տուած են: Փա՛ռք մեր հայրենիքի հերոս պաշտպաններուն», նշեց Պօղոսեան:

Վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներգրաւումը Արցախի դէմ ծաւալած յարձակումներուն մէջ սպառնալիք է ո՛չ միայն Արցախի եւ Հայաստանի, այլ նաեւ միջազգային անվտանգութեան, եւ այս խնդիրը պէտք է դառնայ միջազգային հետաքննութեան առարկայ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Արձանագրենք` 10 միլիոն բնակչութիւն եւ նաւթային ահռելի եկամուտներ ունեցող Ազրպէյճանը 2020 թուականի յուլիսէն ետք ինքն իրեն խոստովանեցաւ, որ ի վիճակի չէ սեփական ուժերով լուծել իր անվտանգութեան խնդիրները, եւ դիմեց հազարաւոր վարձկաններու  օգնութեան, որուն համապարփակ ապացոյցները մենք արդէն ունինք», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` 2 նոյեմբերին ստորագրած հրամանագիրին համաձայն, Լեւոն Գրիգորեան զերծ կացուցուեցաւ Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնէն: Այդ նախարարին պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս վերապահուած են փոխնախարար Արմէն Թովմասեանին: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր  վարչութիւնը:

Նախագահ Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագիրով` վաղաժամկէտ դադրեցուած են Արցախի Հանրապետութեան հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնախումբի նախագահ Արտակ Միրզոյեանի լիազօրութիւնները` անոր դիմումին համաձայն:

Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելէ բացի, ազրպէյճանական-թրքական ուժերը Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններու անտառային գօտիներուն մէջ կիրարկած են հրկիզող հրթիռներ:

2 նոյեմբերին` ժամը 18:10-ի շուրջ, ազրպէյճանական կողմը հրետանային միջոցներէ կրակ արձակած է Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերուն եւ Դաւիթ Բեկ բնակավայրին ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են մէկ զոհ եւ երկու վիրաւորներ:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 2 նոյեմբերին յայտարարած է, որ, շարունակաբար խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթները, Ազրպէյճանը թիրախաւորած է Արցախի շարք մը քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառուցուածքներ: Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այս մասին հաղորդագրութիւն մը տարածած է:

Նախորդը

Ռուսիոյ Նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի Լուծման Հարցով Առանձին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Խաղաղապահական Հանգոյցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ  Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն,  Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ  Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»
Հայկական

Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն, Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?