Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Իսրայէլը Մարդասիրական Օգնութիւնը Թող Ուղարկէ Վարձկաններուն Եւ Ահաբեկիչներուն` Իբրեւ Իր Գործունէութեան Տրամաբանական Շարունակութիւն»

Նոյեմբեր 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան ընդհանուր առմամբ գոհ է Ռուսիոյ` պարտաւորութիւններու կատարման որակէն: «Տը Ճերուզալեմ փոսթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Լրագրողը հարցուց, թէ Հայաստան ի՞նչ աջակցութիւն կ՛ակնկալէ Ռուսիայէն, որուն ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Գիտէք, մենք ունինք դաշնակցային յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ եւ ունինք պայմանագիր համագործակցութեան վերաբերեալ: Այդ պայմանագիրը կը նախատեսէ անվտանգութեան ընդհանուր մարտահրաւէրներուն ընդհանուր դիմակայում: Ես այս ընթացքին մնայուն կապի մէջ եղած եմ  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Մենք անընդհատ խորհրդակցութիւններու մէջ եղած եւ հետեւած ենք զարգացումներուն: Եւ քանի որ ռազմական գործողութիւնները մօտեցած են Հայաստանի սահմանին, եւ կայ սպառնալիք, որ այդ գործողութիւնները կրնան  անմիջական վտանգ ներկայացնել Հայաստանի տարածքին համար, մենք պայմանագիրով նախատեսուած ընթացակարգեր մեկնարկած ենք, որպէսզի շարունակենք մեր խորհրդակցութիւնները` իրավիճակի հետագայ կառավարման վերաբերեալ:

«Իսկ ընդհանուր առմամբ կրնանք ըսել, որ Ռուսիան այս իրավիճակին մէջ Հայաստանին աջակցելու համար կ՛ընէ այն ամէնը, ինչ որ կարելի է այս պահուն: Եւ Հայաստանը ընդհանուր առմամբ գոհ է Հայաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ պարտաւորութիւններու կատարման որակէն»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր յիշատակած անվտանգութեան մեքանիզմի ծիրին մէջ հաւանակա՞ն է, որ Ռուսիա զօրք ուղարկէ Հայաստանի սահման` Փաշինեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ զօրքերը արդէն կը գտնուին Հայաստանի սահմաններուն վրայ, եւ ատիկա նորութիւն չէ:

«Անոնք միշտ ալ այստեղ եղած են, եւ Հայաստանի տարածքին մէջ Ռուսիան ունի 102-րդ ռազմակայանը: Բացի 102-րդ ռազմակայանէն, արդէն ըսի, որ Հայաստանի սահմանները` մասնաւորապէս, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանները կը պահպանուին ռուսական սահմանապահ զօրքերուն կողմէ: Եւ այժմ ռուս սահմանապահները ներկայացուցիչներ ունին նաեւ մեր սահմանի այլ հատուածներուն մէջ», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:

Լրագրողը հարցուց, որ ներկայիս ո՞վ լաւապէս կը համապատասխանէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի միջնորդի դերին եւ ո՞վ պէտք է ներգրաւուի` իրավիճակը հանգստացնելու համար: Վարչապետը յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ Ղարաբաղի հարցի լուծման միակ միջազգային ձեւաչափը: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ գործնականին մէջ Ռուսիա հիմա ամէնէն աշխուժ միջնորդական ջանքեր գործադրող պետութիւնն է: «Եւ սա ինչ որ տեղ հասկնալի է, որովհետեւ Ռուսիան անմիջապէս շրջանին մէջ ներկայ է, Ռուսիան ինքը մեր շրջանի երկիր է», յայտնեց Փաշինեան:

Պատասխանելով «Տը Ճերուզալեմ փոսթ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք մարդասիրական օժանդակութեան շրջագիծին մէջ կա՞յ որեւէ բան, որ Իսրայէլը կրնայ ընել Հայաստանի համար, վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է. «Ի՞նչ կը նշանակէ մարդասիրական աջակցութիւն  երկրի մը կողմէ, որ վարձկաններուն կը վաճառէ զէնքեր, որոնց միջոցով վարձկանները կը հարուածեն խաղաղ քաղաքացիական բնակչութիւնը:  Ես կ՛առաջարկեմ, որ Իսրայէլը այդ օգնութիւնը ուղարկէ վարձկաններուն եւ ահաբեկիչներուն` իբրեւ իր գործունէութեան տրամաբանական շարունակութիւն»:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Օ՛Պրայընէն Պահանջեց Աւելի Հաստատ Քայլեր Որդեգրել` Պաքուի Ոճիրները Կասեցնելու Համար

Յաջորդը

Փալերմոյի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?