Գլխաւոր լուրեր

Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի

Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի ուղերձը. «Դաշնակցութեան համար շարունակում է անընդունելի մնալ տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը: Դաշնակցութեան համար անընդունելի է առանց Արցախի անկախութեան ճանաչման` հակամարտութեան լուծման որեւէ տարբերակ: Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, ինչպէս նախկինում եւս անընդունելի է եղել, հարցի փուլային լուծման շրջանառուող որեւէ տարբերակ: Մենք այս պատերազմում չյաղթելու իրաւունք չունենք: Մենք պատասխանատու ենք մեր սերունդների...

«Անհրաժեշտ Է Լիբանանահայութիւնը Ներկայացնել Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ»   Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Անհրաժեշտ Է Լիբանանահայութիւնը Ներկայացնել Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգելու իր պահանջին նպատակն էր կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններու զօրակցութիւն ապահովել նոր նշանակուելիք վարչապետին: Ան աւելցուց, որ նախորդ օրերուն կեցուածքներու փոփոխութիւն չէ արձանագրուած: Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի վարչապետի նշանակման...

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Դիւանը Եւ Համալրեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերը

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Դիւանը Եւ Համալրեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերը

Օրէնսդրական Նիստ Տեղի Չունեցաւ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին ընտրուեցան խորհրդարանի դիւանի երկու քարտուղարներ, ինչպէս նաեւ համալրուեցան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը` 8 հրաժարեալ երեսփոխաններուն փոխարէն այլ երեսփոխաններու ընտրութեամբ: Այս ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ եւ արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար: Ապա խորհրդարանը ընտրեց...

Ազգային Թաղում Կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանին

Ազգային Թաղում Կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ եւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յուղարկաւորութեան եւ ազգային թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Այս առիթով արտասանուեցան դամբանականներ` ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ:  

Ազրպէյճանական Յարձակումին Հայոց Բանակը Կը Շարունակէ Ուժգին Հակազդել

Ազրպէյճանական Յարձակումին Հայոց Բանակը Կը Շարունակէ Ուժգին Հակազդել

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիեւ Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Հանդիպելու Երէկ` երկուշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2020-ին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցներու ընթացքին թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած են, որ պատրաստ են հանդիպիլ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներ գտնելու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատասխանեցին, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, Մոսկուայի մէջ հանդիպելու պատրաստակամութեան...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամները Հանդիպում Ունեցած Են Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, թէ 19 հոկտեմբերին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Արցախի ներքին իրավիճակը, ռազմաճակատի առկայ իրադրութիւնը: Յատուկ անդրադարձ կատարուած է տիրող իրավիճակին մէջ կտրուկ բեկում մտցնելու հնարաւորութիւններուն:

Փոմփէոյի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին`  «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Ծովային Եւ Ցամաքային Իր Իրաւունքներուն, Նաեւ` Գերիշխանութեան Պահպանումին»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Փոմփէոյի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Ծովային Եւ Ցամաքային Իր Իրաւունքներուն, Նաեւ` Գերիշխանութեան Պահպանումին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Փոմփէոյի` սահմանագծումի բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու խաղցած միջնորդի դերակատարութեան համար: «Լիբանան յանձնառու կը մնայ ծովային եւ ցամաքային իր իրաւունքներուն, նաեւ ...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` 19 հոկտեմբերին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: 45 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդակցութիւններու յետաձգման լոյսին տակ ստեղծուած կարելիութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան, եւ ներկայացուց այն դժուարութիւնները, որոնք պատճառ դարձան նախորդ հինգշաբթի օր նախատեսուած խորհրդակցութիւններու յետաձգման` նշելով, թէ...

«Սփիւռքը Կարեւոր Դեր Ունի Արցախի Միջազգային Ճանաչման Մէջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սփիւռքը Կարեւոր Դեր Ունի Արցախի Միջազգային Ճանաչման Մէջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակին մէջ շեշտեց. «Արցախի միջազգային ճանաչման ժամը հնչած է: Յատկապէս սփիւռքը, իր քարոզչական ու յարաբերական լայն կարելիութիւններով կոչուած է Արցախի ճանաչման դրօշը բարձր պահել: Արդարեւ, քաղաքներու, նահանգներու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ճանաչման գծով առնուած որեւէ քայլ իր կարեւոր նպաստը կրնայ ունենալ միջազգային համայնքին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման մէջ»: Ապա ան...

