Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհնազանդութեան Ցոյցեր Երեւանի Եւ Հայաստանի Տարբեր Շրջաններու Մէջ` Փաշինեանի Հրաժարականին Պահանջով

Դեկտեմբեր 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 դեկտեմբերին` ժամը 12:00-ին լրացաւ ընդդիմութեան ու քաղաքացիներուն կողմէ Փաշինեանին տրուած ժամկէտը` հրաժարական ներկայացնելու: Նոյն ժամէն սկսեալ Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ ծայր առին անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր, որոնց ճամբով ցուցարարները պահանջեցին ժամ առաջ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Ոստիկանները անհամաչափ ուժ կիրարկեցին ցուցարարներուն նկատմամբ, եւ շատեր բերման ենթարկուեցան: Անոնք փորձեցին կանխել ճամբայ փակելու փորձերը` բռնի ուժով հեռացնելով խաղաղ բողոքողները, անոնք նոյնիսկ արգիլեցին, որ քաղաքացիները անցնին հետիոտնային անցումով` պատճառաբանելով, թէ ճամբաները պէտք չէ փակուին: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները կը պնդէին, որ այս որոշումը անօրինական է, քանի որ ոստիկանները հրաման չունին հետիոտնային անցումը փակելու:

Աւելի քան տասնեակ մը մասնակիցներ բերման ենթարկուեցան, անոնց կարգին էին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեանն ու ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանը:  Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ համաձայն է` ոստիկանները պէտք է հասարակական կարգին հսկեն, բայց անոնք արդէն կը շրջանցեն այդ սահմանները:

Մայրաքաղաքի տարբեր փողոցներ փակելով եւ երթեւեկը կասեցնելով իրենց բողոքը արտայայտելէ ետք Երեւանի մէջ ցուցարարներու տարբեր խումբեր ուղղուեցան կառավարութեան, Հայաստանի դատախազութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) շէնքեր: ԱԱԾ-ի շէնքին առջեւ տեղադրուեցան անուշահոտեր, ժամացոյցներ, որպէսզի անոնք յանձնուին Նիկոլ Փաշինեանին, եւ ան «ի վերջոյ կշտանայ, հասկնայ, որ ԱԱԾ-ն կարելի չէ դղեակի վերածել»: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հասարակական-քաղաքական գործիչ Միհրան Յակոբեան այս մասին յայտնեց` շեշտելով, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պետութեան ողնասիւնն է, հոն  գործող սպաները տարիներ շարունակ նուիրուած են պետութեան, ուստի կարելի չէ կաշկանդել անոր աշխատանքը եւ զայն շեղել իր առաքելութենէն:

Բողոքի արտայայտութեան իբրեւ դրսեւորում ճամբաներ փակուեցան նաեւ Արարատի մարզին մէջ` Խոր Վիրապի ու Արարատ քաղաքի մօտ միջպետական ուղին, ինչպէս նաեւ Սուրէնաւան գիւղին մօտ գտնուող միջպետական մայրուղին:

Հայաստանի ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց կարգ մը ցուցարարներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ-ի անդամ Գերասիմ Վարդանեան, որ նաեւ խոշտանգումի ենթարկուեցաւ: Արարատի  մարզի շարք մը համայնքապետներ եւս, որոնք նախորդ շաբաթ կոչ ուղղած էին միանալու Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան 16 ուժերուն, ձերբակալուեցան:

Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Լոռիի մարզի մարզպետարանին շուրջ հաւաքուեցան բնակիչներ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներ: Այս առիթով խօսք առնողները` բեմագիր Սամուէլ Խալաթեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէնուհի Կիւրեղեան, Հայրենիք կուսակցութեան անդամ Վահէ Դոխոյեան, յայտնեցին, որ վարչապետ Փաշինեան այլեւս իրաւունք չունի այդ պաշտօնը վարելու, քանի որ դաւաճանած է հայ ժողովուրդին, դաւաճանած է 2018-ի համաժողովրդական պայքարի արժէքներուն:

Արագածոտնի մարզպետարանին դիմաց եւս կատարուեցաւ բողոքի ցոյց, որուն մասնակիցները մերժեցին Նիկոլ Փաշինեան անունով վարչապետ ունենալ: Ոստիկանները փորձեցին բռնի ուժով ցրել հաւաքը: ՀՅԴ-ի անդամ Ռուսլան Բարսեղեան բարձրախօսով յայտարարեց, որ կառավարութիւնը իր վարչական բոլոր լծակները կ՛օգտագործէ, որպէսզի թոյլ չտայ խաղաղ ցոյցեր իրականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