Սփիւռքահայութիւնը` Արցախի Կողքին Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պահանջատէր

Սփիւռքահայութիւնը` Արցախի Կողքին Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պահանջատէր

Սփիւռքի հայութիւնը կը շարունակէ Արցախին ու արցախահայութեան զօրակցող, ազրպէյճանական-արցախեան սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները դատապարտող եւ իրենց ապրած երկիրներէն այս բոլորին արձագանգել պահանջող ցոյցերը, հաւաքները եւ տարբեր նախաձեռնութիւնները: - Սուրիոյ երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 18 հոկտեմբերին աւելի քան 1500 հալէպահայեր հաւաքուեցան Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակը` Հալէպէն իրենց զօրակցական կոչը ուղղելով Արցախի անկախ հանրապետութեան, անոր յաղթական բանակին ու ժողովուրդին: Ազգային-յեղափոխական...

Ազրպէյճան Անգամ Մը Եւս Չյարգեց  18 Հոկտեմբերին  Նախատեսուած Հրադադարը  Եւ Շարունակեց Իր Յարձակումները

Ազրպէյճան Անգամ Մը Եւս Չյարգեց 18 Հոկտեմբերին Նախատեսուած Հրադադարը Եւ Շարունակեց Իր Յարձակումները

Շաբաթ, 17 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը որոշած են 18 հոկտեմբերին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը` 00:00-էն սկսեալ, հաստատել մարդասիրական հրադադար: «Այս որոշումը տրուած է` ի շարունակութիւն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները ներկայացնող Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն 1 հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերի հետ խորհրդակցութիւնների շրջանակում ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը հոկտեմբերի 17-ին հանդիպել է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքում քննարկուել է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը: ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ 17 հոկտեմբեր 2020

Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը  Հանդիպում Ունեցած Է Արարատ Միրզոյեանին Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Արարատ Միրզոյեանին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը 18 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանին հետ: Խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան նշած է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայացուած են պատերազմական դրութեան առնչուած մտահոգութիւնները, քննարկուած են Արցախին պարտադրուած պատերազմի ընթացքին Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն ընելիքները` իրավիճակին մէջ կտրուկ բեկում մտցնելու համար: Քննարկուած են նաեւ այս...

13 Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւնը.  Հրատապ Կարգով Ստեղծել Ռազմաքաղաքական  Հարցերու Գործնական Կառավարման  Շտապ-Պետական Յատուկ Մարմին

13 Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւնը. Հրատապ Կարգով Ստեղծել Ռազմաքաղաքական Հարցերու Գործնական Կառավարման Շտապ-Պետական Յատուկ Մարմին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 17 հոկտեմբերին ուղիղ սփռումով ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող մէկ տասնեակէ աւելի քաղաքական ուժերուն կողմէ ընդունուած յայտարարութիւնը, զոր կը հրապարակենք ստորեւ: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի կողմից սանձազերծուած պատերազմի 20-րդ օրն է: Համայն հայ ժողովուրդը, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը, մէկտեղել են իրենց կարողականութիւնը` դիմագրաւելու մեր երկու պետականութիւնների դէմ ուղղուած գոյապահպանական սպառնալիքը: Ազրպէյճանաթուրքական յարձակումը` միջազգային ահաբեկչական...

Յայտնելով, Որ Երեքշաբթի Գիշեր Կը Յստականայ  ՀՅԴ-ին Կեցուածքը.  Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Ոք Մեզմէ Պահանջեց,  Որ Խորհրդակցութեանց Յետաձգում Առաջարկենք»

Յայտնելով, Որ Երեքշաբթի Գիշեր Կը Յստականայ ՀՅԴ-ին Կեցուածքը. Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Ոք Մեզմէ Պահանջեց, Որ Խորհրդակցութեանց Յետաձգում Առաջարկենք»

«Ժողովրդավար Եւ Մարդկային Իրաւունքներէն Խօսող Երկիրներ Լոկ Յայտարարութիւններով Կը Բաւարարուին, Մինչ Ժողովուրդ Մը Ամբողջ Յաչս Աշխարհին, Կը Ջարդուի» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի «Ու հալլա շո՞ւ» յայտագիրին ընթացքին խօսեցաւ կառավարութեան կազմութեան մասին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Լիբանանեան առումով ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան եւ նոր...

Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը Ցոյցերով Եւ Տարբեր  Միջոցներով Օտարներուն Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց  Ազրպէյճանական-Թրքական Յարձակումներուն

Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը Ցոյցերով Եւ Տարբեր Միջոցներով Օտարներուն Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց Ազրպէյճանական-Թրքական Յարձակումներուն

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը շարունակէ Արցախին ու արցախահայութեան զօրակցող, 27 սեպտեմբերէն ի վեր ազրպէյճանական-արցախեան սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի` Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութեամբ, սանձազերծած յարձակումները, քաղաքացիներու ռմբակոծումները դատապարտող եւ իրենց ապրած երկիրներէն այս բոլորին արձագանգել պահանջող ցոյցերը, հաւաքները եւ տարբեր նախաձեռնութիւնները: - Արդարեւ, շաբաթավերջին Փարիզի մէջ կազմակերպուեցաւ բազմահազարանոց ցոյց` ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն եւ ի աջակցութիւն Արցախի` պահանջելով, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:...

Լիբանանահայութիւնը Կը Մասնակցի «Գոյամարտը Յաղթելու Ենք»  Ժողովրդային Հանգանակութեան

Լիբանանահայութիւնը Կը Մասնակցի «Գոյամարտը Յաղթելու Ենք» Ժողովրդային Հանգանակութեան

Արցախեան պատերազմի բռնկման առընթեր, ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը տենդագին լծուած է տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ Արցախ հասցնելու աշխատանքին: ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէներ եւ կազմակերպական միաւորներ դիմած են ժողովրդային հանգանակութեան: Լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ մեր ակումբները վերածուած են դրամահաւաքի կեդրոններու, ուր ժողովուրդը կը փութայ իր մասնակցութիւնը բերելու հայրենիքին ապրած օրհասի այս օրերուն: Արդարեւ, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իր լուման ներդրելով կը հաստատէ, որ...

Հայկական Բանակը Կը Շարունակէ Խիզախօրէն Ետ Մղել Ազրպէյճանական Յարձակումները

Հայկական Բանակը Կը Շարունակէ Խիզախօրէն Ետ Մղել Ազրպէյճանական Յարձակումները

Երէկ` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկացուց, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ երեկոյեան եւս կը շարունակուին դժուար ու ծանր մարտերը, յատկապէս` հարաւային ուղղութեամբ, աւելցնելով, որ նոյն օրը կանուխ ժամերուն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ե՛ւ հիւսիսի, եւ հարաւի մէջ երկար հրետակոծումէ ետք, որուն ընթացքին կիրարկուած են նաեւ այլ օդային յարձակման...

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու  Յիշատակին Եւ Իր Համերաշխութիւնը Յայտնեց Հայ Ժողովուրդին

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Եւ Իր Համերաշխութիւնը Յայտնեց Հայ Ժողովուրդին

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին հետ, որուն հետ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, ինչպէս նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումին ընթացքին Տենտիաս փոխանցեց Յունաստանի վարչապետին ողջոյնները եւ աջակցութեան խօսքերը: Ան նշեց, որ Յունաստան կողմնակից է Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման:...

Աննախադէպ Բողոքի Ցոյցեր. Հայերը Փակեցին Եւրոպայի Միջպետական Ճամբաները` «Արցախը Հայաստան Է՛» Պաստառներ Բարձրացուցած

Աննախադէպ Բողոքի Ցոյցեր. Հայերը Փակեցին Եւրոպայի Միջպետական Ճամբաները` «Արցախը Հայաստան Է՛» Պաստառներ Բարձրացուցած

Եւրոպայի հայերը նախաձեռնած են աննախադէպ բողոքի ցոյցերու` ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտութեան եւ յանուն Արցախի ճանաչումին: Անոնք փակած են Եւրոպայի միջպետական ճամբաները: Հարիւրաւոր ցուցարար հայեր երկու ուղղութիւններով փակած են Ֆրանսա-Պելճիքա միջպետական ճամբան առաւօտեան կանուխ ժամերէն` Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արցախի տագնապին վրայ սեւեռելու նպատակով: Ցոյցին մասնակցողները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Արցախը Հայաստան է՛»: Ճամբան 1 ժամ փակ պահելէ ետք...

Page 409 of 797 1 … 408 409 410 … 797

Արխիւներ