«Պէտք չունինք թուրքին գրպանը մտած վարչապետ», յայտարարեցին ցոյցին մասնակիցները` վանկարկելով` «Նիկո՛լ, դաւաճան, հող յանձնող»: Ցուցարարները կոչ ուղղեցին Արագածոտնի մարզպետին` միանալու իրենց:

Գիւմրիի կեդրոնական` Գարեգին Նժդեհի պողոտան 45 վայրկեան փակ մնաց Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն կողմէ:

Ցուցարարները նաեւ հաւաքուեցան Շիրակի մարզպետարանին դիմաց` պահանջելով, որ մարզպետն ու մարզպետարանի աշխատակիցները եւս միանան Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին: Շիրակի ոստիկանները ցոյցի ամբողջ ընթացքին հսկեցին ճամբու ամբողջ հատուածին, որեւէ սադրանք չարձանագրուեցաւ:

Գաւառի մէջ ցուցարարները շեշտեցին, որ հայ ռազմագերիներու հարցով կը զբաղի ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանը, այլ` Ռուսիոյ իշխանութիւնները, ինչ որ ամօթալի է, ուստի Փաշինեան պէտք է իսկոյն հրաժարական տայ:

«Ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս տրուեցան Արցախի տարածքները, տեսանք` ինչպէ՛ս հայերու շիրիմները կը պղծուին, եկեղեցիներուն խաչերը վար կ՛առնուին: Այդքանէն ետք մեր արժանապատուութիւնը մեզի չ՛արտօներ նման վարչապետ հանդուրժել», յայտնեցին անհնազանդութեան շարժումներուն մասնակիցները:

– Օրուան աւարտին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Դուք այսօր անգամ մը եւս ապացուցեցիք, որ Նիկոլ Փաշինեան չյաջողեցաւ գողնալ մեր արժանապատուութիւնը, մեր պատիւը: Չյաջողեցաւ վերջնականապէս սպաննել հայ ժողովուրդը», ան կոչ ուղղեց ժամը 17:00-ին դադրեցնելու անհնազանդութեան բոլոր շարժումները:

Աւելի կանուխ` օրուան սկիզբը, Սաղաթէլեան կրկին դիմեց քաղաքացիներուն` իրենց բոլոր գործողութիւնները կատարելու օրէնքի սահմաններուն մէջ, չտրուելու սադրանքներու, իրաւապահ համակարգին` ապահովելու Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ երթեր, ցոյցեր, բողոքներ ընելու իրաւունքը եւ երբեք չկատարելու Նիկոլ Փաշինեանի ապօրինի հրահանգները եւ ուժ չկիրարկելու ժողովուրդին նկատմամբ:

«Անգամ մը եւս կը դիմեմ Նիկոլ Փաշինեանին. Նիկո՛լ, ամէն պարագայի պիտի հեռանաս, հեռացի՛ր անցնցում, գոնէ այս անգամ խնայէ պետութիւնն ու պետականութիւնը: Գնա՛ անցնցում, մի՛ խաթարեր մեր երկրի ներքին կեանքը: Քու հեռանալդ կենսական անհրաժեշտութիւն է մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

– Հայրենիքի փրկութեան շարժման իրաւական յանձնախումբը օրուան աւարտին Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ուշադրութեան յանձնեց Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ 8 դեկտեմբերին խաղաղ հաւաքներ կատարող տասնեակ քաղաքացիներուն նկատմամբ պետական հարկադրանքի ոչ իրաւաչափ գործադրութեան, ապօրինի վարչական ձերբակալութիւններու եւ անհամաչափ ուժի կիրարկման փաստերը:

– Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականի պահանջին միացան 22 քաղաքական կուսակցութիւններ, Հայաստանի 202 բնակավայրեր, 500 փաստաբաններ, 10 դեսպաններ, 3 կրթական հաստատութիւններ, մեծաթիւ մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ:

– Խումբ մը եզիտի երիտասարդներու կողմէ հիմնադրուած «Սարհլտան» նախաձեռնութիւնը` արձագանգելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի կոչին, յայտարարութեամբ մը հաստատեց, որ իրենք ժողովուրդին կողքին են եւ թոյլ պիտի չտան, որ իշխանութիւնները Հայաստանը տանին կործանման: Նախաձեռնութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր եզիտիներուն` իրենց դերակատարութիւնը ունենալու հայրենիքի փրկութեան գործին մէջ, ոտքի կանգնելու եւ միանալու խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւններուն:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում. «Միասի՛Ն Փրկենք Մեր Հայրենիքը»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ռուսիոյ Նախագահէն Խնդրեց Աջակցիլ Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանագծման

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?